Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Ցաւակցական Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցական Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիին յղեց նամակ մը` դատապարտելով Գահիրէի Քասր Այնի շրջանին մօտ արձանագրուած ահաբեկչական միջադէպը: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` համոզում յայտնելով, որ Եգիպտոս պիտի կարենայ իր վճռակամութեանբ յաղթահարել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ վերականգնել իր կայունութիւնն ու ապահովութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Դեսպանը վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու մասին: Յայտնենք, որ դոկտ. Ֆարիտ Խազեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Պուրճ Համուտի Արագած Շրջանի  Բարեզարդման Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Պուրճ Համուտի Արագած Շրջանի Բարեզարդման Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Արագածի շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին երէկ` երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հետաքրքական եւ շահեկան հաւաք մը տեղի ունեցաւ Արագածի ակումբին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ շրջանի բնակիչ ազգայիններու հոծ բազմութեան: Հաւաքին բացումը կատարեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Պօղոս Գազէզեան, որ ողջունելով ներկաները սեղմ գիծերու մէջ պարզեց հաւաքին առիթն ու նպատակը: «Այսօր հոս հաւաքուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վահագն Տատրեանի  Մահը Կորուստ Մըն Է  Ազգային Պահանջատիրութեան»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վահագն Տատրեանի Մահը Կորուստ Մըն Է Ազգային Պահանջատիրութեան»

Կիրակի, 4 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը ցաւով իմացաւ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ: Յայտնենք, որ 1999-ին վեհափառ հայրապետը փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը` ըսած էր. «Շնորհիւ իր գերագոյն ճիգին, ան կրցաւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցական Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Մեքսիքայի Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին` ցաւակցութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Էլ Փասօ քաղաքին եւ Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար: Հայ դատի մարմինը ցաւ յայտնեց անմեղ քաղաքացիներու դէմ կատարուած անարդարանալի յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը...

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան  36-ամեակի Ոգեկոչում

Այնճարի Մէջ Լիզպոնի Գործողութեան 36-ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` կիրակի, 4 օգոստոս 2019-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 36-ամեակի ոգեկոչում` «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ: Օրուան պատգամախօսն էր Արմէն Թաշճեան: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կողմէ պատրաստուած էր յատուկ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:  

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Չորս Երիտասարդ Միաբաններ Կը Ստանան  Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճաններ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Չորս Երիտասարդ Միաբաններ Կը Ստանան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճաններ

Կիրակի, 4 օգոստոս 2019-ին, յընթացս Անթիլիասի մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Զաւէն աբղյ. Նաճարեան եւ Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ խարտաւիլակուեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի: Վարդապետական աստիճանի տուչութեան հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագի...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան  Պատմաբան, Իրաւագէտ  Եւ Գիտնական Վահագն Տատրեանը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմաբան, Իրաւագէտ Եւ Գիտնական Վահագն Տատրեանը

93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, ուսողագէտ, ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ՀՀ ԳԱԱ) պատուոյ դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան պատմաբան եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանը, այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ին, կը տեղեկացնէ gagrule.net-ը: Վահագն Տատրեան ծնած է 1926-ին, Պոլիս: Աւարտած է Պերլինի համալսարանի ուսողութեան, Վիեննայի համալսարանի...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 15-րդ Ամառնային  Ճամբարները Սկիզբ Առին

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 15-րդ Ամառնային Ճամբարները Սկիզբ Առին

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը 31 յուլիսին Հայաստանի մէջ սկսաւ իր 15-րդ ամառնային ճամբարը, որ կը զուգադիպի ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին: Ութ ընկերներ արդէն իսկ Հայաստանի եւ Արցախի չորս տարբեր շրջաններու մէջ կը գտնուին` կազմակերպելու գիւղաքաղաքներու մանուկներուն կողմէ շատ սպասուած ճամբարները: Այս տարի 500-է աւելի պատանիներ` Հայաստանի Գառնիի, Աբովեանի, Հրազդանի եւ Արցախի Մարտունիի շրջաններուն մէջ կը մասնակցին այս ճամբարներուն: Ճամբարները կը կազմակերպուին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ  Հայաստանի Դեսպան Կարէն Ղազարեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Կարէն Ղազարեանը

Երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանը` իր կնոջ հետ: Դեսպան Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ Մալթայի մէջ: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու յատկապէս Վատիկանի հետ հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութեան: Ապա, տէր եւ տիկին Նազարեաններ ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին:

Արցախը Պատրաստ Է Համահայկական  7-րդ Ամառնային Խաղերու Բացման

Արցախը Պատրաստ Է Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Բացման

Արցախը պատրաստ է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան: «Միասնութեան ջահը պիտի վառի օրեր անց` 6 օգոստոսին: «Մարզամշակութային յագեցած ձեռնարկներ, որոնք այս օրերուն պիտի վկայեն մեր ամբողջականութեան, ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն հաւատարմութեան մասին: «Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքները կ՛աւարտին: Ս. Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ալ...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 33 Դիմումի Ընդառաջում` Յուլիս Ամսուան Ընթացքին. 27-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 425 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յուլիս 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 33 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յունիս 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 392 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 14  զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 18 պարագաներ, որոնք...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Օտրէ Ազուլէին

  ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրէ Ազուլէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնեց կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային գործակցութեան ճամբով աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու անվտանգութեան նպաստող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան, ինչպէս նաեւ գնահատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի մշակութային, պատմական եւ բնական գոհարներու պահպանման ջանքերը: Մարմինը, սակայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին յիշեցուց, որ շարք մը միջազգային...

«Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային Ռատիօ Գործակցութեան Ամրապնդում

«Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային Ռատիօ Գործակցութեան Ամրապնդում

Չորեքշաբթի, 31 յուլիսի կէսօրին, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան Երեւանի մէջ այցելեց Հանրային ռատիոյի կեդրոն եւ շուրջ մէկ ժամուան տեսակցութիւն մը ունեցաւ նոր նշանակուած տնօրէն Գարեգին Խումարեանի հետ: Տեսակցութեան սկիզբը, Վիգէն Աւագեան Խումարեանը շնորհաւորեց նոր պաշտօնին ստանձնման առիթով եւ ներկայացուց «Վանայ Ձայն»-Հայաստանի Հանրային ռատիօ քանի մը տարուան գործակցութեան դրական արդիւնքները: Ան շեշտեց գործակցութեան շարունակման եւ ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` հարազատ հայ երգի...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Այցելութիւնը Ս. Էջմիածին Եկեղեցի

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի Այցելութիւնը Ս. Էջմիածին Եկեղեցի

Վրաստան կատարած երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 յուլիսին այցելեց վիրահայոց թեմի Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցի, ծաղիկներ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնած բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի արձանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին դիմաց: Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցաւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Մնացականեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի արդի միջպետական յարաբերութիւնները, որոնք կ՛ընթանան...

Իր Աւարտին Հասած Է «Համազգայինի  Ուսանողական Հաւաք-2019» Ծրագիրը

Իր Աւարտին Հասած Է «Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք-2019» Ծրագիրը

Համազգայինի նախաձեռնութեամբ արդէն 25-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցած է ուսանողական հաւաքը (ֆորումը): Աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայրենիք հասած երիտասարդներու մասնակցութեամբ հաւաքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 15 յուլիսին: Երկշաբաթեայ ծրագիրի ընթացքին շուրջ 35 երիտասարդներ, որոնց մէկ  մասը առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք կը գտնուին, առիթը ունեցան ծանօթանալու Հայաստանի եւ Արցախի ներքին կեանքին, այցելելու պատմական-մշակութային, կրթական կոթողներ, թանգարաններ, կապեր հաստատելու այլ շրջաններու հայ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Բեմադրիչ  Երուանդ Ղազանչեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեան

Մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեան: Երուանդ Ղազանչեան ծնած է 2 յունիս 1937-ին, Երեւան: 1974-էն կը դասաւանդէ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հաստատութեան մէջ (1991-էն` փրոֆեսէօր): 1995-2007-ի ժամանակահատուածին եղած է Հայաստանի թատերական գործիչներու  միութեան նախագահը: 1986-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական մրցանակով, 2005-ին` «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումով, 2008-ին` Հայ եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով: 1974-ին արժանացած է...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»  Շքանշանով Պարգեւատրեց  Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը

Երկուշաբթի, 29 յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց գեղանկարչութեան արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանը: Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր սրբատառ կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հոգեկան ուրախութիւն է մեզի համար լուսարձակի տակ բերել ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս արուեստի ու յատկապէս գեղանկարչութեան...

Լիբանանահայ Պատանիները  Մասնակցած Են «Ասպետ» Ճամբարին

Լիբանանահայ Պատանիները Մասնակցած Են «Ասպետ» Ճամբարին

11-րդ տարին անընդմէջ Արցախի Այգեստան համայնքի տարածքին մէջ  տեղակայուած վայրին մէջ տեղի ունեցող «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը հայրենիքի ապագայ պաշտպաններուն ռազմական գործին ծանօթացնելու նպատակ ունի: Ճամբարին կը մասնակցին ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրէն եւ Լիբանանէն եկած պատանիներ: 21-էն 28 յուլիսին տեղի ունեցած  ճամբարին այս տարի Լիբանանի հայկական վարժարաններէն հասած 9 աշակերտներ կը մասնակցին: Ծրագիրին լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցելու նախաձեռնութիւնը...

Page 183 of 365 1 … 182 183 184 … 365

Արխիւներ