Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդական Պատգամ. Երախտապարտ Ենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Դեկտեմբեր 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան,

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան անունով եւ անձնապէս, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած մտաւորականներու հաւաքի ընթացքին, քննարկման օրակարգ դարձուց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ ընկերա-տնտեսական տագնապն ու յատկապէս անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ:

Հաւաքի աւարտին, նորին սրբութիւնը շեշտեց լիբանանահայութեան առանցքային դերը, լիբանանահայ գաղութը զօրեղ ու աշխուժ պահելու հրամայականը եւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը լիբանանահայութեան զօրակցելու առաջին օրինակը տուաւ, երբ  յայտնեց, թէ կաթողիկոսարանը Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ կը դնէ հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի` իբրեւ անմիջական օժանդակութիւն` յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նաեւ` «Արարատ,» «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն կը յատկացնէ տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տրամադրած անմիջական օժանդակութիւնը, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին ճամբով, պիտի տրամադրուի մեր կարիքաւոր զաւակներուն:

Մեր հերթին, արձագանգելով վեհափառ հայրապետի հայրական գուրգուրալից կոչին, այս փուլին կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն:

Յիշենք եւ իրարու յիշեցնենք Պօղոս առաքեալի յորդորը. «Իւրաքանչիւրը թող տայ` նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ.Կր 9.7):

Կը հաւատանք, որ լիբանանահայութիւնը հայ քրիստոնէական հաւատքով զինուած եւ ազգային առատաձեռն բարեմասնութեամբ տոգորուած միասնակամ կեցուածքով քաջաբար պիտի դիմագրաւէ լիբանանեան տագնապի այս փուլը եւ լծուի շինիչ հայրենակերտումի:

Օրհնութեամբ`

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

3 դեկտեմբեր 2019
Պէյրութ – Լիբանան

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?