Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Մայրավանք Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը

January 18, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն փոխադարձ կապի եւ համագործակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Զմմառեան միաբանութեան մայրավանք: Հիւրին դիմաւորեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ, վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը, վանքի վարչական ու վանաբնակ հայրերը, ինչպէս եւ համանուն միաբանութեան կիսասարկաւագներն ու ժառանգաւորները:

Դեսպանի անդրանիկ այցելութեան նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ միաբանութեան կատարած գաղութաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան ընդհանուր եզրեր որոնել հայրենի ղեկավարութեան եւ միաբանութեան կղերին միջեւ:

Այցելութեան ընթացքին դեսպանը նախ եւ առաջ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ  իր աղօթքը բարձրացուց` կիսասարկաւագներուն ու ժառանգաւորներուն հետ մրմնջելով երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը: Ապա մայրավանքի Փոխման Կուսին մայր եկեղեցւոյ որմերով հիացաւ:

Մայրավանքի դահլիճին մէջ մեծաւոր հայրը ողջունեց նոր նշանակուած դեսպանը եւ միաբանութեան պատմութիւնը ներկայացուց: Դեսպանը իր կարգին յուզմունքով ու հիացմունքով արտայայտուեցաւ միաբանութեան կատարած աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր գործունէութեան մասին եւ խոստացաւ իր աջակցութիւնը ի սպաս դնել միաբաններու կողմէ ծրագրուած որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Մեծաւոր հայրը դեսպանին «Ցաւագին Տիրամօր» պատկերը նուիրեց:

Դեսպանը շրջեցաւ վանքի յարակից կառոյցները` այցելելով վանական համալիրի մատենադարանը, ուր առկայ են բազմաթիւ բացառիկ եւ հազուագիւտ ձեռագիր մատեաններ, անտիպ ձեռագիրներ, հնատիպ եզակի գիրքեր եւ այլն: Այնուհետեւ դեսպանին զմայլեցուցին վանքի թանգարանին մէջ խնամքով պահպանուած եկեղեցական սպասները, շուրջարներու հնութիւնը եւ շքեղութիւնը, նաեւ երկրէն հասած կենցաղային իրերու եւ անօթներու առկայութիւնը, վերածնունդի կտաւները եւ այլ հնամենի ոգեղէն իրերու գոյութիւնը:

Դեսպանը այցելեց նաեւ Զմմառու անմահական գինիի պատրաստման ու պահպանման վաղեմի մառանը եւ համտեսելով ըմպելին ծանօթացաւ անոր պատրաստման ընթացքին: Մեծաւոր հայրը դեսպանին 60 տարեկան գինի նուիրեց:

Այցելութիւնը իր լրումին հասաւ մայրավանքի սեղանատան մէջ մատուցուած սիրոյ սեղանով:

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Շերտերու Բաժնելու Բոլոր Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողման. Արմաւիրի Մէջ Վերաբացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» Կեդրոնը

Յաջորդը

Ընկերային Բաժանմունքի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018-ի Գործունէութեան Ամփոփում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.