Գաղութային

Մուսա Լերան Հրաժեշտի Օրուան Նշում  Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Մուսա Լերան Հրաժեշտի Օրուան Նշում Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 28 յուլիսին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ աղաւնի թռցնելու արարողութիւն: Ապա յուշարձանի համալիրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Բացման խօսքով Ռիթա Լագիսեան ողջունելէ ետք ներկաները ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց ներկաներուն Այնճարի 80-ամեայ պատմութեան` ըսելով. «17 յուլիս 1939-ի վարդավառի տօնին, մուսալեռցին կամաւորաբար լքեց իր հայրենի...

Արցախի Մէջ Կ՛ընթանայ Հյդ Համաարցախեան 3-րդ Բանակումը

Արցախի Մէջ Կ՛ընթանայ Հյդ Համաարցախեան 3-րդ Բանակումը

ՀՅԴ Արցախի պատանեկան վարչութեան նախաձեռնութեամբ 25 յուլիսին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ սկսած է ՀՅԴ համաարցախեան 3-րդ բանակումը: Անիկա նուիրուած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերաբացման 30-ամեակին: Բանակումը նախատեսուած է ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ ընդգրկուած պատանիներու եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն համար: Բանակումին կը մասնակցին աւելի քան 80 պատանիներ` Արցախի շրջաններէն եւ Ստեփանակերտ...

Մուսա Լերան Հրաժեշտի Նշում Եւ Վարդավառի  Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Մուսա Լերան Հրաժեշտի Նշում Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 28 յուլիս 2019-ին, հովանաւորութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հրաժեշտի նշում եւ Վարդավառի տօնախմբութիւն: Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Մուսա լերան նահատակներու յուշարձանին մօտ, ուր բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:  

Վարդավառի Նշում` Հայաստանի Մէջ

Վարդավառի Նշում` Հայաստանի Մէջ

Երէկ Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը` Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը: Հայ առաքելական եկեղեցին Պայծառակերպութեան տօնը կը նշէ նաեւ Վարդավառ անուանումով: Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Վարդավառը կը յիշուի իբրեւ շարժական տօն, Զատիկէն 28 օր ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիս 28-էն մինչեւ օգոստոս 1: Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին  հետ:    

Էլեն Սեկարայի Յուզիչ Անակնկալը`  Լիբանանահայ Համայնքին

Էլեն Սեկարայի Յուզիչ Անակնկալը` Լիբանանահայ Համայնքին

«Փարիզի Աստուածամօր տաճար»-ի Էսմերալտան` աշխարհահռչակ երգչուհի Էլեն Սեկարան, նախանցեալ երեկոյեան իր լիբանանեան մենահամերգը եզրափակած է «Տլէ եաման»-ի կատարումով: Ողջունելով իր լաւ բարեկամը` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, առանց նուագակցութեան, կատարեալ լռութեան մէջ Սեկարան իր մոգական ձայնով հնչեցուցած է «Տլէ եաման»-ը` զայն նուիրելով իր հայուհի մօրը` Թերեզա Գասպարեանին, ու յուզմունքէն ալեկոծուող հայ համայնքին: Բազմահազարնոց համերգին ներկայ եղած են պետական պաշտօնեաներ, երեսփոխաններ,...

Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու  Յիշատակի Ոգեկոչում

Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Երէկ` ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս ժամադրուած էր Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներուն հետ` անոնցմէ ստացած պատգամը վերանորոգելու եւ անգամ մը եւս խոստանալու, թէ անոնց յիշատակը յաւերժ վառ պիտի մնայ, հաստատելու, որ տագնապող ու պահանջատէր Արային, Վաչէին, Սագոյին, Սեդրակին եւ Սիմոնին զոհաբերած գարուն կեանքերը նորանոր գարուններու ծնունդ պիտի տան, պիտի կոփեն սերունդներ, որոնք պիտի քալեն ազգայինն ու...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին  Տիւրզի Համայնքի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Տիւրզի Համայնքի Ներկայացուցիչները

Ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակն էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի անունով` վեհափառը հրաւիրել երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովին: Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին ողջոյնները փոխանցելով` պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքներուն համար, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ միջինարեւելեան ու միջազգային մակարդակներու...

Համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի  Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն.  Արտերկրի Լիբանանցի Երիտասարդներու  Պատուիրակութեան Այնճար Այցելութիւն

Համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Քաղաքապետութիւններուն. Արտերկրի Լիբանանցի Երիտասարդներու Պատուիրակութեան Այնճար Այցելութիւն

22 յուլիս 2017-ին արտերկրի լիբանանցի երիտասարդներու պատուիրակութեան մը այցելութենէն 2 տարի ետք, Համաշխարհային լիբանանեան մշակութային համախմբումը, համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, հինգշաբթի, 25 յուլիս 2019-ին, կազմակերպեց այցելութիւն մը դէպի Այնճար եւ անոր բերդը` ծանօթանալու համար շրջանի զբօսաշրջական եւ մշակութային աւանդական դիմագիծին: Շրջանին մէջ կատարած շրջապտոյտէ մը ետք, պատուիրակութեան ի պատիւ Այնճարի ճաշարաններէն մէկուն մէջ սարքուեցաւ ճաշ, որուն ընթացքին արտերկրի...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, վարչապետարանին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին Մկրտիչեան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցն ու գործունէութիւնը: Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր դրական տպաւորութիւնները ներկայացուց եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին: Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին ՀՄԸՄ֊Ֆրանս (Փարիզ) մեկուսի շրջանին իր կատարած նիւթաբարոյական ու տարիներու վրայ երկարող օժանդակութեան եւ ներդրումին համար: Վարչապետ Սաատ Հարիրի...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը  Կը Շարունակուի Յագեցած Ծրագիրով

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակուի Յագեցած Ծրագիրով

20 յուլիսը 6-րդ օրն էր Համազգայինի ֆորումին: Ֆորումականները նախ այցելեցին Էջմիածինի մայր տաճար, այնտեղ ծանօթացան Գէորգեան ճեմարանին, որմէ ետք քալելով ուղղուեցան Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կան Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի եւ Ռաֆֆիի «Խենթ»-ի հերոս Վարդանի շիրմաքարերը: Ֆորումականներու յաջորդ կեդրոնն էր Սարդարապատի յուշահամալիրը, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մայիսեան յաղթանակի հերոսներուն եւ անգամ մը եւս «ղօղանջել» տուին «զանգերը», ապա...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Յ. Բագրատունի Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Ուաշինկթըն իր կեցութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ - Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ լիբանանեան պատուիրակութեան գործուղման ընթացքին արծարծուած հարցերը: Ապա Բագրատունի դասախօսութիւն տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած վարժողական ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն, որոնք կը գումարէին սեմինարային վերջին նիստը:...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է  Միջազգային Մարզական Պարերու  Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է Միջազգային Մարզական Պարերու Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ ներկայ գտնուած է միջազգային մարզական պարերու մրցում-փառատօնի եզրափակիչին եւ մրցանակներ յանձնած յաղթողներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Նախագահը նման ձեռնարկներու պարբերական իրականացումը կարեւոր նկատած է Արցախի մշակութային կեանքին մէջ:

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու...

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2019-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 15 յուլիս 2019-ին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն: Բացումէն ետք, ֆորումականները խմբային խաղերու ընթացքին աւելի լաւ ծանօթացան իրարու: Անոնք պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի մէջ: Ծանօթացան Օփերայի շուրջ գտնուող արձաններուն` Թումանեան, Սպենդիարեան, Խաչատուրեան, Սարեան, Կոմիտաս,...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պատանեկան Ճամբարի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պատանեկան Ճամբարի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

19 յուլիսին Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Արցախի երիտասարդական միութիւններու անդամներուն կողմէ կազմակերպուած պատանեկան ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան, ծնողներ, հիւրեր: Պատանիները ձեռնարկին բացումը կատարած...

«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 9 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ

«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 9 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ

Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 9 աշակերտներ շաբաթ, 20 յուլիսին հասան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան եւ ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին: 9-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած ճամբարին լիբանանահայ աշակերտները առիթ պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի եւ հայաստանցի պատանիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական եւ մշակութային...

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային Բնակավայրերու  Ծրագիրին Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Կարգ Մը Փողոցներու Կանաչ  Տարածքները Աւելցնել Միտող Նախաձեռնութիւն

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային Բնակավայրերու Ծրագիրին Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Կարգ Մը Փողոցներու Կանաչ Տարածքները Աւելցնել Միտող Նախաձեռնութիւն

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երէկ` ուրբաթ, 19 յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ուշագրաւ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի եւ մօտակայքի շրջաններու  հայ թէ ոչ հայ բնակիչներ հետզհետէ սկսան հասնիլ Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղամասէն դէպի Արաքս թաղ տանող փողոց, ուր երաժշտախառն խանդավառ մթնոլորտի մէջ...

«Առողջապահական Օր»` «Հիմա՛ Քննեցէք Ձեր Ճնշումը  Եւ Վերջակէտ» Խորագիրով

«Առողջապահական Օր»` «Հիմա՛ Քննեցէք Ձեր Ճնշումը Եւ Վերջակէտ» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, «Առողջապահական օր» տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Այս օրը կը կրէր «Հիմա՛ քննեցէք ձեր ճնշումը եւ վերջակէտ» խորագիրը: «Առողջապահական օր»-ը ընդգրկեց արեան ճնշումի անվճար քննութիւն. 186 անձերու ճնշումը չափուեցաւ, եւ որոշ հարցումներ ուղղելէ ետք անհատներուն անոնցմէ խնդրայարոյց պարագաները փոխանցուեցան կեդրոնի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի Մէջ  «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ  Համայնքներուն» Կատարուած Աշխատանքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի Մէջ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» Կատարուած Աշխատանքը

Երէկ առաւօտ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիին ուղղած խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները` ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան: Յայտնենք, որ չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան...

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր»  Ժապաւէնին Նախաձեռնող Խումբի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» Ժապաւէնին Նախաձեռնող Խումբի Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք, որ «Մեթրոփոլիս Ամփիր Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցան Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնած եւ Աշոտ Առաքելեանի բեմադրած «Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէնին նախագծային հատուածները: Այս առիթով «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան ժապաւէնի բեմադրիչ եւ «Տոմինօ փրոտաքշըն»-ի հիմնադիր Աշոտ Առաքելեան, ԳՈՀԱՐ-ի ընտանիքի անդամներէն` Շահէ Խաչատուրեան եւ ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն եւ ժապաւէնի արտադրող Սեւակ...

Page 184 of 365 1 … 183 184 185 … 365

Արխիւներ