Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Համագործակցութիւնը Պոլսոյ Հայ Համայնքին Հետ

January 31, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Պոլսոյ հայ համայնքին հետ իր կապերը կը շարունակէ. 2018 նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան այցելեց Պոլիս եւ կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան վարժարաններու, թերթերու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ: Համազգայինի երիտասարդական եւ մանկական ծրագիրները ներկայացուեցան Պոլսոյ մէջ, եւ գործակցութեան կարելիութիւնները ամրապնդուեցան:

Այս հանդիպումներու ծիրին մէջ 21-25 յունուար 2019-ին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ` Ժերմէն Գանթարճըօղլու եւ Դալար Քէօսէօղլու, այցելեցին Պէյրութ եւ հինգ օրերու ընթացքին շրջեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի բոլոր բաժանմունքները, ծանօթացան հայոց լեզուի ծրագիրին, դասաւանդման մեթոտներուն, օգտագործուած դասագիրքերուն եւ ուսուցիչներու հետ շփման մէջ մտան: Անոնք դասարաններ մտնելով հանդիպումներ ունեցան նաեւ աշակերտներուն հետ: Կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան ժամերուն առիթը ունեցան Ճեմարանի ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ այցելելու լիբանանահայ կեդրոններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր:

Կը հաւատանք, որ փոխադարձ այցելութիւնները զիրար հարստացնող եւ գօտեպնդող ազդակներ են. անոնք յաճախ պէտք է տեղի ունենան  հայկական գաղութներու միջեւ:

Յայտնենք նաեւ, որ Պոլիսէն երկու երիտասարդներ դիմած են մասնակցելու Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ եւ տնօրէն պատրաստելու ծանօթ ծրագիրներուն:

Պոլսոյ հայկական գաղութը իր բոլոր հաստատութիւններով եւ հայկական վարժարաններով միշտ ալ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքի ծիրին մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցած է վերջին տարիներուն. կը յուսանք, որ ապագային այս կապերը աւելի՛ ամրապնդուին, եւ գործնական աշխատանքները շարունակուին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Եւ Ազատագրում Ու Բարգաւաճում Պլոքի Նիստերուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Դատապարտեց Քալիֆորնիոյ Մէջ Երկու Հայկական Վարժարաններուն Դէմ Կատարուած Յարձակումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.