Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակելով Պուրճ Համուտի Բարեզարդման Արշաւը` Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Դարձեալ Այցելեց «Սերոբ Աղբիւր» Ակումբ

Օգոստոս 14, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ հինգ ամիսներ առաջ փողոցներու կիրակնօրեայ մաքրութեամբ սկսած Պուրճ Համուտի բարեզարդման արշաւը կը շարունակուի` թեւակոխելով նորանոր փուլեր ու ոլորտներ: Այս ծիրին մէջ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` երեքշաբթի, 13 օգոստոս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կրկին անգամ այցելեց Պուրճ Համուտի Ժողովրդային շէնքերու ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» ակումբ:

Շրջանի բարեզարդման կարիքներու լուծման եւ բնակիչներուն մտահոգութիւնները լսելու կոչուած այս հաւաքին բացումը կատարելով` Մարալ Մխսեան պարզեց այս երկրորդ հանդիպումին հիմնական նպատակը եւ արծարծուելիք հարցերը, որոնք նշեալ շէնքերու կառուցման տարիներէն` 1960-ական թուականներէն ի վեր առկախ մնացած են եւ կը մտահոգեն շրջանի բնակիչները:

Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երկրաչափ Յակոբ Սիմոնեան սեղմ գիծերու մէջ ներկաներուն յիշեցուց Ժողովրդային շէնքերու բարեզարդման, նորոգման թէ մաքրութեան գծով տակաւին առկախ հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի այդ շէնքերու յարկաբաժիններու դասաւորման, պաշտօնական վաւերագրումին եւ անհրաժեշտ սրբագրումներուն: «Այդ բոլոր հարցերը մանրամասնօրէն կրկին պիտի արծարծուին եւ քաղաքապետ Պօղոսեան  համապատասխան լուսաբանութիւններ պիտի տայ», ըսաւ երկրաչափ Սիմոնեան եւ խօսքը փոխանցեց  քաղաքապետին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ազգայիններու խուռներամ բազմութեան պարզեց Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս ժողովրդային շէնքերուն պարզած իրավիճակը, մասնաւորաբար տասնամեակներու ընթացքին անոնց վրայ պարզուած ճեղքերն ու թերութիւնները, որոնք անյապաղ նորոգման կը կարօտին: Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի ժողովրդագրական իրավիճակին` նշելով, որ ըստ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, ներկայիս Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը կը հաշուէ 185 հազար մարդ, որոնց 15-20 առ հարիւր համեմատութիւնը ոչ լիբանանցիներ են:

Այս իմաստով քաղաքապետ Պօղոսեան դարձեալ  նշեց յարկաբաժիններու պաշտօնական վաւերաթուղթերուն թէ սեփականութեան հաստատագիրներուն մէջ բացայայտուած սխալները, որոնք թէեւ կրնան անուշադրութեան պատճառով եղած ըլլալ, բայց կը սպառնան խնդրոյ առարկայ յարկաբաժիններու իրաւատէրերը զրկել իրենց սեփականութեան իրաւունքէն, եթէ անմիջական սրբագրութիւններ կամ ճշդումներ չարձանագրուին անոնց պաշտօնական հաստատագիրներուն մէջ:

Նաեւ` վաճառատուներու վերածուած յատկապէս գետնայարկ բնակարաններու պարագային քաղաքապետ Պօղոսեան թելադրեց անյապաղ դիմել քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն եւ կատարել անհրաժեշտ սրբագրութիւնները: «Լիբանանեան օրէնքի տրամաբանութեամբ, այդ քայլերը ապօրէն կը նկատուին, սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ոչ մէկ խանութ կամ վաճառատուն պիտի փակէ», ընդգծեց Պօղոսեան` նշելով, որ ի վերջոյ անոնք ազգայիններու կողմէ իրենց օրապահիկի հայթայթման համար օրին կատարուած քայլեր են, զորս անյապաղ պէտք է սրբագրել` անոնց կալուածագրերը փոխանցելով պաշտօնական օրինական հունին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը կրկին յիշեցուց շրջանի փողոցներու մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը, ապրիներու թէ շէնքերու տանիքներու անգործածելի սարքերու վերացումը եւ յարակից հարցեր: «Շրջանի բարեզարդման քայլերուն ծիրին մէջ որոշած ենք ներդաշնակ գոյներով ներկել շէնքերու ճակատները, որոնք 2003-էն ի վեր չեն ներկուած, եւ այս գծով կարիքը ունինք ձեր նիւթական համեստ օժանդակութեան», յիշեցուց Պօղոսեան` դիտել տալով, որ բացառապէս վճարելու բոլորովին անկարող ազգայիններու պարագային քաղաքապետութիւնը սիրայօժար պիտի նպաստէ անոնց վճարումին: «Եթէ այս թաղամասերը համեմատաբար ուրիշներու տակաւին մաքուր կը պահուին` ատիկա ի պատիւ ձեզի է», հաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը:

Ապա քաղաքապետ Պօղոսեան առիթ տուաւ ներկաներուն` արծարծելու զիրենք չարչրկող հարցերը, եւ լսեց անոնց մտահոգութիւնները, ինչպէս` պատերու խոնաւութիւն, կենսոլորտային արգելքներէ (անձրեւ, կամուրջէն երթեւեկող ինքնաշարժներու պատճառած ջրահոսք…) պաշտպանուելու արդիական միջոցներ, աղբահանման դասաւորումներ եւ այլն: Այս գծով ներկաներուն կողմէ եղան նաեւ շինիչ առաջարկներ, ինչպէս` ապրիներու մաքրութիւն եւ ժամանցի յատուկ օգտագործման սրահներու վերածում, փողոցներու մէջ յատուկ փոքր աղբամաններու զետեղում եւ այլն: Այս առիթով Պօղոսեան տուաւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ` քաղաքապետական տուրքերու սակագինի յաւելման գծով: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը խոստացաւ կարելի բոլոր միջոցներով լուծել ներկայացուող հարցերը եւ ընդառաջել բոլոր դիմումներուն: «Մենք հոս ենք ձեզի օգտակար ըլլալու համար եւ մեր կարելին պիտի ընենք թեթեւցնելու ձեր մտահոգութիւնները եւ Պուրճ  Համուտը վերածելու բարեզարդուած, կոկիկ ու  մաքուր օրինակելի շրջանի», ընդգծեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

 

 

Նախորդը

Արագած Շրջանի Բարեզարդման Եւ Մաքրութեան Առաջին Քայլերը

Յաջորդը

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Ծննդեան 150-ամեակին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?