Գաղութային

Բազմահազար Ժողովուրդի Ներկայութեան`  Ս. Աստուածածնայ Տօնը  Նշուեցաւ Համանուն Վանքին Մէջ

Բազմահազար Ժողովուրդի Ներկայութեան` Ս. Աստուածածնայ Տօնը Նշուեցաւ Համանուն Վանքին Մէջ

Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական եւ ազգային դիմագիծերը: Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՛ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի ընծայումը: Ասիկա ո՛չ միայն իր...

Արագած Շրջանի Բարեզարդման  Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Արագած Շրջանի Բարեզարդման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ ընկերակցող պատուիրակութիւն մը շրջեցան Արագածի շրջանին մէջ, ուր մօտէն հետեւեցան անցեալ շաբթուան ընթացքին շրջանին մէջ ընթացք առած Արագածի շրջանի բարեզարդման ու մաքրութեան արշաւին, որ կ՛ընդգրկէր զանազան բաժիններ եւ արդէն տուած է իր շօշափելի արդիւնքը: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանն ու ընկերակցող պատուիրակութիւնը ծանօթացան անցեալ շաբթուան ընթացքին...

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին.  Լանջախաչի Շնորհում Ս. Աստուածածին  Եկեղեցւոյ Հովիւ Առաքել Քհնյ. Տմտըմեանի

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին. Լանջախաչի Շնորհում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Առաքել Քհնյ. Տմտըմեանի

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Առաջնորդ սրբազանը պատարագի ընթացքին ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտըմեանին:  Սրբազանը յայտնեց, որ օրին ինք խնդրամատոյց եղած...

«Էլեմընթ» Խումբը Իւրայատուկ Երեկոյ  Պարգեւեց Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն

«Էլեմընթ» Խումբը Իւրայատուկ Երեկոյ Պարգեւեց Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին լիբանանահայ արուեստասէրները «Վասպուրական» սրահին մէջ ժամադրուած էին հայերէն սիրուած ստեղծագործութիւնները նոր յօրինուած իւրայատուկ մեղեդիներով ու երաժշտութեամբ ներկայացնող իւրայատուկ խումբին` «Էլեմընթ»-ին երկու անդամներուն հետ, որոնք անմոռանալի ու արժէքաւոր պահեր պարգեւեցին ներկաներուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան: Խումբի հիմնադիր ու կիթառահար Արա Տապանճեան եւ երգչուհի...

Նախարար Ռիշար Գույումճեան  Ընդունեց ԼՕԽ-ի Պատուիրակութիւնը

Նախարար Ռիշար Գույումճեան Ընդունեց ԼՕԽ-ի Պատուիրակութիւնը

Անցեալ շաբաթավերջին ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ, սրտաբան տոքթ. Սահակ Քէշիշեանը եւ կեդրոնի տնօրէն Գրիգոր Հաշէօլեանը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ի գործ դրուելիք աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:  

Աւելի Քան Հազար Ուխտաւորներ Մասնակցեցան  Դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Ուխտերթին

Աւելի Քան Հազար Ուխտաւորներ Մասնակցեցան Դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Ուխտերթին

Ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երրորդ տարին ըլլալով, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, ուխտերթութիւն մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտերթին մասնակցեցան աւելի քան հազար հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ եւ դպրաց դասեր:

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Շաբաթը  Այս Տարի Եւս Հաւատացեալներու  Հոծ Բազմութեամբ Նշուեցաւ

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Շաբաթը Այս Տարի Եւս Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեամբ Նշուեցաւ

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 12-16 օգոստոս 2019-ին Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի կուսութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց Աշոտ աբղյ. Խաչատուրեան: Երեկոյեան պատարագը մատուցեց Օշին աբղյ. Չուալերթանեան, իսկ Մակար...

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Արշաւի  Նորագոյն Կանգառը` ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Ակումբ

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Արշաւի Նորագոյն Կանգառը` ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Ակումբ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած` շրջանի բարեզարդման եւ մաքրութեան արշաւը աշխուժ թափով կը շարունակուի: Այս արշաւի նորագոյն կանգառը եղաւ ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբը, ուր դէպի Տըքուանէ առաջնորդող կամուրջի աջ կողմը գտնուող Ժողովրդային շէնքերու բնակիչներ երէկ` չորեքշաբթի, 14 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հանդիպում-զրոյց մը  ունեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան հետ: Շրջանի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին անունով թաղապետ Մկօ Խտըրլարեան ողջունեց ներկաները եւ...

ԶՈՄ-ականները` ՀՅԴ Ստեփանակերտի  «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ

ԶՈՄ-ականները` ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ

13 օգոստոսին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ պատանեկան ճամբար իրականացնող ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ Հրակ Գարամինասեանը եւ Սելին Գրիգորեանը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Սերկէյ Շահվերդեանի եւ Աշոտ Պետրոսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ԶՈՄ-ի անդամները ներկայացուցած են Մարտունիի մէջ ընթացող ճամբարին ընթացքը, քննարկած ճամբարներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցը: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ողջունելով...

Ենգիբարեանի Անուան Մնջախաղի Փառատօնը «Արմէնփրես»-ը Պարգեւատրեց Ոսկիէ Մետալով

Ենգիբարեանի Անուան Մնջախաղի Փառատօնը «Արմէնփրես»-ը Պարգեւատրեց Ոսկիէ Մետալով

«Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը արժանացաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային փառատօնի ոսկիէ մետալին` իբրեւ փառատօնի գլխաւոր տեղեկատուական գործընկեր: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` 14 օգոստոսին, փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ոսկիէ մետալը գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանին յանձնեց Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի գլխաւոր արտադրող Ժիրայր Դադասեան: «Չորրորդ տարին անընդմէջ մենք միասնաբար կ՛իրականացնենք մնջախաղի փառատօնը միջազգայնացնելու աշխատանքը, եւ ես ուրախ եմ, որ...

Բագրատունի Ընդունեց  Դեսպան Աթաբէկեանը

Բագրատունի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

Երէկ առաւօտ «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպան Աթաբէկեան խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական կապերու ուղղութեամբ իրականացուող վերջին աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք խորհրդակցութիւնները ընթացան Լիբանանի հայութեան առնչուած ընդհանուր հարցերուն վերաբերեալ: Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Պէյրութ-Երեւան կապերու զարգացման ուղղութեամբ մշակուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին: Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր վեհափառ հայրապետին եւ դոկտ....

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Երանելի  Իգնատիոս Մալոյեանի Ծննդեան 150-ամեակին

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Ծննդեան 150-ամեակին

Կիրակի, 11 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զմմառու մայրավանքի երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երանելիին ծննդեան 150-ամեակին  նուիրուած յուշ-երեկոյ: Յոբելեանին նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը: Սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան կազմակերպութեամբ: «Տէրունական աղօթք»-ով եւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ ընթացք առած յուշ-երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ (հայերէնով)...

Շարունակելով Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Արշաւը` Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Դարձեալ Այցելեց «Սերոբ Աղբիւր» Ակումբ

Մօտ հինգ ամիսներ առաջ փողոցներու կիրակնօրեայ մաքրութեամբ սկսած Պուրճ Համուտի բարեզարդման արշաւը կը շարունակուի` թեւակոխելով նորանոր փուլեր ու ոլորտներ: Այս ծիրին մէջ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կրկին անգամ այցելեց Պուրճ Համուտի Ժողովրդային շէնքերու ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ակումբ: Շրջանի բարեզարդման կարիքներու լուծման եւ բնակիչներուն մտահոգութիւնները լսելու կոչուած այս հաւաքին բացումը կատարելով` Մարալ Մխսեան պարզեց...

Արագած Շրջանի Բարեզարդման  Եւ Մաքրութեան Առաջին Քայլերը

Արագած Շրջանի Բարեզարդման Եւ Մաքրութեան Առաջին Քայլերը

Երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ին,  Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Արագածի ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր շրջանի բնակիչներուն հետ, որուն ընթացքին խօսուած էր Արագածի շրջանի բարեզարդման ու մաքրութեան գծով առնուելիք քայլերուն մասին: Հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին կողմէ, արդէն տուած է իր գործնական արդիւնքը: Արդարեւ, կիրակի, 11 օգոստոս 2019-ին, շրջանին բնակիչներն ու քաղաքապետարանի աշխատակազմը կատարած են Արագածի փողոցներու...

Այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին

Այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինի ատենապետին, այցելեց Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին արծարծուեցան շրջանը յուզող տարբեր հարցեր: Ապա, վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք 80-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն մասին, խոստացաւ մեծ պատուիրակութեամբ ներկայանալ եզրափակիչ հանդիսութիւններուն:  

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան Մեկնեցաւ Գիւմրի

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան Մեկնեցաւ Գիւմրի

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին եւ Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» թատերախումբին միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան ծիրին մէջ, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան մեկնեցաւ Գիւմրի, ուր պիտի բեմադրէ թատերագիր Արա Արծրունիի «բարի լոյս պարոն Մաթէոս» թատերախաղը` համագործակցութեամբ Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» թատերախումբին: Այսպիսով, սկիզբ կը դրուի առաջին գործնական համագործակցութեան քայլի մը, որուն արդիւնքները յուսադրիչ են` նկատի ունենալով ստեղծուած խանդավառութիւնը «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի մայիս...

27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի  Կառուցուի Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ

27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի Կառուցուի Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 7 օգոստոսին ընդունած է «Արցախ Ռութց ինվեսթմենթ - (ԱՌԻ) ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանն ու Վաչէ Մելքոնեանը: Քննարկուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ («Առիաւան» թաղամաս») տասներկու եւ Շահումեանի շրջանի կեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ («Սիտնի» թաղամաս») տասնհինգ տուներ կառուցելու ծրագիրին առնչուող հարցեր: Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ընկերային տարբեր խումբերու  համար նախատեսուած բնակարանները...

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման  Եւ Մաքրութեան Արշաւին Ծիրին Մէջ.  Հաւաք` «Սերոբ Աղբիւր» Ակումբին Մէջ

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Եւ Մաքրութեան Արշաւին Ծիրին Մէջ. Հաւաք` «Սերոբ Աղբիւր» Ակումբին Մէջ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած շրջանի բարեզարդման եւ մաքրութեան արշաւի շարունակման ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 7 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հաւաք մը տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի ժողովրդային շէնքերու «Սերոբ Աղբիւր» ակումբին մէջ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան եւ նշեալ շէնքերու բնակիչներուն միջեւ: Հաւաքին բացումը կատարեց Մարալ Մխսեան, որ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով ողջունելէ ետք ներկաները պարզեց հաւաքին նպատակը: Ան յայտնեց, որ...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Գրող Պօղոս Շահմելիքեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Գրող Պօղոս Շահմելիքեան

Երէկ Լոս Անճելըսի մէջ մահացաւ գրող, տարիներէ ի վեր «Ազդակ»-ի հետ կանոնաւոր աշխատակցութիւն պահպանած յօդուածագիր Պօղոս Շահմելիքեան: Շահմելիքեան աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ ենթարկուած էր սիրտի ծանր կաթուածի, որուն պատճառով փոխադրուած էր Լոս Անճելըսի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր քանի մը օրէ ի վեր մահ ու կենաց պայքար կը մղէր: Ան հեղինակ է երկու հատորներու` «Յիշատակներ. անցած օրեր» (հայերէնով), որուն անգլերէն թարգմանութիւնն...

Page 182 of 365 1 … 181 182 183 … 365

Արխիւներ