Երէկ Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը` Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը:
Հայ առաքելական եկեղեցին Պայծառակերպութեան տօնը կը նշէ նաեւ Վարդավառ անուանումով: Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Վարդավառը կը յիշուի իբրեւ շարժական տօն, Զատիկէն 28 օր ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիս 28-էն մինչեւ օգոստոս 1:
Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ: