Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քնարերգութեան Արուեստին Նուիրուած Երեկոյ Համազգայինի Յարկին Տակ

Փետրուար 28, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երէկ` 27 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քնարերգութեան արուեստը» նիւթով ձեռնարկ մը:

Օրուան հանդիսավար Լիլիթ Տեմիրճեանի բարի գալուստի խօսքէն վերջ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Ժագ Յակոբեան: Ան նկատել տուաւ, որ քնարերգութիւնը գրականութեան հիմնական սեռերէն մէկն է, եթէ ոչ` գլխաւորը` աւելցնելով, որ քնարերգութիւնը ինքնին բանաստեղծութիւն է: Յակոբեան ըսաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի առաջին քայլը պիտի ըլլայ հետագային աւելի մասնագիտացած ձեռնարկներ կազմակերպելու` աւելցնելով, որ ուզած են հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութիւնը ապահովել: Այս առիթով ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Միացեալ վարժարաններուն, նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւններուն, որոնք քաջալերած են իրենց աշակերտները մաս կազմելու ձեռնարկին: «Կը գտնուինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը յատկանշուի ամէն մարզի մէջ, ներառեալ մշակութային, նահանջի երեւոյթով եւ ամէնէն խոցելի վիճակը գրականութիւնն է», հաստատեց Ժ. Յակոբեան` յոյս յայտնելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ ըլլայ հայ քնարերգութեան գրականութեան երբեմնի պերճանքը վայելելու:

Օրուան բանախօս Նազելի Աւագեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան յայտնեց, թէ գրականութեան մէջ գրողներ իրենց ապրումները արտայայտած են գրական տարբեր ձեւերով, որովհետեւ իւրաքանչիւրին ստեղծագործած նիւթերը եւ արտայայտութեան կերպերը կը տարբերին իրարմէ: Ան նկատել տուաւ, որ արձակ գրութիւններուն մէջ հեղինակները գրելու համար  կը դիմեն արձակ կամ բնական ձեւի, մինչդեռ բանաստեղծութեան կամ ոտանաւորին պարագային հեղինակը յաճախ չափական կշռոյթով կամ համաչափ խօսքերով կ’արտայայտէ հոգեկան վիճակ մը,  յուզում մը, սէր մը` աւելցնելով, որ ոտանաւորը կամ բանաստեղծութիւնը, իր կարգին, ունի փոքր սեռեր, ինչպէս` դիւցազներգութիւնը, թատրերգութիւնը եւ քնարերգութիւնը:

«Քնարերգութիւնը այն սեռն է, ուր բանաստեղծը կը պատմէ իր իսկ եսին մասին կամ կը պատմէ  իրականութիւն մը, որուն անպայման կու տայ իր ստացած տպաւորութիւնները, խոհերը, զգացումները: Այդ իսկ պատճառով քնարաշունչ երկերը կ’ունենան չափածոյ ձեւ եւ կ’արտայայտեն խոր յուզում», հաստատեց Ն. Աւագեան` աւելցնելով, որ քնարերգութեան մէջ կը ծանօթանանք քնարերգակ հերոսին ներաշխարհին, որուն ընդմէջէն կը զգանք հերոսին կրած տառապանքը, կը տեսնենք գեղեցկութեան թէ բնութեան հանդէպ իր հաւատքը, ինչպէս նաեւ սիրոյ հանդէպ իր ունեցած ապրումները: Բանախօսը ըսաւ, որ քնարերգութիւնը մշակուած է բոլոր դարերուն, որովհետեւ յուզումն ու սէրը այնպիսի ապրումներ են, որոնք մարդու հոգիին մէջ միշտ տեղ գտած են ու, բնականաբար, պիտի չդադրին գոյութիւն ունենալէ, սակայն այն տարբերութեամբ, որ նոյն զգացումները կրնան միայն իրենց նրբութեան չափով կամ աստիճաններով տարբերիլ կամ սաստկանալ: Ան ըսաւ, որ հայ բանաստեղծներուն մօտ ուշագրաւ է քնարերգութիւնը, որուն միջոցով անոնք երգած են սէրը` գեղեցիկին, բնութեան, հայրենիքին: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ քնարական սեռը իր կարգին կ’ընդգրկէ հովուերգութիւն, եղերերգութիւն, ներբող, ուղերձ եւ ասոնցմով է, որ կը ստանայ իր տարբեր թեմաները եւ բաժանումները: Ան նկատել տուաւ, որ հայ գրականութեան մէջ հեղինակները յաճախ գրած են սիրոյ մասին:

Բանախօսը օրինակներով եւ որոշ բացատրութիւններ տալով հարստացուց իր զեկոյցը` անդրադառնալով քնարերգակ բանաստեղծներուն եւ անոնց գրական դրսեւորումներուն:

«Քնարերգակ բանաստեղծներ իրենց տողերուն ընդմէջէն երգած են իրենց ապրումները: Այդ տողերը կը կրեն յուզականութեան, թախիծի, մորմոքի, անկարելիին ձգտելու, գեղեցիկին հասնելու գերզգայուն վիճակներ: Իւրաքանչիւր քերթող յաջողած է ներշնչուիլ իր տառապանքէն ու տառապանքին ծնունդով ստեղծել իր աշխարհը, քնարերգութեան իր ոճը: Քերթողը իր բառերով եւ միտքերով յաջողած է թափանցել ընթերցողին հոգիին մէջ: Քնարերգակին մօտ տառապանքը ներկայութիւն է: Անկէ կը ծնին երազանք, սէր, կարօտ, ազնուութիւն, վսեմին եւ բնութեան պաշտամունք եւ ամէնէն կարեւորը բանաստեղծ մարդու հոգեվիճակ, որմէ կ’ազդուի նաեւ ընթերցողը», եզրափակեց Նազելի Աւագեան:

Շաղիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ բանաստեղծութեան պարագային կայ նաեւ այլ տեսակի քնարերգութիւն 21-րդ դարու գրականութեան համար, որ հարուստ է իր լեզուով, կառոյցով, ձայնային կշռոյթի զանազան ձեւերով: Ան օրինակ բերաւ Գրիգոր Պլըտեանը, որուն բանաստեղծութիւնները զգացական չեն, այլ` քնարերգութեան զարգացումներու արտայայտութիւն: Մկրտիչեան ներկաներուն բաժնեց Պլըտեանի գրիչին պատկանող բանաստեղծական կտոր մը, զոր ընթերցեց, բացատրեց եւ վերլուծեց` ներկաները մասնակից դարձնելով իր վերլուծումին:

Գեղարուեստական յայտագիրով դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Փաթիլ Զարմէնեան, ասմունքով հանդէս եկան Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Շահան Հաւաթեան`  «Նամակ» Պարոյր Սեւակէն, Սիլվիա Տէմիրճեան` «Մոռանալ» Վ. Տէրեանէն, Նարօտ Խաչատուր` «Կը գամ» Գէորգ Էմինէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն Մարիա Խաչատուրեան` «Սիրերգ» Միսաք Մեծարենցէն, Հրակ Մամիկոնեան` «Հայաստան ասելիս» Համօ Սահեանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Բալենի Ստեփանեան` «Հրաժեշտի Գազէլ» Վահան Տէրեանէն, Հայկազեան համալսարանէն Սագօ Եագուպեան` «Անունդ» Վահան Թէքէեանէն: Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներէն Կարէն Ճինպաշեան եւ Արին Կիւլլիւճեան ներկայացուցին «Կռունկ»-ը, իսկ Լիլա Մագտէսեան հանդէս եկաւ մենապարով մը` Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործական կտորներէն: Սեւան Կարապետեան-Ադամեան մեկնաբանեց «Կանչում եմ արի, արի», «Մախմուր աղջիկ», «Հազար նազով եար» երգերը` ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչ Յակոբ Քելուկեանի` տուտուկ, Բաբգէն Պէքէրէճեանի` տհոլ եւ Վիգէն Սապունճեանի` ձեռնադաշնակ:

Նախորդը

Արմէնուհի Տէմիրճեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

Յաջորդը

Քանատայի Մէջ Կանանց, Խաղաղութեան Եւ Ապահովութեան Առաջին Դեսպան Ժագլին Օնիլ Եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Մայիս 30, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Մայիս 30, 2023
«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան  Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան  Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն»  Շահան Գանտահարեան
Գաղութային

«Մենք Պարտաւո՛ր Ենք Յարգելու Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ատով Իսկ Վերակերտելու Մայիս 28-եան Աւանդներուն Հարազատ Ազգային Պետականութիւն» Շահան Գանտահարեան

Մայիս 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In