Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները` Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

April 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի  բոլոր մասնաճիւղերը, այցելեցին Պիքֆայայի յուշարձան, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին սկաուտները արդէն հասած էին Պիքֆայա Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Ս. նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւն:

Ապա բոլորը  միասին լուռ երթով  ուղղուեցան  դէպի սուրբ նահատակներու յուշարձան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտներուն ու մարզիկներուն անունով ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին, այնուհետեւ 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Խօսք առնելով Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան ըսաւ, որ թէեւ անցած են 104 տարիներ 20-րդ դարու առաջին եւ զարհուրելի ողբերգութենէն, բայց հայ ժողովուրդը չյանձնուեցաւ: Հայ ժողովուրդը իր կրօնական, քաղաքական եւ աշխարհիկ խաւերով դիմադրեց դժուարութիւններուն եւ միայն իր ուժերով ու ջանքերով Հայ դատը հասցուց միջազգային ընտանիքին: Այս պայքարը սակայն տակաւին չէ աւարտած: Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ 100-ամեակ մը բոլորած աշխարհատարած միութիւնը այս պայքարի մասնիկն է: Ան խօսքը ուղղելով խմբապետներուն աւելցուց, որ ամէն ապրիլ 23-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ական սկաուտները կը վերանորոգեն իրենց խոստումը` շարունակելու այս պայքարը, յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու հայ ժողովուրդի իրաւունքները, մինչեւ որ հասնինք հայ ազգի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման:

Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի  երգեցողութենէն ետք, սկաուտները վառեցին մոմերը եւ զանոնք զետեղելով գետինը կազմեցին «ՀՄԸՄ Լիբանան 104» գրութիւնը:

Հսկումի աւարտին սկաուտները «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով ուխտեցին վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

 

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Յաջորդը

Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ Աշակերտական Հաւաքին. «Օտար Երկիրներ Ձեզմով Պիտի Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Ձեր Աննկուն Կամքով Եւ Նկարագիրով Պիտի Շահինք Մեր Նահատակներու Արեան Գինը» Ըսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.