Երեւանի Մէջ` Արուեստի «Վերածնունդ» Միջազգային Մրցում-Փառատօն
Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթ` Առաջին Դիրքի Վրայ 13 ապրիլ 2019-ին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ Արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնին, Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ: Համոյթը գրաւեց առաջին դիրքը` լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու բաժինին մէջ, ներկայացնելով երեք տարբեր գործեր: Մրցումին դատական կազմը կը բաղկանար վաստակաշատ կիթառահարներէ` Տմիթրի Իյարիոնով, Մկրտիչ Միքայէլեան եւ...




















