Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթներով Կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տարեցներուն

Դեկտեմբեր 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2018-ին, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց: Վեհափառ հայրապետը  թափօրով եւ «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց ծերանոց, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեանի, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբին կողմէ: Ապա, միաբան հայրերն ու մամիկները-պապիկները միասնաբար երգեցին Ս. Ծնունդի նուիրուած շարականներ, հոգեւոր եւ փունջ մը ազգային երգեր: Այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը զրուցեց ծերունիներուն հետ ու աւարտին տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ յիշեցուց, որ Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը ազգի՛ն տունն է, իսկ հոն ծառայողներուն կողմէ ցուցաբերուած խնամքը ընտանեկան սէր է, որ երբեք սովորական խնամքի սահմաններու մէջ չ՛իյնար: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ազգ ըլլալ կը նշանակէ ընտանիք ըլլալ, իսկ հայ եկեղեցւոյ համար ընտանիքը սրբութիւն է: Այս ծիրին մէջ ան գօտեպնդեց ծերունիներուն չդադրիլ օրինակ հանդիսանալէ հայ նոր երիտասարդ ընտանիքներուն, որպէսզի շարունակուի ընտանեկան, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու փոխանցումը սերունդներու ընդմէջէն: Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց նաեւ ազգի զաւակներուն, որպէսզի այս գիտակցութեամբ մօտենան մեր ազգային բոլոր հաստատութիւններուն եւ վերյիշեցուց, որ Ազգային ծերանոցին հոգերը ազգը ի՛նք պարտի հոգալ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց պատուելին, խնամակալութիւնը, տիկնանց միութիւնը, բուժքոյրերը, բժիշկները, ծերանոցի բարերարներն ու բարեկամները, որոնց աշխատանքին արդիւնքով կարելի կ՛ըլլայ ապահովել ծերանոցին շարունակականութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը փակեց ըսելով. «Նոր տարուան սեմին պիտի դիմաւորենք Քրիստոսը, որ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ: Ուրախութեամբ եւ հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորենք Աստուծոյ Միածին Որդին, որպէսզի Ան մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ եւ երջանկութիւն, առողջութիւն եւ երկար կեանք շնորհէ մեզի»:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը` 60-100 Օրէն. Ուաշինկթըն. «ՏԱՀԵՇ Պարտուեցաւ, Սկսանք Մեր Ուժերը Հեռացնել Սուրիայէն»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 Տարին Կը Հռչակէ «Հայ Մամուլի Տարի»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?