Գաղութային

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհակալական  Նամակ Յղեց Սուրիոյ Նախագահին

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհակալական Նամակ Յղեց Սուրիոյ Նախագահին

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 14 փետրուարին նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունելուն համար: Այս մասին յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն: «Մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնների դատապարտումը եւ ժխտողականութեան մերժումը այն ամուր երաշխիքն է, որով հնարաւոր է կանխարգիլել կրօնական եւ ազգային խտրականութեան պատճառով նոր ցեղասպանութիւններն...

Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան  Պահանջատիրութեան Պայքարի Նշում Այնճարի Մէջ

Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Պայքարի Նշում Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,  ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան պայքարին  նուիրուած ձեռնարկ` Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի  քայլերգներով, ապա ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան բացման խօսքին մէջ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանական ծնունդին, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան:...

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին Եւ Յատկապէս  Տնտեսական Հետեւանքներուն Վերաբերող  Զեկուցական Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին Եւ Յատկապէս Տնտեսական Հետեւանքներուն Վերաբերող Զեկուցական Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 14 փետրուարի երեկոյեան Հայաշէնի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանը կլանած տագնապին եւ յատկապէս տնտեսական հետեւանքներուն մասին զեկուցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ներկայացուց տագնապին տնտեսական բաժինը`  լուծման պատկերացումներ տալով: Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր  համայնքին զաւակները տեղեակ պահել 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումին, ստեղծուած տագնապին ծալքերուն եւ...

Հանդիպում` Հըզպալլա – Զաւարեան  Ուսանողական Միութիւն

Հանդիպում` Հըզպալլա – Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն

Երկուշաբթի, 17 փետրուար 2020-ին Հըզպալլա կուսակցութեան ուսանողական միութեան վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոն, ուր մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական տագնապն ու անոր հետեւանքները երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան վրայ: Իսկ գործնական աշխատանքային ծիրին մէջ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները համաձայնեցան ապագայի համագործակցութիւններու շարք մը եզրերու շուրջ:  

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան»  Երգչախումբին Եւ Գործակցաբար  «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան.  Լիբանանահայութիւնը Փառաւոր Մթնոլորտի Մէջ  Ոգեկոչեց Կոմիտասի Երաժշտական Եզակի Աւանդը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբին Եւ Գործակցաբար «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան. Լիբանանահայութիւնը Փառաւոր Մթնոլորտի Մէջ Ոգեկոչեց Կոմիտասի Երաժշտական Եզակի Աւանդը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: «Ուսուցիչներ, դաստիարակներ զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին, խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը, դաստիարակելու կոչուած ենք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակենք վերջը» Կոմիտասի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու «Քնար» պարախումբի վարչութեան, շաբաթ, 15 փետրուար 2020-ին, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը եւ բարեկամները համախմբուեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ եւ ապրեցան հայ երգի ունկնդրութեամբ յիշատակելի ու անմոռանալի պահ մը: Արդարեւ, կազմակերպուած ճաշկերոյթին իր ժողովրդական, աշուղական, ազգագրական եւ ազգային երգերով ու մեկնաբանութեան իւրայատուկ ոճով մասնակից դարձաւ, այս առիթով հայրենիքէն...

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ  Վեհափառ Հայրապետներուն Եւ Երանաշնորհ  Միաբան Հայրերու Հոգիներուն Համար

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետներուն Եւ Երանաշնորհ Միաբան Հայրերու Հոգիներուն Համար

Կիրակի, 16 փետրուար 2020-ին, յաւարտ ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է փետրուար ամսուան ընթացքին կատարել կաթողիկոսութեան թեմերուն բոլոր եկեղեցիներէն ներս, առիթ...

Նարեկ Դուրեան Հանդէս Եկաւ Նոր  Մենակատակերգութեամբ` «Սիրոյ Մենիւ»

Նարեկ Դուրեան Հանդէս Եկաւ Նոր Մենակատակերգութեամբ` «Սիրոյ Մենիւ»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, երէկ` կիրակի 16 փետրուար 2020-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Դուրեան «Սիրոյ Մենիւ» նոր մենակատակերգութեամբ նուիրուած` արուեստագէտի 60-ամեակին: Ներկայացման արտադրողն է Քրիստինէ Յովհաննիսեան: Նարեկ Դուրեան այս մենաներկայացումը գրած է իր 60-ամեակին առիթով: Իր իսկ հաստատումով, երբ մարդու տարիքը կը հասնի վաթսուն տարեկանի, սիրոյ հանդէպ իր մօտեցումը կը փոխուի եւ կ՛անդրադառնայ,...

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպման արծարծուած թեմաները կը վերաբերէին հիմնարկի ծրագիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի հայկական դպրոցներու եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ հիմնարկի մշակած ռազմավարութեան: Այս հիմնական հարցերուն մասին «Ազդակ» դոկտ. Փանոսեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք հետագային:    

Միասնաբար Ուրախացնենք Հայ Ընտանիք Մը Ծրագիրը Կատարեց Վիճակաձգութիւն

Չորեքշաբթի, 12 փետրուարի առաւօտեան «Վանայ ձայն»-էն յայտարարուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» ծրագիրին առիթով կազմակերպուած վիճակաձգութեան արդիւնքները: Շահող թիւերն են 909, 601, 667, 498, 530, 709, 1160, 157, 906, 317, 569, 1070, 578, 1229 եւ 938: Վիճակաձգութենէն շահող բախտաւորները կրնան ներկայանալ «Վանայ ձայն» եւ ստանալ պարգեւը: Նուէր բաժնուած սնտուկներուն մէջ գտնուող վիճակահանութեան տոմսերէն շահող 15 թիւ կը...

«Մեր Մանուկները Հոգեւոր Ու Բարոյական  Արժէքներով Պէտք Է Դաստիարակուին Հայ Ընտանիքին  Ու Դպրոցին Մէջ», Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Մանուկները Հոգեւոր Ու Բարոյական Արժէքներով Պէտք Է Դաստիարակուին Հայ Ընտանիքին Ու Դպրոցին Մէջ», Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ղօղանջները բարձրացան Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Աւանդութեան համաձայն, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցան հանդիսաւոր Անդաստան եւ մանուկներու տաճար ընծայում, իսկ աւարտին` շրջափակին մէջ, հրավառութիւն: Նախատօնակի աւարտին վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը եւ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ ծէսերուն եւ արարողութիւններուն ճամբով Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի առաքելութեան...

«Միասնաբար Ուրախացնենք Հայ Ընտանիք Մը» Ծրագիրին Վիճակաձգութիւն

Երէկ` 12 փետրուարի առաւօտեան «Վանայ ձայն»-էն յայտարարուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի  «Միասնաբար ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» ծրագիրին առիթով կազմակերպուած վիճակաձգութեան արդիւնքները: Շահող թիւերն են 909, 601, 667, 498, 530, 709, 1160, 157, 906, 317, 569, 1070, 578, 1229 եւ 938: Այս առիթով «Վանայ ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանին հետ: Ան յայտնեց, թէ այս ծրագիրին ճամբով...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Յայտարարէ Երեք Նոր Ծրագիրներ Լիբանանի Համար

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Լիբանանին ուղղուած իր ռազմավարութեան ծիրին մէջ մշակած է կրթական համակարգին վերաբերող երեք նոր ծրագիրներ: Առաջին ծրագիրը «Հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիր»-ն է, որ բաց է Լիբանանի բոլոր հայկական դպրոցներուն: Անոր հիմնական նպատակն է օժանդակել դպրոցներուն, որպէսզի կարենան իրենց մանկավարժական համակարգը բարեփոխել` շեշտը դնելով արեւմտահայերէնի որակեալ ուսուցումին վրայ: Երկրորդ ծրագիրը «Ուսուցիչներու շարունակական ուսումնառութեան ծրագիր»-ն է, որ...

Զաւեշտական Եւ Հետաքրքրական` «Չմօտենա՛ք Ինծի, Տիկի՛ն»

Զաւեշտական Եւ Հետաքրքրական` «Չմօտենա՛ք Ինծի, Տիկի՛ն»

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, չորեքշաբթի, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ ներկայացուց Հայկ Յակոբեանի «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» թատրերգութիւնը` արաբերէնով: Սրահը լեցուն էր արաբ եւ հայ թատերասէրներով, որոնք անհամբեր կը սպասէին երկու դերասաններու` Սենտի Ղազարեանի ու Նժդեհ Մկրտիչեանի հետաքրքրական խաղարկումը: Վարագոյրը  բացուելէն ետք, կնկաբոյժ տոքթ. Համբիկը, որ հայ ծագումով տեղացի բժիշկ մըն էր,...

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովի  Նախապատրաստական Նիստ Երեւանի Մէջ

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովի Նախապատրաստական Նիստ Երեւանի Մէջ

11 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մամուլի համահայկական համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբ մը անդամներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան համաժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի` 29 փետրուարէն 3 մարտին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք նիստի օրակարգը: Աշխատանքային խումբի անդամները` «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Զարթօնք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ...

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Տօն

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 8 փետրուարին, մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ: Տեղադրուած էին կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արագած» եւ «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղերը,  ՔԱՀԼ-ը, «Արցախ...

Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի  Մատենագիտութեան Պատրաստութեան Աշխատանքին

Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան Պատրաստութեան Աշխատանքին

1927 թուականէն «Ազդակ» օրաթերթի որոնման համակարգով թուայնացուած տարբերակը 10 փետրուարին յանձնուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին: Արխիւային տասը խտասկաւառակները Ազգային գրադարանի տնօրէն  Հրաչեայ Սարիբէկեանին յանձնեցին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանը եւ յայտնի մատենագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիներն ու Ազգային գրադարանին հետ այս համագործակցութեան նուիրատուներ` Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները: 90-ամեայ թերթի թուայնացուած տարբերակը Ազգային գրադարանին յանձնելու գաղափարը ծնաւ նախորդ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին միջեւ համագործակցութեան արձանագրութեան ստորագրութիւն, այս առիթով ալ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Միացեալ քննարկումներու ամփոփ արդիւնքներով Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութիւնը եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ձեռք ձգած են համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւններ, որոնց վերաբերեալ ստորագրուած է արձանագրութիւն: Համագործակցութիւնը միտուած պիտի ըլլայ գործատուներու եւ աշխատողներու` աշխատանքային իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, կողմերու կանոնադրութիւններուն համապատասխան,...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (19) .  ՀՅԴ Արխիւին Բովանդակութիւնն  Ու  Կարեւորութիւնը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (19) . ՀՅԴ Արխիւին Բովանդակութիւնն Ու Կարեւորութիւնը

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան անդրադարձաւ ՀՅԴ արխիւին բովանդակութեան ու անոր ներկայացուցած կարեւորութեան: Ե. Փամպուքեան յայտնեց, որ ՀՅԴ արխիւները հարուստ են` աւելցնելով, որ անոնք միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան չեն վերաբերիր, այլեւ` արեւմտահայերուն: Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր ՀՅԴ արխիւային փաստաթուղթերու ժողովածուներու պատրաստութեան աշխատանքին...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  «Առողջապահական» Յանձնախումբ  Կարէն Եօսուլքանեան Դասախօսեց «Կենսոլորտի  Ապականումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթը

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Առողջապահական» Յանձնախումբ Կարէն Եօսուլքանեան Դասախօսեց «Կենսոլորտի Ապականումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին երրորդ դասախօսութիւնը: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ կենսոլորտ կը նշանակէ կեանքի տարածման ոլորտ: Կենսոլորտը արտաքին թաղանթն է, որ...

Page 174 of 365 1 … 173 174 175 … 365

Արխիւներ