Հայրենի Մեծանուն Բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի Ծննդեան 101-ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնին եւ գործակցաբար Երեւանի Սիլվա Կապուտիկեանի անուան տուն թանգարանին, երէկ, ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ հայրենի հանրածանօթ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 101-ամեակը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՏԻՐ կրթամշակութային կեդրոնի համահիմնադիր Ռիթա Պոյաճեան, որ խօսեցաւ մայրենի Լեզուի միջազգային օրուան նշումին կարեւորութեան մասին հաստատելով, որ հայերուս համար մայրենի լեզուի օրը առիթ է...




















