Այսօր` չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա` Առիւծներու երկիրը» ժապաւէնէն նախագծային հատուածներու ցուցադրութիւնը:
Բարձր որակեալ այս ժապաւէնի նախագծային հատուածները ցոյց կու տան հայոց պատմութեան մեծագոյն էջերէն մէկը, Փոքր Ասիոյ մէջ հիմնուած Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը` իր երեք դարերու գոյութեան ընթացքին (1080-1375), երբ հայերը դիմադրեցին ամէն տեսակ թշնամիներու, պայքարեցան ազատութեան համար, ստեղծեցին իշխանութիւն, ապա` հզօր թագաւորութիւն: Ժապաւէնը պիտի բաղկանայ երեք մասերէ: Անիկա նախաձեռնութիւնն է Խաչատուրեան ընտանիքի եւ ԳՈՀԱՐ-ի: