Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

April 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ն իւրայատուկ օր էր Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութեան համար: Արդարեւ, առաւօտուն աշակերտները դպրոց հասան եւ զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ապրեցան ոգեղէն ներկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր անմեղ նահատակներու անմեռ կտակին:

Իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները նախ բարձրացան իրենց դասարանները: Անոնց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները համառօտ պատմականը ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի ապրած ցասումին եւ վերազարթօնքին` ի խնդիր հայութեան պայծառ ապագային:

Նախակրթարանի վեցերորդ կարգէն երկրորդականի 12-րդ կարգերու աշակերտները մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանք եւ մասնակցեցան Նահատակաց մատրան առջեւ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի աշակերտական ոգեկոչման հանդիսութեան, որ կազմակերպուած էր նոյնինքն Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին կողմէ: Այս առիթով վարժարանին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ մատրան առջեւ:

Իսկ ազգային – հայրենասիրական երաժշտութեան հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջինէն հինգերորդ կարգերու աշակերտները վարժարանին բակին մէջ զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց ծաղիկներ զետեղեցին` յարգելու համար մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Աշակերտները կազմեցին 104  թիւը, բուրգեր կազմեցին ու բարձրացուցին Եռագոյնը, մինչ ուրիշներ իրենց յարգանքը արտայայտեցին օրուան պատշաճ երգեր երգելով:

Այնուհետեւ նախակրթարանի աշակերտութեան մասնակցութեամբ վարժարանի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով: Նախ եւ առաջ տարբեր դասարաններու աշակերտներ տարբեր բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին` Հայաստանի եւ հայութեան մասին: Վարժարանի երգչախումբը գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուց «Ատանայի ողբը», «Երազ իմ երկիր» եւ «Ապրիլ խաղաղ» երգերը: Ապա ցուցադրուեցան վաւերագրական երկու կարճ տեսերիզներ, որոնց մէջ պատգամը յստակ էր` չմոռնալ անցեալը եւ հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սուրբ կտակին:

Օրուան հուսկ բանքը կատարեց վարժարանի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասատու Կարօ Աղազարեան: Ան նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետեց 24 ապրիլ 1915-ը նախորդող զանգուածային ջարդերուն, ինչպէս` համիտեան ջարդերը, Ատանայի ողբալի կոտորածը եւ վերջապէս հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնը, սպանդն ու հայ մտաւորականներուն ձերբակալութիւնն ու նահատակութիւնը: Կարօ Աղազարեան յատկապէս շեշտեց օսմանեան ծրագիրը` արեւմտահայերու ազատագրական շարժումը ճնշելու եւ հայկական հարցին վերջ տալու: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով տեղի ունեցած ցոյցերուն, որմէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բարձրացած յուշահամալիր- յուշարձաններուն, որոնք մնայուն յուշարարներ են գործուած ահաւոր սպանդին, միաժամանակ կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդին վերածնունդը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու կտակին, բարձր պահելու հայութեան անունը, անաղարտ պահելու հայոց լեզուն եւ լաւ սորվելու հայոց պատմութիւնը: Ապա Կարօ Աղազարեան ապրումով ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»:

Աւարտին վարժարանի նախակրթարանի պատասխանատու Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան գնահատեց աշակերտներուն մասնակցութիւնը ոգեկոչման ձեռնարկին: Ան յայտնեց, որ հայ աշակերտին համար ամէն օր ապրիլ 24 է, երբ մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ կրօնը պահենք, արդէն թուրքը պարտուած կ՛ըլլայ: Ան անդրադարձաւ ցուցադրուած տեսերիզներուն եւ ըսաւ, որ երբ թրքական արտադրութիւնները կը քաջալերենք կամ Թուրքիա կը ճամբորդենք, օգնած կ՛ըլլանք իրենց, որ փամփուշտ գնեն եւ մեր դէմ գործածեն: Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան նշեց, որ մեր երթը պիտի շարունակենք այս դպրոցէն եւ նահատակներու կտակը պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու քայլարշաւին` վերանորոգելու համար մեր ուխտը: Ան մատնանշեց, որ աշակերտները հայօրէն ապրին եւ չմոռնան մեր հայրենիքը, որ միշտ գրկաբաց մեզ կը սպասէ:

 

 

Նախորդը

2019-ի Պետական Ամավարկի Քննարկումն Ու Անոր Վաւերացումը Անհրաժեշտութիւն Են

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները` Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.