Գաղութային

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով`  Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան երէկ` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ  բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին: «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ արաբերէնով իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ երազով մեկնարկած տասնամեայ կառոյց մը արդէն վերածուած է արուեստի ընտրանիի հանդիպման վայրի: Տասնամեայ եռանդուն գործունէութեան ընդմէջէն, հարիւր...

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԶ. ժողովը  տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2019-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի կառոյցներու ներկայացուցիչներու,  «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններուն ու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն: Ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցէին  Համազգայինի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ «Գուսան» երգչախումբի, «Քնար» պարախումբի, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի, Գիր եւ գրականութեան, «Կարկաչ», «Այգ» երգչախումբերու մասնագիտացած մասնաճիւղերու...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր. 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանին Հանգանակուեցաւ 131.250 Ամերիկեան Տոլար

Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրը անցնող տարեշրջանին մեծ թափով վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` շնորհիւ բարերարներու մեծաթիւ եւ մեծագումար մասնակցութեան, հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն: Այս ծրագիրը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն` տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող իւրաքանչիւր աշակերտի ապահովելով 250 ամ. տոլարի օժանդակութիւն: Առ այդ, 2018-2019 կրթական տարեշրջանին հանգանակուեցաւ 131.250 ամ. տոլար 123 անհատներու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու աջակցութեամբ:...

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Օրինակելի  Նախաձեռնութեան Հետքերով.   «Պուրճ Համուտը Մեր Ժողովուրդի Ինքնութեան  Պահպանման Կարեւոր Կռուանն Է, Յոյսով Ենք,  Որ Կը Յաջողինք Զայն Պահել Իսկապէ՛ս Օրինակելի  Ու Հայկակա՛ն Քաղաք, Որ Շարունակէ Ըլլալ  Բաբախող Սիրտը Ամբողջ Սփիւռքին»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Օրինակելի Նախաձեռնութեան Հետքերով. «Պուրճ Համուտը Մեր Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման Կարեւոր Կռուանն Է, Յոյսով Ենք, Որ Կը Յաջողինք Զայն Պահել Իսկապէ՛ս Օրինակելի Ու Հայկակա՛ն Քաղաք, Որ Շարունակէ Ըլլալ Բաբախող Սիրտը Ամբողջ Սփիւռքին» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Պուրճ Համուտի բարեզարդման ու մաքրութեան գծով շրջանի քաղաքապետութեան ցարդ արձանագրած իրագործումներու հետապնդման ու գնահատման նախանձախնդրութեամբ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ շրջեցան Պուրճ Համուտի, յատկապէս` Արագածի թաղամասերուն մէջ` հասնելով մինչեւ Ժողովրդային շէնքեր ու Պուրճ Համուտը Տըքուանէին կապող կամուրջը: Պատուիրակութիւնը մերթ ընդ մերթ կանգ առաւ...

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան  Գրադարանի 2019 Տարեշրջանի Ամառնային  Ծրագիրի Ամավերջի Հանդէսը Հայկականութիւն Բուրեց

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի 2019 Տարեշրջանի Ամառնային Ծրագիրի Ամավերջի Հանդէսը Հայկականութիւն Բուրեց

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի իւրաքանչիւր ծրագիր տեսիլք եւ նպատակ ունեցած է: Արդ, հայ մանուկին մտային զարգացման եւ ապահով միջավայրի ձեւաւորման լաւագոյն վայրերէն մէկը ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանն է, որուն երդիքին տակ աւելի քան 60  մանուկներ երկու ամիս շարունակ զարգացան, երգեցին, պարեցին, ուրախացան եւ առաւել հայօրէն կոփուեցան: Այս ծրագիրին արգասիքը նկատուող ամավերջի հանդէսը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» պարտէզ-գրադարանի աշխատանքն ու առաքելութիւնը:...

«Արցախի Հանրապետութեան Օրը` Հայուն  Ամուր Հաւատքին, Աննկուն Կամքին  Եւ Անստուեր Տեսլականին Օրն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արցախի Հանրապետութեան Օրը` Հայուն Ամուր Հաւատքին, Աննկուն Կամքին Եւ Անստուեր Տեսլականին Օրն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ շնորհաւորեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Արցախի ժողովուրդը` Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով։ Ստորեւ` վեհափառ հայրապետին նամակը.- Մեծայա՛րգ Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ Մեծայա՛րգ եւ սիրելի՛ պարոն նախագահ, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան օրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն: Արդարեւ, Արցախի Հանրապետութեան օրը ո՛չ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլեւ իւրաքանչիւր հայուն...

«Ժամանակի Հրաշալիքը» Ժամացոյցի  Աշտարակի Բացում` Այնճարի Մէջ

«Ժամանակի Հրաշալիքը» Ժամացոյցի Աշտարակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի յոբելենական մարմինին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, մասնակցութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ սրտաբուխ նուիրատուներու, կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ «Ժամանակի  հրաշալիքը» անունը կրող ժամացոյցի աշտարակի բացումը: Բացումը սկիզբ առաւ ժամը ճիշդ 6:00-ին` զանգի առաջին հնչումով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով: Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, ողջունելէ...

Մեր Կորուստները.  Իր Մահկանացուն Կնքած Է  Երգիչ Ատիս Հարմանտեան

Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքած Է Երգիչ Ատիս Հարմանտեան

Երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ 74 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ հռչակաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան` 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Սանթա Մոնիքա հիւանդանոցին մէջ: Ատիս Հարմանտեան, որ կը նկատուէր հայ ժողովրդային երգերու ռահվիրան, ծնած է 14 յունուար 1945-ին, Պէյրութի մէջ: Ան 1960-էն սկսեալ մեկնաբանած է աւելի քան 400 երգեր: Արժանացած է զանազան մրցանակներու: Իր երգած «Ծաղիկներ», «Նունէ», «Գարուն...

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Այցելեց Ազդակ

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Այցելեց Ազդակ

Սփիւռքի գիտահետազօտական ծրագրի  տնօրէն, Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն։ Տնօրէնութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին դոկտ. Չիլինկիրեան ներկայացուց ծրագրի հիմնադրոյթները, որոնք հիմնականին մէջ Սփիւռքի հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւնը կ՛առաջադրեն։ Գիտական մեթոտաբանութեամբ եւ հարցախոյզի ճամբով ուսումնասիրութիւններ պատրաստուելու ընթացքին մէջ են՝ ինքնութեան, կրօնքի, եկեղեցւոյ դերին, հասարակական կեանքի նեգրաւուածութեան, լեզուի եւ մշակոյթի ինչպէս նաեւ քաղաքական յանձնառութեան եւ Սփիւռք-հայրենիք կապերու բնագաւառներուն վերաբերող։ Գիտաշխատողներու խումբեր,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի` իր գնահատանքը արտայայտելով Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ` երկրին պատմութեան դասագիրքին մէջ Օսմանեան կայսրութեան վերաբերեալ կատարուած փոփոխութեան համար որ լոյս կը սփռէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ անոր գործած ոճիրներուն վրայ եւ իրաւամբ զայն կը նկատէ «բռնագրաւող եւ ոճրագործ»: Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման երազը հետապնդող թրքական իշխանութիւնները...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին Յատկացումները Կը Շարունակուին. 32 Դիմումի Ընդառաջում` Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին 28-ամեայ Հաշուեկշիռ` 457 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը օգոստոս  2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջեց 32 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յուլիս 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացան 425 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարեցին 12 զոյգեր, որոնցմէ 11-ը,  պայմանները լրացուցած ըլլալով, արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարեցին 20 պարագաներ, որոնք արժանացան ֆոնտէն օգտուելու...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի  Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական  Փոխանորդի Պաշտօնին  Կը Կոչէ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի Պաշտօնին Կը Կոչէ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը

Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինումով, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին: Հայր սուրբը շուտով պիտի մեկնի Քուէյթ` թեմական ծառայութեան լծուելու: Պետրոս վրդ. Մանուէլեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վարած է զանազան պաշտօններ եւ վերջին տարիներուն յատկապէս ստանձնած էր կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի  Դատին Թղթածրարը Կը Ստանայ Իր Վերջնական Ձեւը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դարձեալ Կը Դիմէ Թրքական Դատարան` Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 30 յուլիս 2019-ին դարձեալ դիմեց թրքական դատարան` օրինական հայց ներկայացնելով Սիսի նախադատ ատեանին մօտ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ կաթողիկոսարանին հետ աշխատող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ: Շուրջ հազար էջերէ...

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ.  Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Սրբանկարի Օծում

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Սրբանկարի Օծում

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի կիրակի, 25 օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Պատարագի ընթացքին սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Մատլէն Վարդանեանի գծագրած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու սրբանկարի օծում: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան նկատել տուաւ, որ...

Տէր Եւ Տիկին Կարօ Եւ Սօսէ Էշկիեան Եւ Տէր Եւ Տիկին Յովսէփ Եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան Կը Ստանձնեցին Անթիլիասի Մայրավանքի Թանգարանի Եւ Մայր Տաճարի Վերանորոգման Ծախսերը

Տէր Եւ Տիկին Կարօ Եւ Սօսէ Էշկիեան Եւ Տէր Եւ Տիկին Յովսէփ Եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան Կը Ստանձնեցին Անթիլիասի Մայրավանքի Թանգարանի Եւ Մայր Տաճարի Վերանորոգման Ծախսերը

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը. իսկ դարձեալ նոյն թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը։ Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։ Յարմար առիթով...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, պաշտօնական արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը` հայրենի աշխարհի պատմական ու հերոսական շրջանին մէջ: Արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Գահակալութեան 25-ամեակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 25-ամեակը

2020  թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն ժողովի անդամ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական...

Անթիլիասի Մայրավանքի  Մայր Տաճարի Վերանորոգում

Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարի Վերանորոգում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս: Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապեթ Պոյաճեաններ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով մայր տաճարը կ՛ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման` բնականաբար յաճախակի առիթներով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Ընտրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Ընտրութիւնը

Կիրակի, 8 յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մասիս եպս. Զոպույեան: Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային երեսփոխանական ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր` իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ: Միաժամանակ, վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին` անցնող 15 տարիներուն իր...

ԼՕԽ-ի Կազդուրման  Կայանի Ամավերջի Հանդէս

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանի Ամավերջի Հանդէս

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ գրաւած են նաեւ հայ մանուկները: Թէ՛ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը, թէ՛ ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը կը միտին հայ մանուկներուն հոգին ուրախացնել եւ իրենց ստեղծագործական միտքը զարգացնել: Կազդուրման կայանի ծրագիրը կ՛իրականացուի հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին: Այս առումով տարիներ առաջ ընթացք առած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս իր...

Page 181 of 365 1 … 180 181 182 … 365

Արխիւներ