Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դասախօսէ Գերմանական Համալսարանի Դասախօսներուն Եւ Ուսանողներուն

Յունիս 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան համաձայն, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Գերմանիոյ զանազան համալսարաններէ եկած խումբ մը` բաղկացած դասախօսներէ եւ դոկտորայի աստիճանի պատրաստուող ուսանողներէ: Այցելութեան նպատակն էր լսել վեհափառ հայրապետը կրօնին եւ քաղաքականութեան առնչութեան մասին` նկատի ունենալով, որ ներկաներուն մասնագիտութիւնը յիշեալ բնագաւառն է:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր ներածականէ մը ետք կեդրոնացաւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ միաստուածեան երեք կրօններուն գծով տեղի ունեցած պատմական զարգացումներուն վրայ. ապա, բաղդատական մօտեցումով ծանրացաւ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Միջին Արեւելքը` իբրեւ ծննդավայրը յիշեալ կրօններուն:

Վեհափառ հայրապետը նախ պարզեց քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ինքնահասկացողութիւնը, միշտ բաղդատական մօտեցումով. քրիստոնէութեան պարագային, պարզեց կրօնին թէ՛ առնչութիւնը քաղաքականութեան եւ թէ՛ հեռաւորութիւնը անկէ եւ իսլամութեան պարագային` նոյնացումը քաղաքականութեան հետ: Վեհափառ հայրապետը  յիշեց երկու պարագաներուն կրօն-քաղաքականութիւն առնչութեան դրական եւ բացասական հետեւանքները: Ան նաեւ շեշտեց այս գծով հասարակաց յայտարարները երկու կրօններուն միջեւ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին դերը իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն` հաշտարարի եւ միջնորդի դերակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան առաքեալ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

 

Նախորդը

Կարգալոյծ Կը Հռչակուի Տ. Հեթում Աբղյ. Տաղլեան

Յաջորդը

Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի Ու Պայքարի. Շողակաթի Մահը Սալամիայի Մէջ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին
Գաղութային

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Բացում Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի Արա Հրեշտակեան Հայագիտական Ամբիոնին

Նոյեմբեր 8, 2025
50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը
Գաղութային

50 Տարիներ Բոլորած Զոյգեր Մեծ Շուքով Տօնեցին Իրենց Ս. Պսակի Տարեդարձը

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?