Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարդու Որդին Գերեզման Իջնելով Մարդուն Առջեւ Բացաւ Փրկութեան Ճանապարհը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 23, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Կարգ Թաղման» Արարողութիւնը
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կը տիրէր Յիսուսի Թաղման կարգի խորհրդաւորութեամբ համակուած մթնոլորտ մը. առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ուխտաւորներ արդէն մայր տաճար այցելելով` ծաղիկներ ընծայած էին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան` հաւաքուած մայր տաճարին մէջ` նշելու Աւագ շաբթուան այս սրտառուչ արարողութիւնը:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց արարողութեան եւ տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

«Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան ամէնէն ճակատագրական պահն է Անոր խաչելութիւնը: Այս արարքով, Իր գերեզմանին մէջ իրարու բախեցան բարին ու չարը, մութն ու լոյսը, եւ յաղթողը եղաւ լո՛յսը, ճշմարտութի՛ւն», ըսաւ կաթողիկոսը` ընդգծելով, որ Քրիստոսի գերեզմանը մարդկային պատմութեան մէջ յարուցեալ կեանքի նախատօնակը եղաւ:

Հայրապետը ապա երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Յիսուսի թաղման խորհուրդը: Առաջին հերթին, ան խօսեցաւ Քրիստոսի գերեզման իջնելով մարդուն մեղքը Իրեն հետ գերեզման իջեցնելու երեւոյթին մասին: Ապա անդրադարձաւ մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու արարքին եւ ըսաւ, որ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ վիհ մը բացուած էր եւ հաշտութիւնը անհրաժեշտ էր, որուն համար Յիսուս դէմ յանդիման եկաւ խաչին հետ: Եւ վերջապէս, Քրիստոս գերեզման իջնելով` մարդու կեանքին առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը, որուն համար եկած էր աշխարհ:

Վեհափառը այս խորհուրդը կապեց ներկայ իրականութեան եւ յայտնեց, որ դիւրին չէ մշտապէս փրկութեան ճամբուն մէջ քալել, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք մեզ դէպի մեղք տանող կենցաղով: Ան դիտել տուաւ, որ, թէկուզ Քրիստոս խաչին վրայ Իր արիւնը թափելով` գերեզմանեց մեր մեղքերը, մենք կը մնանք անկատար եւ մեղանչական արարածներ ու կարիքը ունինք մեր կեանքին առանցքը դարձնելու զԱստուած: «Մենք պէտքը ունինք մօտենալու Աստուծոյ, որովհետեւ կոչուած ենք Անոր որդեգիր զաւակները դառնալու: Քրիստոս Իր գերեզմանով եւ յաղթական յարութեամբ մեր առջեւ բացաւ փրկութեան ճամբան, որուն մէջ մնալը կ՛ենթադրէ հաւատք, նուիրում, յանձնառութին` այն արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն, որոնք մեզի տրուեցան Քրիստոսի ծնունդով եւ յարութեամբ, եզրափակեց Հայրապետը:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսութեան դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով` տարին իրենց տուները:

 

Նախորդը

«Աշխարհի Վրայ Չկայ Որեւէ Թաղում, Որ Տխրութիւն Չպատճառէ, Բացի Քրիստոսի Թաղումէն, Որովհետեւ Ան Յաւիտենական Պարգեւատուն Եւ Կենդանատուն Է Բոլորիս Համար», Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յաջորդը

Տեսակէտ. Աղօթք Փարիզի Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.