Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Մծբնացիի Նախատօնակը Նշուեցաւ, Եւ Անթիլիասի Մայրավանքին Տօնածառն Ու Մսուրը Լուսաւորուեցան Փոքրիկներու Հոծ Բազմութեան Մասնակցութեամբ

Դեկտեմբեր 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր Նոր տարուան յատուկ երեկոյ մը, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետին ձեռամբ եւ փոքրիկներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում, ինչպէս նաեւ խրախճանք եւ նուէրներու բաշխում:

Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած Ս. Յակոբ Մծբնացիի եւ Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ հայրապետին մասունքները: Նախատօնակի աւարտին, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնեց, որ Ս. Յակոբ Մծբնացի ժողովրդային սուրբ է, որովհետեւ ժողովուրդը ի՛նք տեսած է անոր կեանքին մէջ աստուածային ներկայութիւնը, վկայութիւնն ու առաքելութիւնը, հետեւաբար սուրբ կոչած է զայն: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ այս եղած է պարագան հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն: «Մենք ուրախ ենք եւ հպարտ, որ պատմութեան ընթացքին, մեր եկեղեցւոյ սուրբերը ո՛չ միայն ժողովրդային, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին կողմէ վկայուած, հաստատուած ու հռչակուած եղած են», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը: Խօսելով Ս. Յակոբ Մծբնացիի մասին` վեհափառ հայրապետը նշեց, որ սուրբը մեր ժողովուրդի պատմութեան խորերէն կու գայ` յիշեցնելու, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր սրբութեան կեանքը պէտք է ապրի: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ այս տօնը ըլլայ յիշեցում եւ միաժամանակ հրաւէր` ազգային արժէքներով շաղախուած եւ սրբազան իտէալներով թրծուած կեանք մը ապրելու, ու շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող բոլոր հայորդիները` յանձնարարելով, որ Ս. Յակոբին կեանքէն ճառագայթող ճշմարտութիւններն ու սկզբունքները իրենց կեանքին կիզակէտը դարձնեն:

Նախատօնակէն ետք տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւն: Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը ձեռնարկեց Կաղանդի ծառին եւ մսուրին լուսաւորումին: Ասոր զուգահեռ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն եւ մայրավանքին շրջափակէն հնչեցին տօնական երգեր:

Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին անունով Ժանին Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն. ան գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ առատ եւ օրհնաբոյր շնորհներուն համար եւ ըսաւ, թէ տօնախմբութեամբ մենք կը պատրաստուինք դիմաւորել խորին խորհուրդը` Աստուծոյ Որդիին ծնունդը: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ երկրորդ տարին ըլլալով Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կեանքի կը կոչէ նման հոգեպարար ձեռնարկներ:

Տօնախմբութիւնը Կաղանդի երգերով ճոխացուցին ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերը եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Եութ Պենտը», ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան հեքիաթներու զանազան կերպարները, որոնք փոքրիկներուն հետ խաղացին ու պարեցին: Երեխաները նաեւ վայելեցին Լիբանան ժամանած Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնին տիկնիկները: Յայտնենք, որ կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկներն ալ իրենց բաժինը ունեցան այս տօնախմբութեան մէջ` իրենց ձեռային աշխատանքներուն եւ գծագրութիւններուն ցուցադրութեամբ:

Անշուշտ երեկոյեան սիրելի հիւրերը` Կաղանդ պապուկները, մասնակցեցան տօնախմբութեան ու նուէրներ բաժնեցին բոլոր ներկաներուն:

Նշենք, որ տօնախմբութիւնը ունէր նաեւ ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած հիւրասիրութեան կրպակներ, որոնք տրամադրուած էին եկեղեցասէր նուիրատուներու կողմէ, իսկ տօնախմբութիւնը յաջողցնելու համար եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած կամաւոր բանակը ջանք չխնայեց իր մասնակցութիւնը բերելու բոլոր աշխատանքներուն:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի Անուան Պետական Թատրոնը Ներկայացուց «Հայ Մուկը» Տիկնիկային Թատերախաղը

Յաջորդը

Սպիտակ Տունէն Յայտնած Են, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Կայանայ Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?