ԱՌԻ հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի անդամ, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը այցելած է Քարվաճառ` ծանօթանալու հիմնադրամի ներդրումներով իրականացուող Սիտնի բնակելի թաղամասի շինարարական աշխատանքներու ընթացքին: 15 նախատեսուած տուներէն 8-ն արդէն որոշ չափով կառուցուած են, երկու տուներու հիմքը` դրուած:
Բենիամին Պչաքճեանին կ՛ընկերակցէր Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան:
Յիշեցնենք, որ Բենիամին Պչաքճեանը 17 փետրուարին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Դաշնակցութեան առաջադրած նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանին հետ այցելած էր Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան` ԱՌԻ հիմնադրամի միջոցներով կառուցուող 12 առանձնատուներու շինարարական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով: