Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Օգնական Ուսուցիչներու Երկօրեայ Որակաւորման Համագումար

January 29, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան, շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունուար 2026-ին «ՔՋԱԿ»-ի մէջ (Մոնթէ Վերտի) տեղի ունեցաւ օգնական ուսուցիչներու երկօրեայ որակաւորման համագումար` «Կիրակնօրեայ ուսուցիչը`  առաջնորդը, օրինակելին եւ քրիստոսանմանը» խորագիրով:

Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի օրհնութեամբ եւ յորդորական խօսքերով սկիզբ առաւ երկօրեայ համագումարը: Ան մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, կազմակերպիչ մարմինը եւ մասնակից ուսուցիչներն ու օգնականները: Ապա անդրադարձաւ այս աշխատանքին կարեւորութեան եւ այժմէականութեան, մանաւանդ` նոր սերունդին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսերուն եւ քաջալերեց նման նիւթերու յաճախակի ներկայացումը:

Շուրջ երկու օրերու ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան չորս նիւթերու.

Ա.- «Հրապարակախօսութիւն եւ մարմնի լեզուն», դասախօս` Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան,
Բ.- «Կիրակնօրեայ ուսուցիչին տիպարը», դասախօս` Նորայր սրկ. Տալգըլըճեան,
Գ.- «Մանուկներու հոգեբանական մօտեցումը», դասախօս`  Ռաքէլ Քէչէչճեան,
Դ.- «Դասի պատրաստութեան եւ մատուցման մեթոտներ», դասախօս` Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան:

Իբրեւ համագումարի վերջին փուլ` մասնակիցները իրենց ձեռք բերած նոր գիտելիքները օգտագործեցին պատրաստելու իւրաքանչիւր տարիքային բաժանմունքի յատուկ դասի ծրագիր, որ կ՛ընդգրկէր գործուն ուսուցում (active learning), հոգեբանական մօտեցում եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող քրիստոնէական արժէքներ: Ապա իւրաքանչիւր ուսուցիչ  իր պատրաստած նիւթը ներկայացուց` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մարմնի լեզուին, խօսակցութեան ոճին եւ մատուցման ռազմավարութեան:

Հարկ է յիշել, որ սոյն սեմինարը աղօթական եւ ընկերային մթնոլորտներով համեմուած էին: Մասնակիցները շաբաթ երեկոյեան կատարեցին խաղաղական ժամերգութիւն, որուն հիւրաբար մասնակից դարձան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կարգ մը սարկաւագները, անոր յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան, ապա` ընկերային ճոխ մթնոլորտ: Կիրակի օր անոնք ունեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ, որոնց ընթացքին անդրադարձան այն բոլոր բարիքներուն, զորս միշտ կը վայելենք, բայց յաճախ կը մոռնանք շնորհակալ ըլլալ:

Կիրակի կէսօրին տեղի ունեցաւ անակնկալ տարեդարձ եւ կարկանդակի հատում, որուն յաջորդեց համագումարի ընդհանուր արժեւորում:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Անդրշիրիմեան Արուեստի Ցոլքեր` Յարութիւն Կալենց. Գոյնին Ձեւակերպումը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.