Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոտնլուան Մաքրութեան, Խոնարհութեան Եւ Մանաւանդ Սիրոյ Արարողութիւնն Է» Հաստատեց Նարեկ Սրբազան

Ապրիլ 19, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան եկեղեցականօրէն ամէնէն լեցուն ու ամէնէն իմաստալից օրն է եւ Ոտնլուան մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար այն օրհնեալ պահն է, երբ սուրբ խորանին վրայ մեր զաւակներէն 12 անձեր կը ներկայացնեն Քրիստոսի 12 առաքեալները եւ արժանի կը դառնան ջուրով լուացուելու ու իւղով սրբուելու: «Ոտնլուան մաքրութեան, խոնարհութեան եւ մանաւանդ սիրոյ արարողութիւնն է», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Աստուած իր գերագոյն սէրը արտայայտեց, երբ ստեղծեց տիեզերքը եւ այդ տիեզերքին իմաստ տուող մարդը, իսկ երբ տեսաւ, թէ մարդիկ մեղքի մէջ են, անգամ մը եւս իր գերագոյն սէրը արտայայտեց իր միածին Որդին` Քրիստոսը աշխարհ ղրկելով` մեր մեղքերուն քաւութեան համար:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս այս աշխարհի վրայ եկաւ, քարոզեց, շրջեցաւ, բժշկութիւններ կատարեց, հրաշագործեց եւ այսօր Երուսաղէմի վերնատան մէջ վերջին ընթրիքին Ս. հաղորդութեան պահը հաստատելէ ետք, ինք խոնարհեցաւ իր առաքեալներուն դիմաց եւ անոնց ոտքերը լուաց ու յանձնարարեց, որ նոյնը կատարեն իրարու:

«Մենք այդ խոնարհութենէն կաթիլ մը ունենալով մեր մէջ կատարեցինք Քրիստոսի պատուիրանը եւ ոտքերու լուացումով մենք այսօր կու գանք ըսելու, թէ երբ Քրիստոս ներկայ է մեր կեանքին մէջ, մեր ոտքերուն ընթացքը չի շեղիր, այլ` կը քալէ ուղիղ եւ մաքուր ճամբէն», շեշտեց Նարեկ արքեպիսկոպոս բացատրելով, որ Ոտնլուան միայն ոտքերը լուալու յիշատակ մը չէ, այլ նաեւ խորապէս անդրադառնալու առիթ, թէ ամէն անգամ, երբ եկեղեցւոյ մէջ մենք կը մասնակցինք եկեղեցական արարողութեան մը, երբ եկեղեցւոյ մէջ մենք կը ստանանք Ս. հոգւոյն շնորհը, երբ եկեղեցւոյ մէջ խորհուրդի մը ճամբով մենք կը բացուինք աստուածային ճշմարտութիւններուն, մեր կեանքը կը վերանորոգուի, մեր հայ քրիստոնէական ուխտը կը վերահաստատուի եւ մենք նոր կեանք, նոր ընթացք, նոր նպատակ կը հետապնդենք` հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին, որն է սրբուած, մաքրուած, թողութեան արժանացած, մեղքերը թօթափած կանգնիլ Աստուծոյ դիմաց եւ խնդրել, որ ընդունի մեզ երկինքի թագաւորութեան մէջ:

Անդրադառնալով քարոզի բնաբանին, թէ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ` «Դուք մաքուր էք, բայց ոչ բոլորդ», սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք 11 առաքեալներուն նման մաքու՞ր ենք, թէ՞ 12 առաքեալներէն շեղած, առանձնացած եւ մոլորած Յուդա Իսկարիովտացիի նման աղտոտ ենք` բացատրելով, որ այս հարցումին պատասխանը իւրաքանչիւր անձ ինք պիտի տայ իր հոգիին մէջ ու իր խիղճին դիմաց եւ մանաւանդ Աստուծոյ ամենատես նայուածքին դիմաց:

«Ոտնլուան յիշեցում մըն է մեր բոլորին համար, թէ մենք այս հայ քրիստոնէական մաքրութիւնը կը ստանանք հայ եկեղեցւոյ մէջ, եւ եթէ կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները ո՛չ միայն տարին մէկ անգամ Ոտնլուայի առիթով խորան բարձրանան, այլ նաեւ իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեն մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր հայրենիքին, մենք պէտք է ամէն օր մեր ծնողական պարտականութիւնը կատարենք` յիշեցնելով, որ այս աղտոտ աշխարհին մէջ, այս մեղաւոր մարդկութեան մէջ մենք հրաւիրուած ենք մաքուր ապրելու եւ քրիստոնէական մաքրութիւնը հայօրէն թարգմանելու մեր առօրեայ կեանքով», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ այս է Ոտնլուայի պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ բոլորիս հաւաքաբար, ու մանաւանդ մեր ծնողներուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ Ոտնլուան փուլ մըն է մեր հայ քրիստոնէական հաւատքի ուխտագնացութեան մէջ: Այդ փուլին հասնելէ ետք, Քրիստոսով մաքրուելէ ետք, անգամ մը եւս Ս. հոգւոյն այցելութիւնը ընդունելէ ետք, այլեւս մենք պէտք է նոր արարած դառնանք, իսկապէս ըլլանք Քրիստոսի առաքեալը եւ Քրիստոսի ներողամտութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ու մանաւանդ սիրոյ առաքելութիւնը պէտք է տանինք մեր ամէնօրեայ կեանքին, մեր ընտանեկան յարկերուն, մեր ընկերութեան եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, որպէսզի առանց կասկածելու եւ տատամսելու, թէ ո՛ւր կը գտնուինք, գործով ցոյց տանք, թէ մենք Քրիստոսի մաքուր եւ ճշմարիտ առաքեալներէն մէկն ենք եւ այդպէս կ՛ապրինք մեր առօրեայ կեանքը:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ` Խումբ Մը Երիտասարդներ Այցելեցին Քահլ Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Կարգ Ոտնլուայի` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Պէտք Է Կենսագործել Մեր Անհատական Թէ Հաւաքական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?