Ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երրորդ տարին ըլլալով, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, ուխտերթութիւն մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտերթին մասնակցեցան աւելի քան հազար հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ եւ դպրաց դասեր:



