Երկուշաբթի, 24 փետրուար 2020-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, իր գրասենեակին մէջ:
Շնորհաւորելով նախարար Օհանեան-Գէորգեանը` իր ստանձնած պաշտօնին համար, Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային ու մասնաճիւղային զանազան մարզերն ու մարզական դպրոցները, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ու ձեռք բերած յաջողութիւններուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին, իր կարգին, նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց նաեւ երիտասարդութեան դերին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, թէ կը քաջալերէ երիտասարդութեան կարծիքը` զայն միշտ առաջնահերթ նկատելով. նախարարը յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տանի երիտասարդութեան դերի աշխուժացման առնչութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին Րաֆֆի Մումջողլեան Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` վստահեցնելով, որ ՀՄԸՄ միշտ պատրաստ է աջակցելու նախարարութեան` նպաստելով Լիբանանի մարզական եւ սկաուտական մարզերուն:
Պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիին:
 
			


