Գաղութային

2020 Տարին` Յատուկ Խնամքի  Կարօտ Հայորդիներու Տարի

2020 Տարին` Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի

Արամ Ա. կաթողիկոս, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, յառաջիկայ տարին` 2020-ը հռչակեց յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի: Հաշմանդամներու նուիրուած վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 12 յունուարին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին. եւ ապա` թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը 2003-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Այնճար

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Այնճար

Երէկ յետմիջօրէին աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան հասաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Այցելութեան առաջին օրը` երէկ երեկոյեան, ան այցելեց Այնճար եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ակումբին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան ընկերներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ալպեր Պալապանեան եւ Արմէն Թաշճեան: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան...

Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ.  Լիբանանի Խաղաղութեան  Համար Հաւաքական Աղօթք

Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ. Լիբանանի Խաղաղութեան Համար Հաւաքական Աղօթք

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք: Ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ...

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն  Հոգեհանգստեան Արարողութիւն  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհ գացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար: Վեհափառ հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները միասնաբար իրենց աղօթքը ուղղելով Աստուծոյ` խնդրեցին, որ զոհերուն...

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները  Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը  Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար` լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն: Վեհափառ հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը` վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով: Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի ԺԲ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ, 6-7 դեկտեմբեր 2019-ին: Նիստերուն սկիզբը, Կեդրոնական վարչութիւնը Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի որոշումներուն լոյսին տակ քննեց ՀՄԸՄ-ի դէմ  ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ օրակարգի առանձին կէտերով արծարծեց միութեան սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական նորաստեղծ բաժանմունքին զարգացման միջոցները: Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան 111 մասնաճիւղերու իրավիճակին եւ...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց  Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի առկայ իրավիճակը եւ շեշտուեցաւ հարցերը պետութիւն ու ժողովուրդ միասնաբար լուծելու հրամայականը: Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցելու ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի  Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան  Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ սրբազանը,  նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրին մէջ թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս Ազգային վարչութեան տնտեսական մտահոգութիւնները: Խօսք առին...

Հանդիպում` Հայրենակցական  Միութիւններուն Հետ

Հանդիպում` Հայրենակցական Միութիւններուն Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն հետ: Առաջին առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցում մը ներկայացուց քաղաքական եւ գաղութային կացութեանց մասին` անդրադառնալով այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ստեղծուած են այս փուլին: Ան անդրադարձաւ նաեւ մօտիկ ապագային կատարուելիք աշխատանքներուն: Հայրենակցական միութիւնները անդրադարձան իրենց կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն` շեշտը...

«Հիմա՛ Է Պահը Հասնելու Մեր Հայորդիներուն  Ծով Կարիքներուն, Որպէսզի Անոնք Նուազագոյնը  Անդրադառնան, Թէ Անտէր Չեն»  Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Հիմա՛ Է Պահը Հասնելու Մեր Հայորդիներուն Ծով Կարիքներուն, Որպէսզի Անոնք Նուազագոյնը Անդրադառնան, Թէ Անտէր Չեն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Լիբանանահայ Ընկերային, Բժշկական Եւ Ծառայողական Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Հաւաք Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ին, ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան լիբանանահայ ընկերային, բժշկական...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան  Ուսանողական Գրասենեակին.  Պարգեւատրման Հանդիսութիւն Հայկական  Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակին. Պարգեւատրման Հանդիսութիւն Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումի հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պատկան վարժարաններու տնօրէններու, ներկայացուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ հարազատներու: Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ) անունով Կայա Գարամինասեան ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ այս տարեկան աւանդական ձեռնարկի շարժառիթին եւ նպատակին: «Այս հանդիսութեան իմաստը խոր է այն իմաստով,...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (14).   Ճշգրիտ Թարգմանութեան Կարեւորութիւնը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (14). Ճշգրիտ Թարգմանութեան Կարեւորութիւնը

Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան հանդիպում մը ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ճշգրիտ թարգմանութեան կարեւորութեան մասին: Ն. Գալեմքէրեան ապագայ լրագրողներուն թելադրեց հեռու մնալ բառացի թարգմանութիւններէ` ընդգծելով, որ որեւէ լուր կամ յօդուած թարգմանելու պարագային պէտք է կեդրոնանալ իմաստին վրայ: Ան ընդգծեց թարգմանաբար հրատարակուած որեւէ յօդուածի պարագային անոր...

Երեսփոխան Բագրատունի Անդրադարձաւ  Լիբանանեան Վերջին Իրադարձութիւններուն

Երեսփոխան Բագրատունի Անդրադարձաւ Լիբանանեան Վերջին Իրադարձութիւններուն

Երէկ` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ «Տագնապը եւ մենք» յայտագիրի (զրուցավար` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան) հարցազրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, վերջին օրերու իրադարձութիւններուն եւ գալիք օրերու հաւանական զարգացումներուն: Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի «Ազդակ»-ի վաղուան թիւով:  

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  «Առողջապահական» Յանձնախումբ.  Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց  «Երակներու Ընդլայնում (Varice)» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Առողջապահական» Յանձնախումբ. Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց «Երակներու Ընդլայնում (Varice)» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ Լիբանան երկիրը անդամալուծուած է, եւ այդ պատճառով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնները ժամանակաւորապէս սառեցուած էին: Առողջապահական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Երէկ` երեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութիւններուն առնչուած շարք մը հարցերու:

Առաջնորդական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ

Առաջնորդական Պատգամ. Երախտապարտ Ենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով եւ անձնապէս, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած մտաւորականներու հաւաքի ընթացքին, քննարկման օրակարգ դարձուց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերա-տնտեսական տագնապն ու յատկապէս անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ: Հաւաքի աւարտին, նորին սրբութիւնը շեշտեց լիբանանահայութեան առանցքային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարը

Ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2019-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղարար ուժերու հրամանատար զօր. Փիշիոթան` ընկերակցութեամբ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատու իր երկու օգնականներուն: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու կոչուած միջազգային խաղաղարար ուժերու առաքելութեան: Յայտնենք, որ յիշեալ առաքելութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերէն 30 զինուորներ: Հրամանատարը բարձր յարգանքով խօսեցաւ հայ զինուորներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Գտնուեցաւ Ձեռագիրներու Պահպանման Նուիրուած Հանդիպումին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ներկայ Գտնուեցաւ Ձեռագիրներու Պահպանման Նուիրուած Հանդիպումին

Շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սրահին մէջ, վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ, իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ` նուիրուած ձեռագիրներու պահպանման կարեւորութեան ու կարելիութեան: Ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի սարկաւագներ, թանգարանի յանձնախումբի անդամներ եւ օտար հիւրեր: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նոյն աշխատանքին լծուած գերմանացի մասնագէտները: Անոնք ներկաներուն պարզեցին ձեռագիրները պահպանելու ազդու միջոցները եւ միաժամանակ կաթողիկոսարանին մէջ...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (7) .  Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին  Իրենց Գործնական Առաջին Աշխատանքը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (7) . Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին Իրենց Գործնական Առաջին Աշխատանքը

Ամառնային արձակուրդէն ետք, «Ազդակ»-ի խմբագրատունը երէկ երեկոյեան դարձեալ վերածուեցաւ Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին հետեւող հայ երիտասարդներուն ժամադրավայրին: Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ը երէկ աւանդական իր բոյրը ունեցաւ, երբ Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակիցները վերադարձան խմբագրատուն, ունենալու համար իրենց աշխատանքային առաջին փորձառութիւնը: Աշխատանքային առաջին հանդիպումը կեդրոնացաւ լուրեր պատրաստելու հոլովոյթին վրայ, որուն ընթացքին ծրագիրին մասնակիցները ցուցաբերեցին լուրջ մօտեցում եւ կատարեցին ողջունելի...

Page 180 of 365 1 … 179 180 181 … 365

Արխիւներ