ՀՅԴ Արցախի պատանեկան վարչութեան նախաձեռնութեամբ 25 յուլիսին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ սկսած է ՀՅԴ համաարցախեան 3-րդ բանակումը: Անիկա նուիրուած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի վերաբացման 30-ամեակին:
Բանակումը նախատեսուած է ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ ընդգրկուած պատանիներու եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն համար:
Բանակումին կը մասնակցին աւելի քան 80 պատանիներ` Արցախի շրջաններէն եւ Ստեփանակերտ քաղաքէն: Օրակարգին վրայ ընդգրկուած են շարային պատրաստութիւններ, ծանօթացում զէնքի օգտագործման կանոններուն, բացօթեայ աշխատանքներ, երգի ու պարի ուսուցում, արշաւներ, մարզական ու զարգացման խաղեր:
Բանակումի ընդհանուր պատասխանատուն է արցախեան շարժման աշխուժ մասնակից, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Հարմիկ Յովսէփեան, բանակումին հրաւիրուած է նաեւ ազատամարտիկ Անդրանիկ Ապոյեան:
Բանակումի մասնակիցներուն համար դասախօսութիւններով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: