Երեքշաբթի, 3 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտըլլաթիֆ Տրիանի ներկայացուցիչ եւ սիւննի համայնքի հոգեւոր բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Շէյխ Ֆայէզ Սէյֆը:
Այցելութեան նպատակն էր հանրապետութեան միւֆթիին ջերմ ողջոյնը փոխանցել վեհափառ հայրապետին եւ յատուկ հրաւէր յանձնել անոր: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ հայ ու սիւննի համայնքներուն յարաբերութեան:


