Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Գինեձօն` ԼՕԽ-ի 26 Մասնաճիւղերու Պատմականը Բովանդակող «Մեր Պատմութիւնը» Հատորին

January 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ:

Սիլվա Սապունճեան

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութիւնը կը համընկնի լիբանանահայութեան գոյութեան եւ կազմաւորման հետ: Այս պատմութիւնը բնորոշող գիրքին գինեձօնը պիտի իրագործենք միասնաբար: «Մեր պատմութիւնը» ուսումնասիրութիւնը ունի գիտական ու քաղաքական մեծ կարեւորութիւն եւ այժմէականութիւն: Ապա Սիլվա Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս գիրքի հրատարակութեան սատարող մեկենասներուն եւ անոնց ժառանգներուն ու բոլոր խաչուհիներուն, որոնք 89  տարիներէ ի վեր իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած են լիբանանահայութեան պատմութեան ամէնէն հանգուցային շրջաններէն մինչեւ այսօր:

Սօսէ Ճինպաշեան

Գինեձօնին առաջին խօսք առնողը եղաւ Սօսէ Ճինպաշեան: Ան նախ խօսեցաւ այս հատորին հրատարակութեան դրդապատճառներուն մասին: Սօսէ Ճինպաշեան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբը նախաձեռնեց այս աշխատանքին, որովհետեւ մասնաճիւղերը կարեւոր գործ կը կատարեն: Անոնք ժողովուրդին մօտիկ եւ անոնց կարիքներուն քաջածանօթ են: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ականները անձնազոհ, լրջախոհ, բարեհամբոյր անձեր են: Եսակեդրոն անձ մը չի կրնար զոհաբերութիւն ցուցաբերել:

Ապա Սօսէ Ճինպաշեան անդրադարձաւ Հայաստանի թէ Լիբանանի մէջ մասնաճիւղի մը նախաձեռնող խումբի աշխատանքին, եւ մասնաւորաբար շեշտեց, որ ոեւէ հայ կին չի կրնար ԼՕԽ-ական ըլլալ: Ժողովուրդը պէտք է գնահատէ ԼՕԽ-ի անդամները, որովհետեւ անոնք իրենց անձէն դուրս ելլելով աշխատանք կը տանին բոլոր կարիքաւորներուն պէտքերը հոգալու: Ան յայտնեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած մասնաճիւղերու գործունէութիւնները կը զանազանուին: Ամէն շրջան իր մարտահրաւէրը ունեցած է, պահանջները ունեցած է: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի կեանքը պատմութիւնն է մեր գաղութին: Մասնաճիւղերը այլ կարեւոր աշխատանք ալ կը կատարեն` համաձայն շրջանի կարիքին` կրթաթոշակ, հագուստ, ուտեստեղէն: Ասիկա կ՛իրագործուի զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով եւ հովանաւոր նուիրատուներ ապահովելով: Այս պատմութիւնը պէտք է սեփականութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի, որպէսզի վերջինս այդ աւիշը ստանայ եւ նոր եռանդով քալէ առաջ: ԼՕԽ-ի պատմութեան պատրաստութեան մէջ այս գրքոյկը օգտակար պիտի ըլլայ հետազօտողներուն: Ան յայտնեց, որ գիրքի մեկենասները անմիջապէս ընդառաջեցին այս հատորին հրատարակութեան: Անոնք գաղութին մէջ վաստակ ունեցող անձեր են: Ապա Սօսէ Ճինպաշեան թուեց մեկենասներն ու անոնց ներդրումը գաղութին մէջ. Անժէլ Սապունճեան` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վաստակաւոր անդամ եւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադիր, Լիւսի Գրիգորեան` Թրիփոլիի մէջ մեծ ներդրում ունեցած եւ ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին մէջ նուիրեալ աշխատանք տարած, Բեքա Գլընճեան` Մարաշի շրջանի բոլոր աղքատներուն բարերարն է, «Աշխէն» մասնաճիւղի կարկառուն աշխատող, «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր, Սիրարփի Ճէրէճեան` վաստակաւոր անդամ, Պոսնոյեան մեծ ներդրում ունեցած է, ան օգնած է ծերերուն եւ Ձեռարուեստի յանձնախումբի տիտաններէն մէկը եղած է  շնորհիւ իր խանդին:

Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիգի Թորիկեանին եւ Մակի Խաչերեանին` իրենց անմնացորդ աշխատանքին եւ հատորին մէջ ճշգրտութիւնները կատարելու համար: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մակի Խաչերեանին, որ վերախմբագրեց «Մեր պատմութիւնը» գիրքը: Սօսէ Ճինպաշեան նշեց, որ գիրքին կողքը խորհրդանշական է: Անոր վրայ պատկերուած նուռերը ԼՕԽ-ի յանձնախումբերն են, իսկ թռչունները` 26 մասնաճիւղերը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլոր ԼՕԽ-ականներուն միութենական հաւատքով եւ քաջութեամբ զինուած աշխատելու, որպէսզի ԼՕԽ-ը իր բարձրութեան վրայ մնայ` դառնալու համար մեր սփիւռքահայ գոյութեան գլխաւոր սիւներէն մէկը:

Մակի Խաչերեան

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Մեր պատմութիւնը» գիրքի խմբագիր Մակի Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի 90-ամեակի սեմին, ԼՕԽ-ի 100-ամեայ գործունէութիւնը (ծառայութիւնը) լիբանանահայութեան թէ համայն հայութեան ներկայացնելու առաջին քայլը արդէն իրագործած ենք` մասնաճիւղերու պատմութիւնը ներկայացնող «Մեր պատմութիւնը» գիրքին հրատարակութեամբ, նպատակ ունենալով նորահաս սերունդին փոխանցել անցեալի փորձառութիւնն  ու իրագործումները: Ան մէջբերեց ափրիկեցի ժողովուրդին ազատագրումին համար պայքարած ընկերային մեծ գործիչ Մարքուս Քարվիի խօսքը. «Ժողովուրդ մը, որ իր անցեալի պատմութեան, ծագումին եւ մշակոյթին ծանօթութիւնը չունի, կը նմանի ծառի մը, որ արմատ չունի»: Այս գիրքին նախաձեռնութեան եւ նպատակին լաւագոյնս կը համընկնի այս հրատարակութիւնը: Մակի Խաչերեան ապա խօսեցաւ գիրքին բովանդակութեան մասին եւ ըսաւ, թէ անիկա տասը բաժին ունի: Առաջին` մասնաճիւղերու հիմնադրութիւնն է, որ մեր ազգային կազմաւորման մէկ բաժինն է: Ուր որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղ մը հիմնուած է, անիկա կարիքէ մը բխած է: Մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան երբեմն կապուած են հսկայական գործեր, ինչպէս` դպրոցներու հիմնադրութիւն: Երկրորդ` նստավայրերը, որոնք յատուկ տեղ ունին եւ պայմաններու բերումով ապագային փոխուած են: Երրորդ` անդամական վիճակներ, որոնք ելեւէջներ ունեցած են: Չորրորդ` արծուիկներու բաժինը: Սկզբնական շրջանին ԼՕԽ-ը արծուիկներ ունեցած է, եւ հետագային անոնք փոխանցուած են ՀՄԸՄ-ին: Հինգերորդ` յատուկ ձեռնարկութիւններ, ինչպէս` դարմանատուն, ձեռարուեստի կեդրոն եթէ մասնաճիւղը ունի: Վեցերորդ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն ընթացքին մասնաճիւղերը մեծ աշխատանք կատարած են: Եօթներորդ` ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, ինչպէս` կրթաթոշակի տրամադրումը, դաստիարակչական եւ որդեգրուած ծերեր: Ութերորդ` նիւթականի ապահովման միջոցներ, իններորդ` ամեակներ, իսկ տասներորդ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռնարկներու մասնակցութիւն:

Մակի Խաչերեան խօսեցաւ նաեւ գիրքին խմբագրական աշխատանքներուն դժուարութեան մասին: Ան նշեց, որ գիրքի հրատարակութեան ուշացումը կը վերաբերի նկարներու պակասին, արխիւներու եւ տուեալներու չգոյութեան, հին սերունդի բացակայութեան: Գիրքին տեղեկութիւններուն վաւերագրական ըլլալու համար անհրաժեշտ էր ճշգրտութիւնը, ինչ որ շատ ժամանակ խլեց:

Իր խօսքի աւարտին Մակի Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Անի Փեհլիվանեան- Սարգիսեանին, Մեղրի Շամմասեանին եւ Կարօ Աղազարեանին, որոնք այս կամ այն ձեւով մասնակցեցան հրատարակութեան թեքնիք աշխատանքին: Ան յայտնեց, որ այս հրատարակութիւնը թթխմոր պէտք է դառնայ 100-ամեակի գիրքին նախապատրաստութեան, որուն հրատարակութիւնը յոյսով ենք, որ 2029-ին կը կատարուի:

Տեղի ունեցաւ գիրքին գինիով լուացումը` ձեռամբ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի:

Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան իր սրտի խօսքը ուղղեց: Ան նախ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու ԼՕԽ-ի հիմնադիրներու յիշատակը: Հայր սուրբը նշեց, որ ԼՕԽ-ը կը ներկայացնէ լիբանանահայութիւնը եւ անիկա միայն պատմութիւն չէ: Ան անցեալ, ներկայ եւ ապագայ է: Այսօր ԼՕԽ-ը իբրեւ ամուր սիւն կը պահէ լիբանանահայութեան զաւակները: «Բարերար» հասկացողութեան մասին խօսելով հայր սուրբը ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական բարերար է: Ան իր կեանքը կը նուիրէ ազգին, ծերին, մանուկին, կարիքաւորին: Այս գիրքին հրատարակութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ, որ ԼՕԽ-ը ամուր ու յաւելեալ տեսիլքներով նոր աշխատանքի սկսի: Ամեակները բան չեն ըսեր, որովհետեւ ԼՕԽ-ը ժողովուրդի գնահատանքին պէտք չունի: ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը աստուածային առաքելութիւն է: Ան կոչ ուղղեց բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ պատասխանատուներուն լուսանցքային կերպով չնայելու ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ թիկունք կանգնելու ԼՕԽ-ին: Այս գիրքը առօրեայ աւետարան է, որովհետեւ անոր մէջ կայ առաքելութիւն, զոհողութիւն ու նուիրում: Ան մաղթեց, որ մեր առաքելութիւնը շարունակենք սիրով: Հայր սուրբը շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի 90-ամեակը եւ զայն նկատեց սրբութիւն ու եկեղեցի: Ընտանիք մը, երբ հիմնուած է սիրոյ, յարգանքի եւ զոհողութեան վրայ, ոչ մէկ ժամանակ կը բեկանուի: ԼՕԽ-ը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ պիտի չընկրկի, ընդհակառակն` աւելի առջեւ պիտի երթայ: Հայր սուրբը իր խօսքին վերջին բաժինով նշեց, որ բոլորին ջանքերով միասնաբար բռունցք կազմած ԼՕԽ-ը պիտի բարեզարդուի, մեր ներկայութեամբ եւ գործով պիտի արժեւորենք ԼՕԽ-ի անցեալը, ներկան եւ ապագան` լուսաւորելով անոր առաքելութիւնը: Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհը պէտք է ծառայեցնենք ԼՕԽ-ին:

Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան

Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի պահպանիչ աղօթքով վերջ գտաւ «Մեր պատմութիւնը» գիրքին գինեձօնը: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Թաղական Խորհուրդներու Ընկերային Ցանցերու Ներկայացուցիչներու Անդրանիկ Հաւաք

Յաջորդը

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.