Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Առողջապահական» Յանձնախումբ Կարէն Եօսուլքանեան Դասախօսեց «Կենսոլորտի Ապականումը Եւ Մեր Առողջութիւնը» Նիւթը

Փետրուար 8, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին չորեքշաբթի, 5 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին երրորդ դասախօսութիւնը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ կենսոլորտ կը նշանակէ կեանքի տարածման ոլորտ: Կենսոլորտը արտաքին թաղանթն է, որ պատուած է արտաքին օրկանիզմներով: Բոլոր ուղեցոյցերուն մէջ յատուկ տեղ տրուած է մաքուր օդին, միջավայրին, արեւի ճառագայթին, ըմպելի մաքուր ջուրին եւ մաքուր օդին:

Միջազգային եւ տեղական առողջապահական կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին` ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը, դասախօսութիւններու, արշաւներու ճամբով հանրութիւնը կը փորձեն զգուշացնել շրջակայ միջավայրի ապականման վնասներու մասին, որովհետեւ մահացու հիւանդութիւններու  տոկոսը բարձրացած է ներկայիս: Ապա ան հրաւիրեց բուսաճարտարագէտ Կարէն Եօսուլքանեանը, որ ներկայացնէ «Կենսոլորտի ապականումը եւ մեր առողջութիւնը» նիւթը:

Կարէն Եօսուլքանեան նախ սահմանեց կենսոլորտ բառը, որ կազմուած է երկու բառերէ,  առաջինը կեանքն է, իսկ «ոլորտը» այն շրջապատն է, որուն մէջ կ՛ապրինք: Մարդը կենսոլորտէն բաժին մըն է. կա՛մ վնաս կը հասցնէ, կա՛մ` բարիք:

Ապա ան դասախօսութիւնը բաժնեց երեք խոստումներու, որոնցմէ առաջինը աղբ չշատցնել: Ան նշեց, որ սօսի ծառը հայկական կենսոլորտին մէջ դեր ունեցած է: Կանաչ քայլերով պէտք է առաջնորդուինք մեր կեանքին ընթացքին: «Ճամբադ պահէ՛ տանդ պէս» Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւնը լաւագոյնն է կենսոլորտի ընկեր ըլլալու: Ան ըսաւ, որ բնութեան փոփոխութիւններու գոյացումին պատճառները երբեմն մենք ենք: Բնութիւնը գոյատեւումի եւ գոյացումի պայքար է, որուն մէջ մենք կրնանք օժանդակել: Բնութիւնը ինքնակառավարում չի կրնար ընել:

Երկրորդ` կանաչ ոտք ունենալ, կանաչ տարածք ստեղծել, վառելանիւթ չսպառել: Որպէսզի կլիմային վրայ դրականօրէն ազդենք, մենք պէտք է ամէն օրուան օդին համաձայն ճիշդ շարժինք: Մենք օդին մէջ կրնանք ներդրում ընել, ինչպէս` ծառեր ցանել: Օդը կը փոխուի քանի մը պատճառով, ինչպէս` ժամանակը, լուսինին վիճակը: Եթէ մենք կենսոլորտի ընկեր չըլլանք, մեծ վնասներ պիտի կրենք: Կենսոլորտի ընկեր կ՛ըլլանք երեք ձեւերով` նուազեցնել աղբը, վերաօգտագործել, վերամշակել:

Երրորդ` ուրիշին ալ սորվեցնել: Միասին աշխատելով պիտի օժանդակենք կենսոլորտի պահպանման: Ան յայտնեց, որ գործնական քայլեր պէտք է առնել:

Կարէն Եօսուլքանեան շեշտեց, որ աղբի արտադրութիւնը պէտք է նուազեցնենք: Լիբանանի մէջ ամէն մարդ քառորդ քիլօ աղբ կ՛արտադրէ, պէտք է գիտնալ ինչպէս կառավարել աղբը: Կանաչ տունը վտանգաւոր ժամկէտ մըն է գոյատեւելու համար մինչեւ հարիւր տարի: Մենք պէտք է ցանենք, որպէսզի լաւ ապրինք, եւ աշխարհը լաւ կառավարուի:

Ան նշեց, որ բոյսերը պէտք է սիրենք: Բոյսերը եւ մենք կրնանք կանաչ տուն ունենալ: Կեանքը երկկողմանի է` ստանալ եւ տալ: Ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին ցուցադրուած կանաչութիւնը ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրելով Կարէն Եօսուլքանեան մատնանշեց, որ բոյսերը մեզի ճաշ, օդ, մաքրութիւն, ուրախութիւն, գեղեցկութիւն կու տան, տրամադրութիւն կը բարձրացնեն, յիշողութիւնը կը զարգացնեն: Բոյսերը եւ մենք պէտք է ընկեր ըլլանք: Բնութիւնը մեր ընկերն է եւ ան առողջութիւն կը ներշնչէ:

Կարէն Եօսուլքանեան նկարներով ներկայացուց Լիբանանի կանաչապատ շրջանները, որոնք Պէյրութի տեսլականը կը նկատուին:

Ան դասախօսութեան աւարտին զրոյցի ճամբով ներկաներուն մատուցեց յոյժ կարեւոր տեղեկութիւններ պտուղներու, բոյսերու եւ կանաչեղէններու մասին:

Այնուհետեւ դասախօսութեան մասնակիցները խոստում տուին գոյատեւել ամբողջ մարդկութեան, գոյատեւել կենսոլորտի լաւ ընկերներ ըլլալու: 2030-ի ԼՕԽ-ի տեսլականին հետ անոնք խոստացան կենսոլորտի ընկերներ դառնալ` ապրող կանաչ տունին մէջ ստեղծելու կանաչ աշխարհը:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին: Իսկ Առողջապահական յանձնախումբը յուշանուէր յանձնեց դասախօս Կարէն Եօսուլքանեանին:

Տրուած ըլլալով, որ ամէն ամիս կը նշուի առողջապահական միջազգային օրը, որ կը զուգադիպի տուեալ ամսուան հետ, սակայն նկատի առնելով «Քորոնա» ժահրին պատճառած համաճարակային իրավիճակը, տոքթ. Ալինա Քէշիշեան բացատրութիւն տուաւ այս ժահրին մասին:

Նախորդը

Թատեր-ա-պար-ա-գիտութիւն Բ. Ընկալման Հայելիներ

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (19) . ՀՅԴ Արխիւին Բովանդակութիւնն Ու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?