Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, «Զմմառ Փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ միամեայ ծրագրման ու կազմակերպական աշխատանքներու դաստիարակչական երկօրեայ սեմինար մը:
Սոյն սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերէ խմբապետներ Նարին Ադամեան, Սիմոն Տէրտէրեան եւ Մեղեդի Սնապեան:
Լիբանանեան սկաուտական տարբեր միութիւններէ եկած խմբապետները կատարեցին յանձնախմբային ծրագրման աշխատանքներ:
Կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպած ընդհանուր համագումարին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան եւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Վարդուկ Ֆռնզլեան:
Եզրափակիչ պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին ֆետերասիոնի բարձրաստիճան անդամներ, ապա իւրաքանչիւր յանձնախումբ ներկայացուց իր մշակած ծրագիրը: