Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Պայքարի Նշում Այնճարի Մէջ

Փետրուար 18, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,  ուրբաթ, 14 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան պայքարին  նուիրուած ձեռնարկ` Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի  քայլերգներով, ապա ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան բացման խօսքին մէջ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանական ծնունդին, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան: Ան  հաստատեց. «600 տարուան անարդարութեան, ստրկութեան, բռնատիրութեան դէմ իբրեւ բողոք` ծնունդ առաւ արդարամիտ եւ ազատատենչ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, 130  տարիներ առաջ: Այս կուսակցութիւնը իր ուղին հարթեց` գործի դնելով իր հոգին եւ էութիւնը, մեկնակէտ ունենալով ազատ, անկախ Հայաստանի տեսլականը: Մեր հայրենիքի բոլոր յաղթանակներն ու վերելքները կը պարտինք այս լուսածին կուսակցութեան եւ իր հայանուէր ղեկավարներուն, որոնք իրենց «Ես»-ը մէկդի նետած` այս սուրբ կուսակցութեան անձնուէր առաքեալները եղան թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ»: Ապա  անդրադառնալով արցախեան գոյապայքարին` ըսաւ, որ սփիւռքի հայրենանուէր զաւակներ Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան եւ բազում այլ երիտասարդներ, ձգելով խաղաղ կեանքը, գացին դէպի զոհաբերութեան բագին` ազատելու ամենանուիրականը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանը, որ ներկաներէն խնդրեց հաւաքաբար ողջունել արդարութեան եւ ճշմարտութեան վերջին նուաճումը խորհրդանշող Սուրիոյ խորհրդարանի քաղաքական խիզախ կեցուածքը`  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Ան դիտել տուաւ, որ փետրուար ամիսը համայն հայութեան ազգային արժէքային համակարգի վերականգնման, քաղաքական կամքի վերահաստատման եւ լիցքաւորման կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը կը հանդիսանայ: Բանախօսը շեշտեց, որ փետրուարին մեր ժողովուրդը կը հաղորդուի Վարդանանց պատերազմի նուիրական պատգամին հետ, կ՛առնչուինք ու կը վերապրինք Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի սխրագործութիւններուն եւ, վերջապէս, համաժողովրդական Փետրուարեան ապստամբութեան պատմաքաղաքական նշանակութեան եւ նոր ժամանակներու հայ ժողովուրդի վերածնունդը հանդիսացող արցախեան ազատագրական պայքարը:

Ապա Մ. Գարագաւորեան անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, արցախեան գոյամարտի եւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի պատմական տուեալներուն եւ անոնց իրագործած նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ` մերօրեայ մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած են Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները. «Այսօր ունինք անկախ զոյգ պետութիւններ` Արցախն ու Հայաստանը, պետական համակարգեր, պետական ենթակառուցուածք, տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ բանակները: Սակայն առկայ են նաեւ արատաւոր երեւոյթներ, փտածութեան, կաշառակերութեան, համակարգի արդիականացման եւ բարեփոխման խնդիր, ինչպէս նաեւ` հասարակութեան պառակտուածութիւն, ներքաղաքական անկայունութիւն, Արցախի հարցի կարգաւորում, թրքական գործօնի սպառնալիք, ռազմատենչ Ազրպէյճանի հակահայ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն եւ այլն»: Բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, որ տարբեր վտանգաւոր դռներ կրնայ բանալ` դիտել տալով, որ այսօր աւելի կարեւոր հարցերու դիմաց է հայութիւնը. «Նախ, եկէք, ազգովին վերահաստատենք, որ արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է, Արցախը կերտած է իր անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ իր ինքնուրոյնութիւնը, եւ ոչ ոք այս աշխարհի մէջ, ո՛չ ոք, անոր կրնայ ստիպել կամ պարտադրել որեւէ մէկ պահանջի, որեւէ մէկ զիջումի, նոյնիսկ փոխզիջումային տարբերակին»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Մելիք Գարագաւորեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ անյետաձգելի եւ անխուսափելի կը գտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը` իբրեւ հակամարտող համահաւասար կողմ: Արցախի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին հայկական կողմը անվարան պէտք է պահանջէ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը` Շահումեանի, Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի: Այսպէս, ո՛վ որ ինչ ուզէ ըսէ, կամ ընէ Ղարաբաղը մերն է եւ վե՛րջ»:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական, ազգագրական եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան թենոր Գէորգ Հաճեան` ներկայացնելով զոյգ առիթներուն եւ անոնց ընթացքին ինկած նահատակներուն նուիրուած փունջ մը երգեր` պաստառի վրայ ցուցադրելով երգերուն հետեւողութեամբ  քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած նահատակներուն նկարները:

Ձեռնարկի աւարտին քարոզչական յանձնախումբէն Նարէ Հաւաթեան ներկայացուց Արցախի մէջ զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկներու կենսագրականները, ինչպէս նաեւ Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) կենսագրականը` անոր նահատակութեան յիշատակի օրուան առիթով: Ապա ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը յուշանուէրներով պատուեց նահատակ ազատամարտիկներու ընտանեկան պարագաները:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին Եւ Յատկապէս Տնտեսական Հետեւանքներուն Վերաբերող Զեկուցական Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?