Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին. Լանջախաչի Շնորհում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Առաքել Քհնյ. Տմտըմեանի

Օգոստոս 19, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Առաջնորդ սրբազանը պատարագի ընթացքին ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտըմեանին:  Սրբազանը յայտնեց, որ օրին ինք խնդրամատոյց եղած էր վեհափառ հայրապետին, որպէսզի այս արտօնութիւնը շնորհէ քահանայ հօր` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աստիճանի բարձրացում եկեղեցւոյ մէջ, պատիւ ըլլալէ առաջ շնորհ է, որ կ՛իմաստաւորուի, երբ շնորհք ստացող անձը եւ մանաւանդ հայ հոգեւորականը այդ շնորհքը ժողովուրդին կը տանի իբրեւ ծառայութիւն: «Երբ եկեղեցին իր հոգեւորականին շնորհ մը կը պարգեւէ, անոր հետ նաեւ կը բարձրացնէ պարտաւորութիւնը առաւել ծառայութեան, Աստուծոյ խօսքը, աստուածային պատուիրանները, Քրիստոսի փրկագործական ներկայութիւնը եւ Ս. Հոգիին ներգործութիւնը տանելու եւ առատացնելու հայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ լանջախաչը միայն զարդ մը չէ, որ կը տրուի քահանայ հօր իր վիզէն անցընելու համար, այլ կը հրաւիրէ զինք, որպէսզի առաւել խոր գիտակցութեամբ անդրադառնայ, թէ Քրիստոսի սուրբ խաչն է, որ կը կրէ, եւ այսպիսով առաւել եւս կ՛ընդգծէ իր խաչակիր դառնալու պատրաստակամութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց քահանայ հայրը, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ մեծ ընտանիքը` շեշտելով, որ երբ մեր քահանայ հայրը այսպիսի պատիւի կ՛արժանանայ, մենք բոլորս ուրախութեամբ կը լեցուինք եւ մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք իրեն` խոստանալով հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութիւն, հայ եկեղեցւոյ շինութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային կեանքի առաւել ծաղկման համար:

Կոնդակի ընթերցումէն ետք, սրբազանը քահանայ հօր յանձնեց լանջախաչը:

Այնուհետեւ քարոզեց Առաքել քհնյ. Տմտըմեան: Ան նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ արժանի գտած է զինք ստանալու լանջախաչը, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրապետական կոնդակով արտօնութիւն շնորհեց իրեն լանջախաչը կրելու: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ հայրական հոգածութեամբ ծանր, սակայն քաղցր լուծը իր վիզէն անցուց, որպէսզի կարենայ քալել Քրիստոսի ճամբով: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որուն հետ միասնաբար մինչեւ օրս աշխատած են եկեղեցւոյ շէնութեան եւ պայծառութեան ի խնդիր:

Անդրադառնալով Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին` քահանայ հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Մարիամի մահուան եւ Քրիստոսի ձեռամբ անոր երկինք բարձրանալուն վրայ: Ան լուսարձակի տակ առաւ Մարիամի նկատմամբ Քրիստոսի հնազանդ  եւ յարգալիր ըլլալը` շեշտելով, որ բոլորս պարտաւոր ենք հնազանդելու եւ յարգելու մեր մայրերը, ինչպէս նաեւ մեր շրջապատը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Նախորդը

«Էլեմընթ» Խումբը Իւրայատուկ Երեկոյ Պարգեւեց Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն

Յաջորդը

Արագած Շրջանի Բարեզարդման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?