«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպման արծարծուած թեմաները կը վերաբերէին հիմնարկի ծրագիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի հայկական դպրոցներու եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ հիմնարկի մշակած ռազմավարութեան:
Այս հիմնական հարցերուն մասին «Ազդակ» դոկտ. Փանոսեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք հետագային: