Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան, Հարաւային Ֆրանսայի Քաղաքապետութիւններու Եւ «ԱՔԹԵՏ» Միջազգային Կազմակերպութիւններու Պատուիրակութիւններուն Միջեւ

Յունիս 14, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 13 յունիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Հարաւային Ֆրանսայի քաղաքապետութիւններու ու «ԱՔԹԵՏ» միջազգային կազմակերպութենէն պատուիրակութիւններու եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան միջեւ. քննարկուեցան անցեալի աշխատանքները  եւ ապագայ գործակցութեան հեռանկարները:

«ԱՔԹԵՏ»-ը միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ կը միտի օգնել մարդոց եւ կարիքաւորներուն` առանց խտրութեան, ապահով ապագայ մը կառուցելու համար: Հանդիպումին սկիզբը «ԱՔԹԵՏ»-ի ջուրի ծրագիրի գիտարուեստական խորհրդատու Քիարա Նունի ամփոփ կերպով ներկայացուց իրենց աշխատանքները միջազգային գետնի վրայ եւ Լիբանանի մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան խօսք առնելով նախ ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց իրենց Պուրճ Համուտի մէջ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով Պօղոսեան նշեց, իրենց համար պատիւ եւ հաճոյք է գործակցիլ Հարաւային Ֆրանսայի քաղաքապետութիւններու եւ «ԱՔԹԵՏ» միջազգային կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Պուրճ Համուտը եւ Հարաւային Ֆրանսայի շրջանները ունին կարգ մը  նմանութիւններ որոշ հարցերու մէջ, ինչ որ իսկական պատճառը կը հանդիսանայ այս գործակցութիւններուն: Պօղոսեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ «ԱՔԹԵՏ»-ի միջեւ երկարատեւ գործակցութիւնը` նշելով, որ ատիկա նաեւ արձանագրած է բազմաթիւ յաջողութիւններ: Մարտիկ Պօղոսեան նաեւ անդրադարձաւ «ԱՔԹԵՏ»-ի եւ Պուրճ Համուտի նախկին կարգ մը ծրագիրներուն, որոնցմէ են` արեւու ճառագայթով աշխատող ճամբու լոյսերու զետեղում, տարեցներու առողջապահական օգնութեան հայթայթում, ջուրերու մաքրազտում, աղբերու տագնապի հարց եւ մանաւանդ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով երդիքի տրամադրում: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքի աւարտին նշեց իր ցանկութիւնը` շարունակելու համար այսպիսի գործակցութիւնները:

Հանդիպումի աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը յուշանուէր յանձնեց իւրաքանչիւր պատուիրակութեան, եւ փոխադարձաբար յուշանուէրներ յանձնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան:

Հանդիպումի երկրորդ բաժինով ներկաները ինքնաշարժներով այցելեցին Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղամասեր եւ յատկապէս Նապաայի այն թաղամասը, ուր Պուրճ Համուտի եւ «ԱՔԹԵՏ»-ի նախկին գործակցութեամբ զետեղուած են արեւու ճառագայթներով աշխատող ճամբու լոյսեր: Թաղամաս այցելութեան ընթացքին, «ԱՔԹԵՏ»-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Միրա Պազ պատուիրակութիւններուն բացատրեց յատուկ ծրագիրով մը զետեղուած ճամբու լոյսերու ծրագիրը: Միրա Պազ նշեց, թէ բազմաթիւ ժողովներ եւ կլոր սեղաններ տեղի ունեցան նախքան այս լոյսերու զետեղումը, անոնց ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ պետական եւ ոչ պետական պատուիրակութիւններ եւ հաստատութիւններ: Միրա Պազ շեշտեց, թէ երկարատեւ ժողովներու իբրեւ հետեւանք, որոշուեցաւ զետեղել ճամբու այս լոյսերը` թաղամասի ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացումի նպատակով: Այցելութեան ընթացքին թաղամասի բնակիչները մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին լոյսերուն զետեղման գծով:

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Շնորհահանդէս` «Ազդակ»-ի Ընտանիքի Անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» Գիրքին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?