Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» Ժապաւէնի Նախագիծի Ցուցադրութիւն

Յուլիս 18, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 17 յուլիսին, «Մեթրոփոլիս Ամփիր Սոֆիլ» շարժապատկերի սրահին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցան Խաչատուրեան ընտանիքին նախաձեռնած եւ Աշոտ Առաքելեանի բեմադրած «Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէնին նախագծային հատուածները (մուտ ռիլ)` լիբանանահայ հիւրերու ներկայութեան:

Հայկական երաժշտութեան եւ մշակոյթի տարածման առումով մեծ աշխատանք տանելէ ետք, Խաչատուրեանները այս անգամ ձեռնամուխ եղած են շարժապատկերի ճամբով հայկական արժէքները հանրութեան ներկայացնելու` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան երեք հարիւր տարուան պատմութեան ընդմէջէն: Շուրջ 20 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրուեցան հիմնական երեք բաժիններ. առաջին բաժինը Կիլիկիոյ պատմութեան առաջին շրջանին մասին էր` սկսելով իշխանութեան հիմքերէն մինչեւ Ռուբինեան հայ մեծագոյն թագաւորները, երկրորդը, պատմական փաստերով կը հրամցուէր Կիլիկիոյ իշխաններուն միջեւ անհամաձայնութիւնները, ներքին հալածանքները, իսկ հիմնական կիզակէտը Կիլիկիոյ միակ գահաժառանգը` Զապէլն է: Երրորդ բաժինով ցոյց կը տրուէին հզօր հիմերու վրայ ստեղծուած թագաւորութեան մշակութային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ, նաեւ` գերհզօր Մեմլուքներու բանակներուն դէմ մղուած կատաղի մարտերը, որոնք պատճառ դարձան Կիլիկեան թագաւորութեան կործանման: Իսկ վերջին տեսարանը Կիլիկիոյ վերջին թագաւորին` Լեւոն Ե.-ին յուղարկաւորութիւնն է` թագաւորական արժանավայել կերպով:

Նման ժապաւէնի մը պատրաստութեան գաղափարը յղացած են Յարութ Խաչատուրեանն ու Սեւակ Սերոբեանը, որ «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Խաչատուրեան ընտանիքին հիմնադրած ԳՈՀԱՐ համոյթը տուաւ համերգներ, որոնց ընթացքին միշտ ալ փառաբանած է ու կը փառաբանէ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, անոր դրօշակը կը բաժնէ ներկաներուն եւ այդ մթնոլորտը միշտ կը փորձէ վառ պահել: Ըստ անոր, այս համերգներէն ետք յատկապէս լիբանանցի բարեկամներ յայտնած են, որ հայութեան նախաձեռնութիւններուն առանցքը միշտ ալ կազմած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` հարց տալով, թէ հայութիւնը արդեօք թագաւորութիւններ, յաղթանակներ չէ՞ ունեցած: Սեւակ Սերոբեան յայտնեց, որ այս արտայայտութիւնները մղած են զիրենք մտածելու այս մասին, փնտռտուքներ կատարելու եւ անդրադառնալու, որ հայկական թագաւորութիւններուն մասին իսկապէս ալ օտար հանրութեան մատչելի նկարներ, ժապաւէններ գոյութիւն չունին: Առ այդ, անոնք որոշած են ձեռնարկել նման քայլի մը, որպէսզի մարդիկ գիտնան հայութեան պանծալի օրերուն մասին եւս եւ հայութիւնը չճանչնան միայն Ցեղասպանութեամբ:

Գաղափարը գործի վերածելու համար, ըստ Սեւակ Սերոբեանի, կատարուած են ուսումնասիրութիւններ, կապեր հաստատուած են պատմաբաններու հետ, որոնց հետ համադրաբար պատրաստուած է բեմագրութիւնը, ստեղծուած է շարժանկարային համապատասխան միջավայրը, մթնոլորտը:

Խաչատուրեաններուն եւ այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուածներուն հիմնական նպատակներէն եղած է նաեւ այն, որ պատրաստուելիք ժապաւէնը մրցի միջազգային ժապաւէններուն հետ եւ հասնի միջազգային շուկայ, իսկ ասիկա ընելու համար անհրաժեշտ են գործընկերներ, որպէսզի այս հսկայական ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:

Այս առիթով Լիբանան գտնուող բեմադրիչ եւ բեմագիր Աշոտ Առաքելեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ նկատի ունենալով, թէ ժապաւէնը կը պատմէ Կիլիկիոյ մասին, շատ յարմար սեպուած է նկարահանումները կատարել Հայաստանի մէջ` օգտագործելով անոր բնաշխարհն ու ամրոցները: Ըստ անոր, նկարահանող խումբն ու դերասանական կազմը եղած են հայեր. դերասաններու ընտրութեան ընթացքին շեշտը դրուած է ո՛չ թէ անոնց նշանաւոր ըլլալուն վրայ, այլ անոնց արհեստավարժութեան, կերպարներու համապատասխանութեան: Այս նախագծային հատուածներու պատրաստութեան ընթացքին նկատի առնուած են միջազգային բոլոր պայմանները` նկարահանման վայր, վիժուըլ իֆեքթի եւ մոնթաժի յատուկ մասնագիտական խմբակ: Ըստ անոր, տակաւին ճշդուած չէ, թէ այս ժապաւէնը ի՛նչ ոճով պիտի ներկայացուի` մասերով, ֆիլմաշարի ձեւով, թէ այլ:

Խօսելով բեմագրութեան մասին` Աշոտ Առաքելեան յայտնեց, որ հիմնուած են պատմական տուեալներու վրայ, համադրում կատարուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան մասնագէտ պատմաբաններու հետ, անոնց խորհուրդները նկատի առնուած են:

«Կիլիկա` Առիւծներու Երկիր» եռամաս ժապաւէն պատրաստելու ողջունելի նախաձեռնութեան շատ փոքր մէկ բաժինը ցուցադրուեցաւ երէկ, սակայն անիկա խորքին մէջ երեք տարուան հսկայական աշխատանքի մը արդիւնքն էր, որովհետեւ իբրեւ գաղափար, նիւթ եւ արտադրութիւն շատ տպաւորիչ ու ազդեցիկ էր, իսկ նման ժապաւէնի մը ամբողջութիւնը հանրութեան ներկայացնելը իսկապէս մեծ նուաճում պիտի ըլլայ հայութեան համար:

Գոհար Խաչատուրեան
Աշոտ Առաքելեան , Յարութ Խաչատուրեան, Սարօ Սերոբեան եւ Սեւակ Սերոբեան
Նախորդը

«ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ըստ Արժանւոյն Նշումէն Ետք Դէպի Նոր 100-ամեակ Անցում Կատարեցինք Ուրախալի Եւ Հպարտալի Նորութիւններով` Միշտ Միութեան Նկատմամբ Նոյն Հաւատքով Ու Վստահութեամբ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան

Յաջորդը

Ռազմակայան Ներխուժման Կոչերէ Ետք. Ամերիկեան Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Պաշտպանելու «51-րդ Շրջան» Գաղտնի Ռազմակայանը

RelatedPosts

Գերլարուած Վիճակ` Շրջանային  Մակարդակի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Գերլարուած Վիճակ` Շրջանային Մակարդակի Վրայ

Յունիս 24, 2025
Իրան Կը Յայտարարէ «Ֆաթհի Աւետիս» Գործողութեան Սկիզբը Քաթարի Ամերիկեան Խարիսխներուն Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Կը Յայտարարէ «Ֆաթհի Աւետիս» Գործողութեան Սկիզբը Քաթարի Ամերիկեան Խարիսխներուն Դէմ

Յունիս 24, 2025
Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին.  «Հայաստանը Շահագրգռուած  Չէ Ռազմական Մագլցումով»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան Հիասթափուած Է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Փաստաթուղթերու Ձեւակերպումներէն

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?