Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հիմնադրութեան 115-ամեակին Նուիրուած Ճաշկերոյթ

June 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ, 8 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակին նուիրուած Ճաշկերոյթ մը` Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջափակին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նախկին եւ ներկայ զաւարեանականներ, ԶՈՄ-ի բարեկամներ: Երեկոն ճոխացուց երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան, որ երիտասարդութեան նկատառելի թիւի մը ներկայութեամբ խանդավառեց ներկաները:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ԶՈՄ-ի վարչութեան խօսքով, որուն ընդմէջէն վարչութեան անդամ Փաթիլ Գէորգեան յայտնեց, թէ ճաշկերոյթը  միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներէն մէկն է: Փաթիլ Գէորգեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ միութեան յոբելեանը արժանավայել ձեւով նշելու համար ԶՈՄ-ի վարչութիւնը որոշած է մէկ նախաձեռնութեան փոխարէն, տարբեր ոլորտներու մէջ ձեռնարկներ կազմակերպել: Կատարուած աշխատանքներէն են` քաղաքական ոլորտի մէջ քննարկում-կլոր սեղան, ընկերային ծառայութեան ոլորտին մէջ «Առողջապահական օր»,  իսկ դաստիարակչական մարզին մէջ` լսարան-աշխատանոց` արդիական ձեւերով անդրադառնալու տեղահանումին, ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:

Յաջորդ աշխատանքներէն են` Երեխաներու իրաւունքները տագնապներու ընթացքին (համերգ եւ ցուցահանդէս), «ԶՈՄԹալքս»-ի դասախօսական շարքերու նուիրուած օր մը, ԶՈՄ-ի 115-ամեակի պատմութեան գիրքի հրատարակութիւն ու «օտիոպուք», եւ նկարահանումի մրցում, որուն նպատակն է անդրադառնալ համաշխարհային մակարդակի վրայ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն:

Իր խօսքի աւարտին Փաթիլ Գէորգեան նշեց, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Զաւարեան ուսանողական միութեան նշեալ նախաձեռնութիւններուն` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ նուիրատուութիւններով իրենց մասնակցութիւն բերած անհատներուն:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց h-pem.com-ի Տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի Եւ Յանձնախումբի Անդամ Վաչէ Փափազեանի Հետ

Յաջորդը

Կը Շարունակուին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Ներկայացումները Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.