Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակին. Բնակարաններու Հին Վարձքերու Օրէնքի Տանտէր-Վարձակալ Կողմերու Իրաւունքներուն Եւ Լուծումներուն Վերաբերող Զրոյց

February 7, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակին, երեքշաբթի, 3 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ օգտաշատ բացատրական զրոյց` Լիբանանի բնակարաններու հին վարձքերու օրէնքի գործադրութեան թեր ու դէմ կարծիքներու մանրամասնութիւններուն շուրջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, ողջունելով ներկաները, պարզեց հանդիպումին նիւթը` յիշեցնելով, որ զրոյցը կազմակերպուած է վարձքերու նշեալ օրէնքի ի զօրու դառնալու վերջնաժամկէտին առիթով: «Այս հարցը աւելի քան տասնամեայ պատմութիւն ունի ու կ՛առնչուի երկու համարժէք իրաւունքներու` սեփականատիրութիւն ունենալու եւ բնակարան ունենալու իրաւունքներու, որոնք նուիրագործուած են թէ՛ միջազգային օրէնքով, թէ՛ լիբանանեան սահմանադրութեամբ», յիշեցուց Գրիգորեան` ընդգծելով, որ այս օրէնքը կը խախտէ նշեալ իրաւունքները:

Ապա փաստաբան Ճօ Պասթաճեան անդրադարձաւ վարձակալներու իրաւունքներուն եւ անոնց հետապնդման օրինական քայլերուն: Ան հանգամանօրէն պարզաբանեց վարձքերու օրէնքին վերաբերեալ օրինական ըմբռնումներու իմաստը, ինչպէս` իրաւունք եւ թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմէ վարձակալը իր իրաւունքի հետապնդման համար դատական պատկան գրասենեակին մօտ: Հայերէն բացատրութեան կողքին, մեթր Պասթաճեան թուեց նաեւ կարգ մը անհրաժեշտ մակագրումներու արաբերէն օրինական լեզուական ոճի տրամաբանութիւնը եւ անոնց թեւակոխելիք փուլերը, ինչպէս, օրինակ, իրաւունք բառի սահմանումն ու հասկացողութիւնը, անոր հետապնդման հիմնական  քայլերը` անոր առկայութիւնը եւ անոր համապատասխան ապացոյցի գոյութիւնը «ուուժուտ իսպաթ» իրաւունքի կիրարկումը, կամ գործադրութիւնը` «թանֆիզ», եւ օրինական երկարաձգումը` «թամտիտ քանունի» եւ այլն: Մեթր Ճօ Պասթաճեան յիշեցուց, որ նշեալ օրէնքը նկատի ունի նախքան 23 յուլիս 1992-ը կնքուած վարձքի պայմանագրութիւնները: Մեթր Պասթաճեան մանրամասնօրէն թուեց վարձակալին կողմէ առնուելիք օրինական քայլերը` իր իրաւունքի պաշտպանութեան համար:

Անկէ ետք Վարձակալներու իրաւունքներու պաշտպան յանձնախումբի անդամ Գէորգ Ապրիլեան, իր կարգին, անդրադարձաւ վարձքերու վերաբերեալ որդեգրուող համապատասխան օրէնքներուն եւ կազմուած պատկան յանձնախումբերուն ու անոնց գործունէութեան` սահմանելով եւ լուսաբանելով զանոնք, ի հարկին նշելով  արաբերէն պատշաճ որակումները, ինչպէս`  նախկին վարձակալներու յանձնախումբ` «լժնեթ մուսթա՛ժըրին քուտամա» եւ այլն: Վարձքերու օրէնքի գործընթացի մասնագէտ Գէորգ Ապրիլեան մանրամասնօրէն բացատրեց վարձքի վերաբերեալ դատական հայց ներկայացնելու հիմնական քայլերը: Ապրիլեան խիստ անհրաժեշտ նկատեց նման զրոյցներու կազմակերպումը` յիշեցնելով, որ շատ մը հայ քաղաքացիներ կորսնցուցած են իրենց իրաւունքները` առնուելիք անհրաժեշտ օրինական քայլերէն անտեղեակ ըլլալու պատճառով:

Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան ուղղելու իրենց հարցումները, արտայայտելու մտահոգութիւնները` ստանալով անհրաժեշտ պատասխան-լուսաբանութիւն:

Մեկնումի պահուն ներկաներէն փափաքողներ ստացան վարձքերու օրէնքին առնչուող հայերէն եւ արաբերէն թերթիկները:

 

Նախորդը

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

Յաջորդը

«Էն.Պի.Էյ.» Ռիվզ Հերոսացաւ Եւ Փրկեց Լէյքըրզը` Տոնչիչի Վիրաւորուելէն Ետք

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.