Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումի հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պատկան վարժարաններու տնօրէններու, ներկայացուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ հարազատներու:
Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ) անունով Կայա Գարամինասեան ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ այս տարեկան աւանդական ձեռնարկի շարժառիթին եւ նպատակին:
«Այս հանդիսութեան իմաստը խոր է այն իմաստով, որ այս աշակերտներուն փայլուն արդիւնքները կը փաստեն, թէ հայ դպրոցի ուսման մակարդակը ո՛չ միայն համահաւասար է օտար դպրոցներուն, այլ նաեւ` թանկարժէք, նկատի ունենալով հայ դպրոցներուն հայապահպանման առաքելութիւնը», ըսաւ Գարամինասեան` ընդգծելով, որ ոչ մէկ մշակութային, հայրենակցական կամ մարզական միութիւն կը գոյատեւէ առանց հայ դպրոցին: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն եւ միութիւններուն, որոնք նպաստած են սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, ինչպէս` Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնները, Մարաշի եւ Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնները, ԱՖՀԻԼ-ը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ), ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը, ԱՖԷՏ, «Սլիտ», ՄԵՆԶԱ, «Երազ թրավըլ» եւ «Փոլօ թրավըլ» հաստատութիւնները, փուռ «Իշխանեան» եւ «Վարուժ Ռեսթօ»:
Օրուան պատգամախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ հանգամանօրէն արժեւորեց ձեռնարկին նշանակութիւնն ու պատգամը: Ան դիտել տուաւ, որ արդարացի հպարտութիւն ներշնչող այս առիթը աշակերտներու կողքին կը վերաբերի նաեւ անոնց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնց միացեալ եւ ծրագրաւորուած գործակցութեան արգասիքն է նման բարձր մակարդակի ակադեմական յաջողութիւն ապահովելը:
«Իսկ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, համահունչ իր հայեցի դաստիարակութեան սկզբունքներուն եւ իր դաւանած ազգային արժէքներուն, այս գովելի գործակցութեան ամբողջական իմաստաւորումը եւ ըստ էութեան արժանաւորութիւնը կու գայ տեսնելու եւ շեշտադրելու հայկական դպրոցի պարունակին մէջ, հայկականութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան հիմքերու վրայ հաստատուած եւ գործող կրթական հաստատութիւններուն մէջ», յայտնեց Խիւտավերտեան` նշելով, որ նշեալ հարազատ միջավայրին մէջ ծնողներ, ուսուցիչներ եւ տնօրէններ արդար հպարտութեամբ կը մօտենան աշակերտներու իրագործումին:
Մէջբերելով 19-րդ դարու իրլանտացի մտաւորական Օսքար Ուայլտի հետեւեալ խօսքը, թէ` «Յաջողութիւնը գիտութիւն մըն է, եթէ կան պահանջուած պայմանները, ուրեմն կայ նաեւ արդիւնքը», Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան ընդգծեց, որ յաջողութեան պայմանները կարելի է դասակարգել անհատական եւ հաւաքական ոլորտներու մէջ:
Անհատական մարզին մէջ յաջողութիւն երաշխաւորող հիմնական յատկանիշներն են յարատեւ եւ հաւատաւոր աշխատանք, ինքնաթելադրուած կարգապահութիւն, աշխատանքային հաւասարակշռուած դրոյթ, պատասխանատու լրջութիւն, ինքնաղեկավարումի բարձր մակարդակ, եւ այս բոլորը` աշխատասիրութեան առօրեայ եւ հետեւողական կիրարկումով:
Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան մէջբերեց Լեւոն Շանթի հետեւեալ խօսքը` աշխատասիրութեան մասին. «Աշխատասիրութեան ետեւէն քալող յատկութիւններն են չյուսահատիլը, յամառ ձգտումը, վճռականութիւնը, ձեռներէցութիւնը, անյողդողդ մնալը, ձախորդութիւններէ չընկճուիլը, յաջողելու հաւատքը, բարձրացումներու սէրը եւ լաւատեսութիւնը: Ծուլութիւնը լքում կը բերէ եւ յոռետեսութիւն, թէ՛ իր անձին նկատմամբ եւ թէ՛ ուրիշներու թափած ջանքերուն եւ ձգտումներուն»:
Անդրադառնալով յաջողութեան պայմաններու հաւաքական ոլորտին` Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան ըսաւ. «Ուսումը, կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը իրարմէ յստակօրէն զատորոշուող յղացքներ են եւ երեքն ալ, համապատասխան կարեւորութեամբ, ներկայ են հայկական դպրոցներու գործունէութեան, մթնոլորտին եւ մշակոյթին մէջ: «Ան ընդգծեց, որ եթէ պետական տեղական կրթական ծրագիրներուն ընդմէջէն մարդակերտում տեղի կ՛ունենայ` գիտութեամբ, գիտելիքներով, 21-րդ դարու պահանջած հմտութիւններով եւ տեղեկութիւններով, ապա զուգահեռաբար կ՛առաջադրուի հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը, որ կը պատրաստէ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը, որ կը պատրաստէ հայ աշակերտը` ներդրում ունենալու ազգի յառաջդիմութեան մէջ:
«Այսօրուան ձեռնարկին կարեւորագոյն մտածումը կը վերաբերի մեր աշակերտներուն ներկայի յաջող իրագործումը` վաղուան հայուն պատրաստութեան կամրջելու հրամայականին», շեշտեց Խիւտավերտեան եւ աւելցուց. «Այսպէ՛ս է, որ կ՛ապահովուի մեր հասարակութեան յարատեւումը եւ ազգի յառաջդիմութիւնը:
«Պէտք է գնահատել հայ աշակերտին իրագործումը, բայց մանաւանդ գուրգուրալ անոր վրայ, մտածել անոր առաւել ծաղկումին մասին», դիտել տուաւ պատգամախօսը` յիշեցնելով Լեւոն Շանթի այն թելադրանքը, ըստ որուն, «Ընկերական կենակցութեան հիմքը` ուրիշը մտածելն է»: «Հաւաքականութիւնը պէտք է մտածէ իր բաղադրիչ տարրերուն մասին, հետեւի անոնց յառաջընթացին, ապագայի գործակցութեան եւ ներուժի զարգացման տեսլականին ի խնդիր», շեշտեց Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան:
«Այսօրուան մեզի հպարտութիւն ներշնչող յաջողած աշակերտը, վաղուան գիտակից եւ գործօն մասնակիցն է մեր ազգային իրականութեան: Միտքի բարձր կարողութեամբ եւ տարբեր կարողականութիւններով օժտուած այսօրուան գերազանց աշակերտը արժանաւոր ձեւով կ՛աւետէ, թէ վաղուան օրը պայծառ է եւ արդիւնաբեր` անհատական երազներու եւ ձեռնարկելի ասպարէզներու համար, բայց նաեւ հաւաքաբար մեր ժողովուրդին համար, անոր տեսլականներու արդար իրագործումին եւ յարատեւ վերելքին համար», եզրափակեց Խիւտավերտեան:
Ապա յաջորդաբար պարգեւատրուեցան այն 51 աշակերտները, որոնք նախորդող տարին ապահոված են բարձր արդիւնքներ ֆրանսական եւ լիբանանեան պետական պաքալորէայի քննութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահոված են իրենց դասարաններու հայոց լեզուի ամէնէն բարձր նիշերը:
Այդ աշակերտներն են.
* Ազգային Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական քոլեճի գրական ճիւղէն` Ռուբէն Էվենկիւլեան:
* Ազգային միացեալ վարժարանէն. Նանոր Ագճեան, Արմիկ Մարկոսեան եւ Անժելա Սալորեան:
* Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի գիտական ճիւղէն. Լէա Խաչատուրեան, Կալի Միսիրեան, Նարեկ Մեսրոպեան, Սիմոն Միքայէլեան:
Իսկ ճեմարանի գրական ճիւղէն. Վանա Պաքալեան, Պեթի Փաչանեան, Մարի-Քրիսթել Աճեմեան:
* Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի գիտական ճիւղէն. Ճորճ Սահելի, Մարիա Գասպարեան:
Կենսաբանական ճիւղէն. Ռայիսա-Ռոզ Չաքմաքեան, Ռիթա Մարտիրոսեան, Ճեսիքա Շնորհօքեան:
* Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (Այնճար) կենսաբանական ճիւղէն. Արազ Քէօֆթէեան, Զաւէն Գապաքեան, Սպիտակ Տէմիրճեան:
Տնտեսագիտական ճիւղէն. Արազ Փամպուքեան
* Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնտեսագիտական ճիւղէն Անժելիքա Սըգայեան.
* Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան գրական ճիւղէն. Կասիա Տէրտէրեան
* ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան երկրորդական վարժարան կենսաբանական ճիւղէն. Վանա Մխսիճրճեան, Նարին-Փերլա Սերայտարեան, Գառնի Պուճանեան
իսկ գիտական ճիւղէն. Ալիք Պետոյեան, Փաթիլ Պաքալեան
* Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան կենսաբանական ճիւղէն. Ժաք Տարագճեան, Սեզար Քէօլէեան, Կասիա Ճինեան, Մեղեդի Սարգիս:
* Սահակեան – Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճ
Կենսաբանական ճիւղէն. Ծովակ Քէօշկերեան
* Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի գիտական ճիւղէն. Տիրան Տեքերմենճեան, Շարլի Այնթապլեան
Կենսաբանական ճիւղէն. Էլի Մալխասեան, Գարին Տիշչեքէնեան:
Նմանապէս հայոց լեզուի բարձրագոյն միջին ապահոված են.
Ռուբէն Էվենկիւլեան, Նանոր Ագճեան, Կալի Միսիրեան, Սանտրա Պասեթ, Ռիթա Մարտիրոսեան, Արազ Քէօֆթէեան, Քարոլ Քենտիրճեան, Քրիստին Ճանկիւլեան, Ալին Պետոյեան, Փաթիլ Պաքալեան, Վանա Մխսիճրճեան, Գառնի Պուճանեան, Սելինա Տեմիրճեան, Կրէյս Ուլիկեան եւ Էլի Մալխասեան: