Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առողջապահական Օր»` «Հիմա՛ Քննեցէք Ձեր Ճնշումը Եւ Վերջակէտ» Խորագիրով

July 20, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2019-ին, «Առողջապահական օր» տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Այս օրը կը կրէր «Հիմա՛ քննեցէք ձեր ճնշումը եւ վերջակէտ» խորագիրը: «Առողջապահական օր»-ը ընդգրկեց արեան ճնշումի անվճար քննութիւն. 186 անձերու ճնշումը չափուեցաւ, եւ որոշ հարցումներ ուղղելէ ետք անհատներուն անոնցմէ խնդրայարոյց պարագաները փոխանցուեցան կեդրոնի հոգատարութեան: Ասոր առընթեր, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ «Արեան գերճնշում» նիւթով դասախօսութիւն ներկայացուեցաւ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Սթեֆանի Դանիէլեան: Ան խօսեցաւ «Առողջապահական օր» արշաւի նպատակին մասին եւ յայտնեց, որ այս դասախօսութեան ընթացքին խորհուրդներ եւ գիտելիքներ պիտի ներկայացուին արեան գերճնշումի պատճառներուն, բարդութիւններուն եւ բուժման միջոցներուն մասին:

Ապա Դանիէլեան հրաւիրեց օրուան դասախօս, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ, սրտաբան տոքթ. Սահակ Քէշիշեանը` ներկայացնելու «Արեան գերճնշում» նիւթը: Ան սահմանեց արեան գերճնշում բառը եւ ըսաւ, թէ անիկա արեան բարձր ճնշումն է: Արեան ճնշումը այն ուժն է, որ երբ սիրտը կծկուի, իր մէջի եղած արիւնը կը փոխադրէ դէպի մարմնին բոլոր երակները: Այդ փոխանցուած արիւնը որոշ ճնշում կը ստեղծէ երակներուն մէջ եւ ատիկա արեան ճնշում կը կոչուի: Մենք դիւրութեամբ կրնանք արեան ճնշումը չափել մեր մարմնի տարբեր մասերուն մէջ: Արեան գերճնշումը հիւանդութիւն մըն է, որ չենք զգար, չենք տեսներ, անոր համար ասիկա կը կոչուի լուռ կամ համր հիւանդութիւն: Հարիւրէն յիսունը մարդոց, որոնք կը տառապին արեան գերճնշումէ, չեն գիտեր, որ արեան գերճնշում ունին: Այս հիւանդութենէն կրնան տառապիլ բոլոր մարդիկը: Ան թուեց այս հիւանդութեան կարգ մը պատճառները, ինչպէս` ժառանգական, կենցաղային եւ ապրելակերպի: Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան ներկայացուց Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած վիճակագրութիւնը, ըստ որուն Լիբանանի բնակիչներէն հարիւրէն երեսունեօթը կը տառապին արեան գերճնշումէ, անոնցմէ կէսը տեղեակ չէ, որ արեան գերճնշում ունի, իսկ մնացեալ կէսը բուժումի կ՛ենթարկուի: Ան եզրակացուց  այս ուսումնասիրութիւնը եւ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արեան գերճնշում ունեցող հիւանդներէն միայն մէկ երրորդը բնական վիճակի մէջ է:

Ապա ան խօսեցաւ արեան գերճնշման հիւանդութեան վտանգին մասին եւ ըսաւ, թէ համաձայն ուսումնասիրութեան մը, աշխարհի մէջ մահերու 14 առ հարիւրը կու գայ արեան գերճնշումէ, բաղդատած այլ հիւանդութիւններու: Մենք այս թիւը կրնանք իջեցնել կարգ մը միջոցներով: Եթէ արեան ճնշումը բարձր ըլլայ, մենք հակամէտ կ՛ըլլանք սրտի կաթուածի, ուղեղի կաթուածի, անդամալուծութեան եւ երիկամունքներու վնասի: Ան նշեց, որ մարմնին բոլոր օրկանները, որոնք արիւնով կը մատակարարուին, ենթակայ են արեան գերճնշման բարդութիւններու, եթէ արեան ճնշումը բարձր է:

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան յայտնեց, որ ընդհանրապէս արեան գերճնշման պատճառները անյայտ են: Գոյութիւն ունին առաջնային արեան գերճնշում եւ  երկրորդային արեան գերճնշում:

Ան խօսեցաւ նաեւ արեան գերճնշման վտանգաւոր գործօններուն մասին, ինչպէս` նստակեաց կեանքը, մարզանքի պակասը, տարիքը, երկու սեռերը ենթարկուած են արեան գերճնշման, աւելորդ կշիռքը, գերյոգնածութիւնը, ծխախոտը, աղի օգտագործումը, ալքոլի չարաշահումը: Ասոնք բացասական ձեւով կ՛ազդեն մեր առողջութեան վրայ: Ան յայտնեց, որ այս հիւանդութիւնը ունի նաեւ գէշ ընկերներ, ինչպէս` բարձր քոլեսթերոլ, շաքարախտ, սրտի հիւանդութիւն, երիկամունք: Այս պարագային արեան գերճնշման հիւանդութեան զուգահեռ այս հիւանդութիւններն ալ պէտք է բուժել:

Արեան գերճնշման հիւանդութենէ տառապողը բան մը չի զգար: Պատահականօրէն անիկա կը յայտնաբերուի: Եթէ հիւանդը տառապի գլխացաւէ, քիթի արիւնահոսութենէ, գլխապտոյտէ, տեսողութեան տկարացումէ, գիտակցութեան կորուստէ, ան պէտք է արեան ճնշումը չափէ: Ան խօսեցաւ նաեւ արեան ճնշումը չափելու ձեւերու մասին` ժամացոյցով եւ տիճիթըլով: Արեան ճնշումը նստած պէտք է չափել, հանգիստ աթոռի վրայ, արմուկը դրուած ըլլայ սեղանին վրայ: Արեան ճնշումը պէտք է չափել յստակ ժամերու` առտու կամ իրիկուն: Առտու չափելը աւելի նախընտրելի է: Հիւանդը 15 վայրկեան հանգստացած պէտք է ըլլայ նախքան չափելը: Անիկա պէտք է չափել ձախ ձեռքէն, որովհետեւ սիրտին աւելի մօտ է:

Ան անդրադարձաւ նաեւ արեան ճնշումը չափելու տարբեր ձեւերու: Ան խօսեցաւ նաեւ արեան ճնշման բնական թիւերուն եւ հիւանդութեան յայտնաբերման մասին` նշելով, որ իտէալական 12-8-ի միջեւ է: Եթէ ասկէ ցած է կամ բարձր, ճնշում ունեցողները պէտք է հետեւին իրենց ճնշումին, եւ եթէ շարունակէ այսպէս մնալ, ապա պէտք էր դիմել բժիշկին: Ան նշեց, որ արեան գերճնշում ունեցողը պէտք է իր կշիռքը բնական սահմաններուն մէջ պահէ, պէտք է մարզանք ընէ, տուփեղէններ եւ բանջարեղէններ ուտէ, ծխելէ հեռու մնայ, քաֆէինէ պէտք է խուսափի, թեթեւցնէ աղի քանակը, բաւարար ջուր խմէ, պէտք է թեթեւցնէ շաքարի եւ իւղի քանակութիւնը, ալքոհոլը նուազեցնէ, սթրեսներէ եւ աւելորդ յոգնութենէ հեռու մնայ:

Դասախօսը նշեց, որ արեան գերճնշում ունեցող հիւանդը միայն բժիշկին խորհուրդով պէտք է առնէ դեղահատը: Հիւանդը իրաւունք չունի որեւէ դեղ առնելու` ոչ մասնագէտ անհատի մը թելադրութեամբ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին:

Նախորդը

Առանց Յովսէփի… (Յովսէփ Պարազեանի Յիշատակին) Վկայութիւն Մը

Յաջորդը

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային Բնակավայրերու Ծրագիրին Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Կարգ Մը Փողոցներու Կանաչ Տարածքները Աւելցնել Միտող Նախաձեռնութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.