Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

February 4, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի ելոյթը:

Եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասեր շրջագայութեան ծիրին մէջ, նուագախումբի Լիբանան հիւրընկալումը նաեւ, վստահ ենք, որ պիտի արժանանայ մշակութասէր հանրութեան գնահատանքին` ստեղծելով լայն խանդավառութիւն: Յայտնենք, որ վերջին անգամ Սենեկային նուագախումբը Լիբանան այցելած է 27 տարիներ առաջ, եւ ահաւասի՛կ դարձեալ առիթ կ՛ընձեռուի լիբանանահայութեան նոյն թարմացուցած սերունդին կողմէ վայելելու երաժշտական բարձրորակ կատարում մը:

Նուագախումբի լիբանանեան ելոյթի խմբավարն է լոնտոնաբնակ միջազգային թենոր եւ խմբավար մայեսթրօ Սիփան Օլահ, իսկ իբրեւ մենակատար յայտագիրին կը մասնակցի լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Շողիկ Թորոսեան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցին մէջ դասախօս է եւ նաե՛ւ «Կարկաչ» երգչախումբի խմբավար: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ լիբանանահայ եւ այժմ լոնտոնաբնակ դաշնակահար Մարիա Փալազեան:

Համերգի թեմա ճշդուած է «Լոյսով` լոյսին» Համազգայինի նշանաբանը: Յայտագիրին մէջ ներառուած են Շուպերթէն, Արտիթիէն, Լեհարէն, Ազնաւուրէն, Խաչատուրեանէն, Տիգրանեանէն, Սարեանէն եւ այլ մեծ երաժիշտներէ յօրինումներ:

Համերգը կը վայելէ լիբանանահայ երեք համայնքապետներու հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ՛ունենայ Պէզիքեան ընտանիքին բարերարութեամբ` ի յիշատակ տիկին Անի Պէզիքեանի:

Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ հանգուցեալ Անի Պէզիքեաններու ներդրումը մեծ է լիբանանահայ համայնքին տարբեր ոլորտներուն մէջ: Պէզիքեան ընտանիքը իր զանազան բարերարութիւններով եւ ընկերային ծառայութիւններով, կրթական ու առողջապահական համաժողովրդային ծրագիրներով, զօրավիգ դարձած է ու կը շարունակէ դառնալ լիբանանահայութեան: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառի հովանաւորութեամբ Պէզիքեան ընտանիքը վերջին 15 տարուան ընթացքին ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շինարարական մեծ ծրագիրներու բարերարութիւնը:

Սենեկային նուագախումբի համերգի կազմակերպումը Համազգայինի առաքելութեան մաս կազմող եւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման սատարող կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու համատեղ մասնակցութիւնը ձեռնարկին` այս գաղափարը խորացնող կարեւոր նախադրեալ մը կը կազմէ:

Այս առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պէզիքեան ընտանիքին եւ այն բոլոր անհատներուն, որոնք զօրավիգ դարձան այս եզակի համերգի ծրագիրի իրականացման:

Բարի վայելում կը մաղթենք լիբանանահայ հանդիսատեսին եւ անգամ մը եւս կու գանք վստահեցնելու, որ պիտի շարունակուի Համազգայինի մշակութանուէր առաքելութիւնը, եւ այս իմաստով մեր գործը խթանողը դուք բոլորդ էք` համազգայնականներ, բարերարներ, հանդիսատեսներ եւ մեր գործին հաւատացող բարեկամներ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Նշմար. Ի՞նչ Կը Պատահի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.