Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Մանուկները Հոգեւոր Ու Բարոյական Արժէքներով Պէտք Է Դաստիարակուին Հայ Ընտանիքին Ու Դպրոցին Մէջ», Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Փետրուար 14, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ղօղանջները բարձրացան Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Աւանդութեան համաձայն, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցան հանդիսաւոր Անդաստան եւ մանուկներու տաճար ընծայում, իսկ աւարտին` շրջափակին մէջ, հրավառութիւն:

Նախատօնակի աւարտին վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը եւ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ ծէսերուն եւ արարողութիւններուն ճամբով Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի առաքելութեան առնչուած դէպքերը նշելը ինքնանպատակ չեն, այլ Անոր առաքելութեան մասնակից դառնալու խորհրդանիշ են, եւ ըսաւ, թէ հոս կը կայանայ ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու կոչումը:

Խօսքը ուղղելով երիտասարդ ծնողներուն` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց երկու հիմնական միտքեր, որոնց ընդմէջէն վեր առաւ նախատօնակին պատգամը: Առաջին հերթին կաթողիկոսը խօսեցաւ Մանուկին տաճար ընծայուելու երեւոյթին մասին: «Յիսուս Մանուկ Աստուծոյ որդին էր եւ պէտք չունէր Աստուծոյ ընծայուելու, մկրտուելու կամ խաչուելու, սակայն այս բոլորը Ան ըրաւ մարդուն փրկութեան համար, որպէսզի Իր օրինակով ցոյց տայ մարդուն ճշմարիտ ճամբան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Երկրորդ կէտին մէջ կաթողիկոսը անդրադարձաւ ու շեշտեց ընտանիքի կարեւորութեան մասին, յատկապէս հայ ընտանիքին` Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհներով պարուրուած ըլլալուն անհրաժեշտութիւնը: «Աւետարանիչը կ՛ըսէ, թէ երբ Մանուկ Յիսուս իր գիւղը դարձաւ, Ան Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՛աճէր: Մեր ժողովուրդն ալ մանուկներու կատարած իր բարեմաղթութիւններուն մէջ կը նշէ Աստուծոյ շնորհքով աճելու Աւետարանական մաղթանքը. մարդկային կեանքին մէջ չկայ աւելի զօրեղ մաղթանք քան այս մէկը», ըսաւ հայրապետը: Ան ընդգծեց, որ հայ մանուկներն են հայ ազգին ապագան եւ հայ ծնողները ունին անոնց բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցի ճամբով ջամբելու պարտականութիւնը: Իր խօսքին աւարտին, Արամ Ա. աղօթք բարձրացնելով Աստուծոյ` խնդրեց Անկէ, որ Անոր օրհնութիւնը երկնային ցօղի նման իջեցնէ հայ ընտանիքներուն վրայ:

Հուսկ, լուսարարապետ սրբազանը խորանէն Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը բերաւ ու յանձնեց հայրապետին, որ զայն բաշխեց հաւատացեալներուն: Ապա տեղի ունեցաւ մանուկներու տաճար ընծայումը, որմէ ետք կաթողիկոսին առաջնորդութեամբ հաւատացեալները ուղղուեցան շրջափակ` վառելու համար աւանդական խարոյկը:

Խարոյկին առաջին կայծը տրուեցաւ վեհափառ հայրապետին աջով: Այնուհետեւ դպրեվանքի սաները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ հաւատացեալները, աւանդութեան համաձայն, դարձան խարոյկին շուրջ, ու Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսը խորհրդանշող իրենց ձեռքի լոյսերը տարին տուն` վառելու համար իրենց տան ճրագը:

 

Նախորդը

Վաչէ Ծատուրեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կողմէ

Յաջորդը

Միասնաբար Ուրախացնենք Հայ Ընտանիք Մը Ծրագիրը Կատարեց Վիճակաձգութիւն

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?