Վերջերս Լիբանանի հայ թէ ոչ հայ արուեստասէր անձնաւորութիւններ ներկայ գտնուեցան մշակութային իւրայատուկ երեկոյի մը: Արդարեւ, հինգշաբթի 15 յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի Ազգային թանգարանի «Նուհատ Սայետ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յետեղեռնեան արուեստի դէմքերէն` Յարութիւն Կալենցի գեղարուեստական գործերուն նուիրուած «Յարութիւն Կալենց. գոյնին ձեւակերպումը» (Haroutiun Galentz.The Form of Colour) խորագրեալ յատուկ գիրքի շնորհահանդէսը: Թէեւ ձեռնարկը հեռու էր հայկական շնորհահանդէսի` յատկապէս գինեձօնի աւանդական արարողութեան մթնոլորտէն, այսուհանդերձ, տիրական էր անոր պատգամը` վերակենդանացնել Կալենցի ներդրումը արուեստի ոլորտէն ներս:
1990-ին «Աժեալ» եւ ապա անոր 25-ամեակին առիթով 2016-ին հիմնուած «Սալեհ Պարաքաթ» խորագրեալ ցուցասրահներու սեփականատէր-հիմնադիր, լիբանանցի մասնագէտ արուեստաբան Սալեհ Պարաքաթ, ողջունելով ներկաները, բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով արտայայտած իր խօսքին մէջ նշեց ձեռնարկին առիթն ու նպատակը եւ յատուկ այս առիթով խօսք առնելու կոչուած հիւրերը: «Եկած ենք լուսարձակի տակ առնելու հիանալի արուեստագէտ Յարութիւն Կալենցի արուեստի գործերը», շեշտեց Պարաքաթ, որ խոր դրուատիքով գնահատեց Կալենցի արուեստին աւանդը: Ս. Պարաքաթ այս առիթով յիշեցուց նաեւ Կալենցի կնոջ` Արմինէի պարագան, որ նոյնպէս ստեղծագործող արուեստագիտուհի էր, դիտել տալով, որ Արմինէին նուիրուած յատուկ ձեռնարկի մը ծրագիրը «խմորումի մէջ է»: Ապա Պարաքաթ հրաւիրեց նշեալ գիրքի համահեղինակ-խմբագիրներէն իտալաբնակ հետազօտող Վարդան Կարապետեանը:
Կարապետեան ողջունեց ներկաները ու անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ խիստ բարձր գնահատեց Յարութիւն Կալենցի արուեստը: Այս առիթով ան մէջբերեց անոր կնոջ` Արմինէի յուշագրութենէն պատառիկ մը, որ կ՛ըսէր. «Յարութիւն եւ Արմինէ Կալենց զիրար ամբողջացնող երկու արուեստագէտներ են»: Վարդան Կարապետեան, իր կարգին, շեշտեց արուեստագիտուհի Արմինէ Կալենցի արուեստին կարեւորութիւնը` նշելով, որ Արմինէին նուիրուած ձեռնարկ մը անպայման պիտի կազմակերպուի յառաջիկային: Կարապետեան վկայեց, որ Կալենցի արուեստը իր ուշադրութիւնը գրաւած էր այն օրէն, երբ ինք լծուած էր 1960-ական թուականներու արուեստի հետազօտական աշխատանքին: Ան աւելցուց, որ Կալենց իր արուեստի յաջողութեան բարձունքին կը գտնուէր, երբ ան 1946-ին Լիբանանէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթեց, դիտել տալով, որ այսօրուան այս ձեռնարկը «բարի վերադարձ մըն է Յարութիւն Կալենցին» համար: Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի եւ գիրքի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս` Լիբանանի Ազգային թանգարանին, արուեստաբան, հաւաքագրող Սալեհ Պարաքաթին, իր գործընկերոջ` Մերի Թոմպին, Յարութիւն Կալենցի ընտանեկան պարագաներուն, յատկապէս անոր զաւակներուն` Արմէնին եւ Սարոյին, եղբօրը եւ զարմիկներուն` Արա, Արչի, Տիգրան Հարմանտայեանին եւ Արթուր Ջանիբէկեանին, առանց որուն ներդրումին` կարելի չէր հրապարակել Կալենցի գործերուն նուիրուած գիրքը:
Ապա Կարապետեան խօսքը տուաւ իր գործընկերոջ` գիրքի համաhեղինակ-խմբագիր դոկտ. Մերի Թոմպին, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ նշեալ գիրքի խմբագրութեան նախաձեռնութեան պայմաններուն եւ անոր նպաստողներուն: Դոկտ. Թոմպ աշխատած է Յարութիւն Կալենցի արուեստի արխիւի ուսումնասիրութեան վրայ: Ան անդրադարձաւ Կալենցի մանկութեան դառն ու համեստ պայմաններուն, երբ ան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած` յաջողած էր ինքզինք կատարելագործել իր արուեստի ստեղծագործական մտայղացքի դրսեւորումով: Մերի Թոմպ խիստ բարձր գնահատեց Կալենցի արուեստը` յիշեցնելով այս մասին ֆրանսացի արուեստագէտ Ժորժ Միշըլէի (Georges Michelet) դերն ու ազդեցութիւնը Կալենցի արուեստի գործերու գնահատման ու տարածման առումով: Դոկտ. Թոմպ նշեց, որ Յարութիւն Կալենց իր արուեստի ստեղծագործական աշխատանքին զուգահեռ, հետաքրքրուած էր նաեւ երեք տասնամեակներու վրայ երկարած (1900-1930) լիբանանեան արուեստի գործերու թղթածրարով: Նշենք, որ համալսարանի դասախօս դոկտ. Թոմպի պրպտումները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են լուսանցքայնացուած արուեստագիտուհիներու եւ երիտասարդ նորահաս արուեստագէտներու աշխատանքներու հետազօտման, արժեւորման ու զօրակցութեան կարելիութիւններուն վրայ:
Զրոյց «Ազդակ»-ին Հետ
Այս առիթով «Ազդակ» անջատաբար մտերմիկ կարճ զրոյցներ ունեցաւ ձեռնարկին ներկայ կարգ մը դէմքերուն եւ հիւրերուն հետ:
Արուեստաբան Սալեհ Պարաքաթ մեծ դրուատիքով ու յատուկ ակնածանքով արտայայտուեցաւ Յարութիւն Կալենցի գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մասին: Ան վերահաստատեց Կալենցի կնոջ` Արմինէի մասին յատուկ ձեռնարկի մը կազմակերպման կարեւորութիւնը, նշելով, որ այս մասին տակաւին գործնական քայլերու չէ ձեռնարկուած:
Արմէն Կալենց վերյիշեց իր հօրը` արուեստագէտ Յարութիւն Կալենցի մանկութեան դառն օրերը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մօրը հետ, որ գերմարդկային ճիգերով յաջողած էր իր չորս երեխաները հասցնել Հալէպ ու իր հիւանդութեան պատճառով զանոնք զետեղած` Հալէպի ամերիկեան որբանոցին մէջ: Արմէն Կալենց յատուկ այս ձեռնարկին առիթով Լոս Անճելըսէն ժամանած էր Պէյրութ, իր աղջկան` (դստեր) շուկայական առեւտուրի մասնագէտ (marketing) Ծովիկին հետ: Պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումներուն` Արմէն Կալենց ցաւ յայտնեց, որ իր հայրը ներկայ չէր այս ձեռնարկին, վերյիշելով, թէ ինչպէ՛ս ան կը հիանար` իմանալով իրեն ծանօթ թէ անծանօթ արուեստագէտներու մասին մեծ համարումով նշումը արուեստի յատուկ հատորներու մէջ: «Շատ կը սիրէր Փարիզը ու կը փափաքէր, որ իր ալ անունը նշուէր այդպիսի հատորներու մէջ», ըսաւ Արմէն Կալենց ու աւելցուց. «Այսօր մենք տեսանք Փարիզը, ինք չտեսաւ»: «Այսօր իր գործերը տարածուած են մինչեւ Փարիզ ու անդին, եւ իր անունը կը նշուի արուեստի հատորներուն մէջ, սակայն ինք չկայ», ընդգծեց Արմէն Կալենց:
Իր կարգին, Յարութիւն Կալենցի արուեստին անդրադարձող գիրքի համահեղինակներէն իտալահայ հետազօտող, արուեստի պատմաբան (արուեստաբան) Վարդան Կարապետեան մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Կալենցի ստեղծագործական արուեստին մասին: Ան նշեց, որ Յարութիւն Կալենցի արուեստը իր ուշադրութիւնը գրաւած էր իր կատարած մէկ ուսումնասիրութեան ընթացքին, ինչ որ խթանած է Կալենցի աւանդը վերածաղկեցնելու գաղափարը ու հոնկէ` Կալենց ամոլին նուիրուած յատուկ հատորի մը հրատարակման այս նախաձեռնութիւնը: Այս առիթով Վարդան Կարապետեան յիշեցուց, որ իր ուսումնասիրած արուեստի հաւաքածոյին մէջ նկատած է նաեւ Յարութիւն Կալենցի ստեղծագործած արուեստի մէկ հսկայ գործը, որ, ըստ երեւոյթին, 1930-ական թուականներուն օգտագործուած է ազգային ձեռնարկի մը ընթացքին ու շատ հաւանաբար` «Ազդակ» օրաթերթի օրուան պատկան պատասխանատուին (պատասխանատուներուն) կողմէ յատուկ թելադրանքով: Կարապետեան յոյս յայտնեց այս մասին պրպտել «Ազդակ»-ի արխիւներուն մէջ` ստուգելու համար Կալենցի նշեալ այս գործին առնչուող մանրամասնութիւնները:
Կարապետեան նշեց, որ Կալենց Լիբանանէն Հայաստան ներգաղթեց, երբ արդէն հասած էր իր արուեստի յաջողութեան բարձունքին: Լիբանանէն ետք Հայաստանի եւ Մոսկուայի մէջ ան ծանօթացաւ հայ, ռուս թէ այլ արուեստագէտ նոր դէմքերու, ինչպէս` Իլիա Էրենպըրկ, Ալեքսանտր Կեթովիչ եւ ուրիշներ, որոնք մեծ դեր ունեցան անոր արուեստի գործերուն գնահատման ու տարածման մէջ: Աւելի՛ն. 1953-ին Խորհրդային Միութեան ղեկավար` Ժոզեֆ Ստալինի մահն ու աւելի ուշ` 1989-ին կորպաչովեան բարեկարգումի` «փերեսթրոյքայի» ստեղծած քաղաքական «ձիւնհալը» ճամբայ հարթած էր նաեւ մշակութային ձիւնհալի, ինչ որ մեծապէս նպաստած էր Կալենցի գործերու տարածման ու անոր համբաւի անխռով սաւառնումին: Կարապետեան կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց Կալենցին նուիրուած նշեալ գիրքին իրագործման նպաստած անձնաւորութիւններուն, յատկապէս` արուեստաբան, հաւաքագրող Սալեհ Պարաքաթին, դոկտ. Մերի Թոմպին եւ Կալենց ընտանիքի հարազատներուն: Վարդան Կարապետեան խոր երախտագիտութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայրենի արուեստաբան, հաւաքագրող պատկերասփիւռային ու հաղորդակցութեան յայտագիրներու արտադրման տնօրէն, ձեռնարկատէր, բարերար Արթուր Ջանիբէկեանին, որուն աշխարհի լաւագոյն թանգարաններէն ու մշակութային կեդրոններէն հաւաքագրած Կալենցի գործերը իւրայատուկ հմայք ու եզակի դրոշմ տուած էին յետեղեռնեան հայ արուեստագէտներու, յատկապէս` Կալենցի գործերու վարկին:
Արուեստագէտն Ու Անոր Նուիրուած Գիրքը
«Յարութիւն Կալենց. գոյնին ձեւակերպումը» (Haroutiun Galentz. The Form of Colour)
Արուեստագէտ Յարութիւն Կալենց ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Սվաս նահանգի Կիւրին շրջանը, մայիս,1910-ին, եւ մահացած` մարտ 1967-ին, Երեւան: Ամուսնացած է իր աշակերտուհիին` Արմինէ Պարոնեանին հետ: Կ՛ունենան երկու զաւակ` Սարօ Կալենց (1946-2017) եւ Արմէն Կալենց: Կալենցի գործերը կը յատկանշուին կայտառ գոյներով: Անոր կարգ մը գործերը կը ցոլացնեն իր կեանքին յատկապէս մանկութեան դառն օրերու (Ցեղասպանութիւն, բռնագաղթ, ընկերային անձուկ պայմաններ, որբանոց…):
Լիբանանի մէջ վայելած որոշ յաջողութենէ ետք, Կալենց ամոլը 1946-ին կը ներգաղթէ հայրենիք: Սկզբնական շրջանին կը դիմակալէ որոշ դժուարութիւններ, դառն ու խաւար յուսախաբութեան օրեր կ՛ապրի: Սակայն 1989-ին Կորպաչեւի «Փերեսթրոյքա» բարեկարգչային քայլէն ետք զգալի «ձիւնհալ» կը սկսի, որ հետզհետէ կը յանգի նաեւ մշակութային ձիւնհալի: Այնուհետեւ Յարութիւն Կալենցի գործերը թափ կ՛առնեն ու կը սաւառնին աւելի հեռուներ: Երեւանի մէջ Կալենց կը կազմակերպէ իր անհատական ցուցահանդէսը: Ան կ՛արժանանայ մէկէ աւելի շքանշաններու: Յետմահու Երեւանի մէկ փողոցը կ՛անուանակոչուի «Յարութիւն Կալենց փողոց»: Նոյն փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ «Յարութիւն Կալենց թանգարանը»: Կայ նաեւ «Կալենց հետազօտական կեդրոնը»: Այլ խօսքով, երբ այսօր Կալենց կը ննջէ իր շիրիմին մէջ, անոր ստեղծագործական աւանդը կը սաւառնի գաղութէ գաղութ, ամէնուրեք սփռելով անոր արուեստին ցոլքերը:
Գիրքը լոյս տեսած է իտալական-ֆրանսական հռչակաւոր Սքիրա (Skira) հրատարակչատունէն, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը հրատարակէ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ փայլող հեղինակաւոր տաղանդներու ընտրանի գործերը, ինչ որ իւրայատուկ ու եզակի դրոշմով կ՛օժտէ ընդգրկուած դէմքերու գործերը:
Գիրքին համահեղինակ-խմբագիրներն են Վարդան Կարապետեան եւ դոկտ. Մերի Թոմպ:
Գիրքին մէջ, Կարապետեանի եւ Թոմպի կողքին, Կալենցի մասին գրութիւններ ստորագրած են արուեստի պատմութեան դասախօս, դոկտ. Սիլվիա Կիւրինի (Silvia Gurini) եւ ուրիշներ:
Անգլերէն լեզուով ու 224 էջերէ բաղկացած այս գիրքը լոյս տեսած է 2025-ին:






