Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրիստոսի Յարութիւնը Մեզ Մահէն Կ՛ազատագրէ Եւ Կը Տանի Անմահութեան». Նարեկ Արքեպիսկոպոս

April 23, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. ՅարութԵան տօնին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցԵց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս:

Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ երբ նայինք մարդկային կեանքին, պիտի անդրադառնանք, թէ մեր կեանքը հեզասահ չէ, այլ` հոն առկայ ամէն տեսակի դժուարութիւններ կրնան մեզ տկարացնել, յուսահատեցնել, եւ կրնանք խորհիլ, որ այս բոլորէն ելք չունինք: Սակայն Քրիստոսով, երբ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Քրիստոսի մարդեղութեան եւ մահուան վրայ, այն ատեն իրապէս պիտի գիտակցինք, թէ Աստուած մեզի հետ է, եւ մեր կեանքը Աստուծոյ ընծայուած ընդունելի պատարագ մըն է: «Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մահը այսօր իրարու ագուցուեցան, որովհետեւ Քրիստոս իր ծնունդով եւ յարութեամբ եկաւ մեզ ներշնչելու այն վստահութիւնը, թէ մենք մահուան դատապարտուած չենք, այլ` յարութեան զաւակներն ենք», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոս եկաւ մեզի ըսելու, թէ մեր ապրած կեանքը ցուցանիշ է այն յաւիտենական կեանքին, որուն արժանի պիտի դառնանք եւ կամ յաւիտենական այն տանջանքին, որուն պիտի դատապարտուինք: Առաջնորդը հաստատեց, թէ Քրիստոսի յարութիւնը եկեղեցւոյ յաղթանակ է, որովհետեւ Քրիստոսի յարութենէն ետք առաքեալներուն հոգեւոր աչքերը բացուեցան, միտքերը պայծառացան, յիշատակները վերարթնցան, եւ այն ատեն հասկցան Քրիստոսի այն կանխասացութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ ինք Երուսաղէմ պիտի երթար, պիտի մատնուէր, խաչուէր, թաղուէր եւ յարութիւն առնէր: Այնպէս, ինչպէս առաքեալները ապրեցան այդ հոգեդարձը, նաեւ եկեղեցին, այսինքն` մենք հաւատացեալներս, այսօր հրաւիրուած ենք այդ հոգեդարձը ապրելու` լեցուելով հաւատքով, յոյսով, վստահութեամբ եւ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ, յայտնեց ան: «Աստուծոյ հետ հաշտուիլ ամէն բանէ առաջ կը նշանակէ յաղթել մեղքին, մաքուր ըլլալ եւ այդ ձեւով ներկայանալ Աստուծոյ: Քրիստոսի յարութիւնը  կու գայ անգամ մը եւս մեզի յիշեցնելու, թէ Քրիստոս որպէս հաշտութեան փրկիչ մեզ մեղքէն կ՛ազատագրէ եւ կը տանի անմեղութեան, մեզ մահէն կ՛ազատագրէ եւ կը տանի անմահութեան եւ այդ ճշմարտութիւնը մենք մեր կեանքին մէջ կ՛ապրինք» հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ ըսաւ, որ Քրիստոսի յարութիւնը այս տարի կու գայ մեզի փոխանցելու հետեւեալ պատգամը. Հաշտուիլ Աստուծոյ հետ մեղքերը թօթափելով, նոր մարդ դառնալ վերանորոգուած եւ վերամաքրուած: Այս մաքրութիւնը, անբծութիւնը եւ անարատութիւնը միայն Աստուած է,  որ կրնայ փոխանցել մեզի, երբ մենք գիտակցութեամբ եւ ապաշխարհութեամբ կ՛երթանք Աստուծոյ, կը խոստովանինք մեր տկարութիւններն ու մեղքերը եւ արժանի կը դառնանք աստուածահաճոյ հաշտութեան:

«Քրիստոսի յարութիւնը այս աւետիսով մեզ կը կապէ իրարու եւ մեզ պարզ անհատներէ վեր կը բարձրացնէ յիշեցնելու համար մեզի, որ մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն, իսկ Աստուծոյ պատկերը ցոլացնել կը նշանակէ մեր նմաններու մէջ տեսնել Աստուծոյ շունչը, ներկայութիւնը, հաշտութիւնը: Եւ այն ատեն, երբ մենք իրարու կ՛աւետենք Քրիստոսի յարութիւնը, մեր ամբողջ կեանքը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի լեցուի եւ յարուցեալ Քրիստոս պիտի դառնայ մեր կեանքին մէջ հաշտութեան ու սիրոյ անզուգական ներկայութիւնը եւ դեսպանը», ըսաւ սրբազան հայրը: Եզրափակելով իր պատգամը` ան աղօթեց, որ այս գիտակցութեամբ նորոգենք մեր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, նորոգենք մեր կապը իրարու հանդէպ, որպէսզի իբրեւ յաղթական հայ եկեղեցի եւ հայ հաւատացեալներու ընտրեալ խումբ` Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց օգտակար, մենք շարունակենք մեր ընթացքը յարութեան տեսիլքով, յաղթութեան դրօշակով եւ վստահաբար, որ անհատաբար թէ հաւաքաբար Աստուած իր յարութեան աւետիսով եւ օրհնութեամբ պիտի օրհնէ մեր կեանքերը, որպէսզի մենք միշտ կարենանք Աստուծոյ եւ իրարու հետ ըլլալ եւ փառաւորել Ս. երրորդութիւնը:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Ս. պատարագէն ետք մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, իսկ Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

 

Նախորդը

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Յաջորդը

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Քրիստոսի Յարութիւնը` Աղբիւր Վերանորոգ Կեանքի

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.