Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին լիբանանահայ արուեստասէրները «Վասպուրական» սրահին մէջ ժամադրուած էին հայերէն սիրուած ստեղծագործութիւնները նոր յօրինուած իւրայատուկ մեղեդիներով ու երաժշտութեամբ ներկայացնող իւրայատուկ խումբին` «Էլեմընթ»-ին երկու անդամներուն հետ, որոնք անմոռանալի ու արժէքաւոր պահեր պարգեւեցին ներկաներուն:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վանայ Բալիկ Չաքմաքճեան:
 Խումբի հիմնադիր ու կիթառահար Արա Տապանճեան եւ երգչուհի Սօսէ Քէշիշեան շուրջ երկու ժամուան տեւողութեան հայկական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահին մէջ` մեկնաբանելով «Աղունիկ», «Անոր», «Ամպեց կորաւ», «Արի իմ սոխակ», «Կանչում եմ արի», «Այն գիշեր», «Եայլաւոր եար», «Սարի աղջիկ», «Որքան ցանկացայ», «Ջուր կու գար», «Ամրան գիշեր», «Դու գնում ես», «Պինկէօլ», «Նուպարի պոյը չինար է», «Դու իմ արեւ», «Սարի սիրուն եար», «Հապրպան», ինչպէս նաեւ քանի մը օտարալեզու երգեր: Մթնոլորտը իր ջերմութեան գագաթնակէտին հասաւ վերջին` «Անուշ հայրենիք» երգով, որ ժողովուրդին ջերմ ծափողջոյններուն տարափին տակ ունեցաւ շարունակութիւն` Կոմիտասի «Ալ Այլուղ» երգով:

«Էլեմընթ» խումբը առիթ ստեղծեց լիբանանահայ արուեստասէրներուն, որոնք հարազատ կերպով տարբեր երգերու ատեն միացան Սօսէ Քէշիշեանին` անջատուելու իրենց առօրեայէն, ուրախանալու, տխրելու, յուզուելու իւրաքանչիւր երգի երաժշտութեան ու բառերուն իմաստին հետ, ըմբոշխնելու տպաւորիչ մեկնաբանութիւնը խումբի երկու անդամներուն: