Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անսխալ Գրենք 2020

Փետրուար 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դարձեալ եռուզեռ է Շաղզոյեան կեդրոնի «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին դրան մուտքին… Հոն են փոքրիկներու խուռներամ բազմութիւն մը եւ անոնց ծնողները: Ի՞նչ է պատճառը այս անբնական խճուղումին` փետրուար ամսուն եւ Բուն բարեկենդանին օրը: Պատճառը` «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումն է, փոփոխութեան ենթարկուած ժամանակացոյցով, մեկնած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հայկական վարժարաններու հայերէնի դասատու ուսուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումէն ու անկէ բխած առաջարկներէն: Սովորականին նման, հանդիպումը կազմակերպուած է չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն համար:

Այսպէս, 23 փետրուար 2020-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները` մօտաւորապէս 250 հոգի, ժամանած հետեւեալ հայկական վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ,  Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումին առաջին հանգրուանը տրամադրուած էր 4-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնց համար բոլորովին նոր փորձառութիւն մըն է «Անսխալ գրենք» մրցումը: Սակայն, փոքրիկ աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ներկայացան մրցումին ու ձեռք ձգեցին իրենց առաջին հետաքրքրական փորձառութիւնը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաշխուեցաւ յիշատակի նուէր` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին, որոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան իրենց յիշատակի նուէրները:

Լիբանանի տնտեսական տագնապալի այս օրերուն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի այս նախաձեռնութեամբ պահ մը կը վայելենք հայաշունչ ու խանդավառ հոգեվիճակ մը` դուրս գալով ճնշուած մեր առօրեայ մթնոլորտէն, իսկ այդ մէկը կարելի չէր ըլլար իրականացնել առանց մեր սիրելի ծնողներուն, հայկական վարժարանի տնօրէնութեանց ու ուսուցչական կազմին, որոնց աշխատանքին ու մասնակցութեան շնորհիւ կը յաջողինք ամէն տարի կազմակերպել այս մրցումը: Առ այդ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր հայկական բոլոր վարժարաններուն տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն ու ծնողներուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկներուն, որոնք ամէն տարի անհամբեր կը սպասեն ու մեծ ուրախութեամբ կը ներկայանան` մասնակցելու «Անսխալ գրենք» մրցումին: Բոլորին կը մաղթենք յաջողութիւն իրենց դպրոցական աշխատանքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն ու տնտեսական կայունութիւն մեր սիրելի Լիբանանին, որպէսզի մեր այս համագործակցական աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դառնայ: Ի վերջոյ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր վարժարաններու տնօրէնութեանց իրենց վարած կրթական ու հայրենակերտումի ծանր աշխատանքին եւ մեր սիրելի ծնողներուն, որոնք առանց դժուարանալու եւ ճիգ խնայելու կը քաջալերեն հայ փոքրիկները իրենց մասնակցութիւնը բերելու հայկական միջդպրոցական ձեռնարկներուն: Մեր բարեմաղթութիւնները` ձեր բոլորին:

 

Նախորդը

Սուրիական Աղբիւրները Անժխտելիօրէն Կը Վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմական Իրողութեան Մասին

Յաջորդը

Նշմար. Բարացուցական Խօսք Եւ Անհեթեթ Փորձ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?