Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:
Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին:
Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր վեհափառ հայրապետին եւ դոկտ. Խազենի միջեւ:


