Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի  Հանրապետութեան Դեսպանութիւն.  Հրաժեշտի Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Լիբանանի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան  3-րդ Քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին Եւ Իր Կնոջ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն. Հրաժեշտի Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան 3-րդ Քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին Եւ Իր Կնոջ

Չորեքշաբթի, 16 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպեց յատուկ հրաժեշտի ընդունելութիւն` ի պատիւ դեսպանութեան 3-րդ քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեանին եւ իր կնոջ` իրենց դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, երեսփոխաններ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին  Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Երեքշաբթի, 15 յունուար 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի (ընդհանուր քարտուղար) եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան (Գործադիր վարչութեան անդամ), ինչպէս նաեւ զանազան բաժանմունքներու տնօրէններ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց խորհուրդի վերջին տարուան աշխատանքները` կեդրոնանալով տնտեսական, վարչական, աստուածաբանական եւ ընկերային մարզերուն վրայ: Վեհափառ հայրապետը իր թելադրանքները կատարեց եւ շեշտեց խորհուրդի...

Մամլոյ Լսարան 145.  Շնորհահանդէս «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970» Աշխատութեան

Մամլոյ Լսարան 145. Շնորհահանդէս «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970» Աշխատութեան

Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան, որուն հեղինակն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատող դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Նանի Գալուստեան: Ան ըսաւ, թէ Անի Աւետիս Ֆիշէնկճեանի աշխատասիրութիւնը կարեւոր եւ լուրջ ուսումնասիրութիւն մըն է Սուրիոյ հայութեան վերաբերեալ: Գիրքը կեդրոնացած...

Հայաշէն.  Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հայաշէն. Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի, այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, որմէ ետք առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, դպրաց դասուն եւ հայաշէնահայութեան, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան...

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ժիպէյլ Եւ «Թռչնոց Բոյն»

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ժիպէյլ Եւ «Թռչնոց Բոյն»

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի հոգեւոր տեսուչ Արտաւազդ աբղյ. Շառոյեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն, շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, այցելեց Ժիպէյլ-Պիպլոսի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին, սրբազանը հաստատեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը կը վայելէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգածութիւնը, ապա ընդգծեց, որ «Թռչնոց բոյն»-ը,...

Մեր Կորուստները.  Երգահան Աւետիս Նազարեան Կնքած Է Իր Մահկանացուն

Մեր Կորուստները. Երգահան Աւետիս Նազարեան Կնքած Է Իր Մահկանացուն

Օրեր առաջ Իտալիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է երգահան Աւետիս Նազարեան: Անցեալ շաբաթ օր տեղի ունեցած է անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Երգահան Աւետիս Նազարեան ծնած է Խարբերդ, 7 յունուար 1930-ին: 1931-ին Նազարեանի ծնողքը կը փոխադրուի Հալէպ: Հալէպի մէջ աւարտելէ ետք իր երկրորդական կրթութիւնը, կը նուիրուի երաժշտութեան: Իր առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեան: Աւետիս Նազարեանի ստեղծագործական աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նուագախումբի, սենեկային երաժշտութեան,...

ՀՅԴ 128-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ 128-ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

Շաբաթ, 12 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Վարուժան արք. Հերկելեան, Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, գիւղին հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ: Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 Տարին Կը Հռչակէ «Հայ Մամուլի Տարի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2019 Տարին Կը Հռչակէ «Հայ Մամուլի Տարի»

Ինչպէս ծանօթ է, 2003 թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նուիրած է հայ ժողովուրդին կեանքին առնչուած դէպքի մը, արժէքի մը, մտահոգութեան մը` հրաւիրելով ժողովուրդը զանազան միջոցներով լուսարձակի տակ բերելու զայն անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Արդ, հետեւելով իր նախաձեռնած դաստիարակիչ  աւանդութեան, 2019 տարին վեհափառ հայրապետը հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Արդարեւ, կիրակի, 13 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ...

Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար

Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական  խորհուրդին շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, առաւօտեան  ժամը 10:00-էն մինչեւ  յետմիջօրէի ժամը 2:00, Ազգային միացեալ  վարժարանին մէջ տեղի  ունեցաւ մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզիչներու վարժանիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ մարզիչները: Օրուան բանախօսն էր 8 անգամ Լիբանանի աղեղնաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած «Այ. Սի.» դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ Ժիհատ Թուքան: Վարժանիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի...

Անթիլիասի Մէջ Խորհրդակցական Նիստեր`  «Հայ Մամուլի Տարի» Հռչակման Առիթով

Անթիլիասի Մէջ Խորհրդակցական Նիստեր` «Հայ Մամուլի Տարի» Հռչակման Առիթով

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2019-ը «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ` յառաջիկայ ապրիլին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար: Խորհրդակցութեան  մասնակցեցան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան,...

«Ֆայհա» Երգչախումբի Յատկանշական  Եւ Արժէքաւոր Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

«Ֆայհա» Երգչախումբի Յատկանշական Եւ Արժէքաւոր Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել իրականացումը պատմական ու կարեւոր ծրագիրի մը, որուն մէջ ներգրաւուած են կարեւոր ու վաստակաշատ անձնաւորութիւններ, իսկ անոր մէջ մեծ ու հիմնական դերակատարութիւն ունին հայեր, որոնք իրենց աշխատանքով պատիւ կը բերեն ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ յատկապէս հայութեան: Նման ծրագիրի մը պսակադրումը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 11 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, իր կարգին պատմական արժէք ներկայացնող «Պէյթ Պէյրութ»...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Բանակի Պատուիրակութիւնը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Բանակի Պատուիրակութիւնը

Ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան զինուորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու առաւելաբար ապահովական եւ բանակի դերակատարութեան առնչուած հարցերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերը` զայն նկատելով Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպան:

Ֆրանսահայ Հայագէտներ  Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին

Ֆրանսահայ Հայագէտներ Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին

Հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ին, ֆրանսահայ հայագէտներ Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց հայագիտական մարզին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրին մէջ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը զանազան աշխատանքներու ճամբով կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայագիտութեան զարգացման: Յայտնենք, որ փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Տարեկան Փոքր Հիմնադրամներ

Ազգային առաջնորդարանի ծաւալած ծրագիրները տարեկան դրութեամբ նիւթապէս հովանաւորելու կարելիութիւն ընծայելու համար, հաստատուեցաւ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ» ծրագիրը, որուն միջոցով տարեկան նուազագոյնը $1.000 ամերիկեան տոլարի գումարով հայորդիներ կը մասնակցին Լիբանանի Հայոց թեմի բազմերես առաքելութեան: Այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ վեց մարզերը. Ա.- Ներկայ եւ ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու վերապատրաստութեան եւ կազմաւորման հիմնադրամ Բ.- Մանկապատանեկան արտադպրոցական դաստիարակչական հիմնադրամ Գ.- Եկեղեցիներու բարեզարդման հիմնադրամ...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի  դեկտեմբերի 1-ի թիւ 511-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիութիւն 20817, 20809, 21021, 19548, 20737, 20898, 20086, 20765, 21113, 18574, 20584, 20961, 20734, 20904, 20860, 20617, 20879, 21111, 20967, 20017, 20995, 21011, 20576, 19730, 21034, 21041, 21062, 19524, 19630, 21004, 20842, 20774, 20948, 21036,...

Ժիրայր Ռէյիսեան. «Սուրիոյ Հայ Համայնքի  Ջանքերով 2019-ին Աշխուժ Թափով  Կը Վերականգնին Ազգային Կառոյցները»

Ժիրայր Ռէյիսեան. «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ջանքերով 2019-ին Աշխուժ Թափով Կը Վերականգնին Ազգային Կառոյցները»

Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը 2019-ին աշխուժ թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքը: Ինչպէս որ 2018-ին այդ ուղղութեամբ զգալի աշխատանք տարուած էր, նոյնպէս ալ այս տարի աշխուժօրէն պիտի շարունակուի այդ աշխատանքը: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ 2019-ը աշխարհին համար ըլլայ խաղաղ տարի մը: Հալէպի ազատագրումէն ետք սկսաւ վերականգնումի հոլովոյթ մը:...

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

«Հայ Մամուլի Տարուան» Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

2019 տարին Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Արդարեւ, կիրակի, 12 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի վեհափառ հայրապետին հայրապետական սրբատառ կոնդակը: Կոնդակին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ. - Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Կատարուեցաւ Տնօրհնէք

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան: Արարողութիւնը կատարեց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Առաջնորդ սրբազան հօր գրասենեակին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, որ իր բնոյթին մէջ այս եզակի նախաձեռնութիւնը կը միտի հոգեւոր մթնոլորտի մէջ սկսիլ Նոր տարին...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Լիբանանի  Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Իսլամական  Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Իսլամական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ամալ շարժումի Գործադիր վարչութեան երեք անդամները: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաւելաբար անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը յուզող հարցերուն: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդունեց իսլամ համայնքներու կրօնական խմբակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումի ընթացքին վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը գործակցութեան ճամբով արտայայտելու...

Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին զանգերը ղօղանջեցին աւետելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները: Այս առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագին ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, նախարարներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, այս օրերուն ժողովական աշխատանքներով Անթիլիասի մայրավանք...

Page 206 of 365 1 … 205 206 207 … 365

Արխիւներ