Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Պատգամը` Պուրճ Համուտի Բնակիչներուն

Մարտ 27, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ պատգամը ուղղեց շրջանի քաղաքացիներուն ու բնակչութեան.

Պուրճ Համուտի քաղաքացիներուն ու բնակիչներուն,

Սիրելինե՛ր,

Իմ ու քաղաքապետական խորհուրդին անունով այսօր կը դիմեմ ձեզի`  աննախընթաց պայմաններու մէջ: Արդարեւ, համաճարակը նիւթ մըն է, որուն մասին կը կարդայինք պատմութեան դասագիրքերու մէջ, եւ քիչեր միայն կրնային պատկերացնել, որ այդպիսի երեւոյթի դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ այս դարուն:

Այնուհանդերձ, ճակատագիրը այնպէս մը բերաւ, որ «Քորոնա» համաճարակը դիմագրաւենք ո՛չ միայն մենք, այլեւ ամբողջ երկիրն ու արար աշխարհը:

Համաճարակը խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, չի ճանչնար դասակարգ, դաւանանք, գոյն կամ սեռ. անոր թիրախն ենք բոլորս անխտիր, եւ անոր պատճառած վնասները յաճախ անդարմանելի են:

Վատթարն այն է, որ վարակուածը կրնայ վերապրիլ, բայց կրնայ անգիտակցաբար վարակել իր հարազատներն ու սիրելիները, եւ անոնց դառն ճակատագիրին պատճառ դառնալ:

Սիրելի՛ պուրճհամուտցիներ, թոյլ տուէք ձեզի հետ կիսել անձնական դառն փորձառութիւն մը` յուսալով, որ կը պատկերացնէք վտանգին  տարողութիւնը:

Վերջերս կորսնցուցինք մեր շրջանի զաւակներէն մին: Ընտանիքի տէր հայր մը, որ զոհ գնաց «Քորոնա»-ին, կամ, թերեւս, անպատասխանատու անձի մը, որ զգուշացումներն ու ցուցմունքները լուրջի չէր առած, եւ պատճառ դարձաւ անոր մահուան, թողելով անմխիթար այրի մը եւ անտէր որբեր: Այդ զոհը հողին պիտի յանձնուի միայն կղերականներու ներկայութեամբ: Անոր հարազատներն ու սիրելիները պիտի զրկուին նոյնիսկ պատշաճօրէն հրաժեշտ տալու կարելիութիւններէն:

Ա՞յս է մենք մեզի, մեր հարազատներուն ու մեր ընկերութեան համար ցանկացածը:

Նաեւ այս տագնապը եկաւ այնպիսի պահու մը, երբ մեր երկիրը տակաւին դուրս չէ եկած անցեալ տարեվերջին ծայր առած տնտեսական, դրամական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապէն:

Ուստի, այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք բազմակողմանի եւ բարդ տագնապի մը, ուր առաջնահերթը առողջապահական մարտահրաւէրն է, եւ միւս կողմէ` ապրուստի ընկերային տագնապը:

«Քորոնա» համաճարակին ներկայացուցած առողջապահական մարտահրաւէրին առնչութեամբ պէտք է յիշեցնել, որ գիտակցութիւնն ու իւրաքանչիւր անհատի կողմէ` տրուած ցուցմունքներուն հետեւիլը անհատական պատասխանատուութիւն մըն է, որ մարդկային, կրօնական եւ ընկերային բնոյթ ունի, բայց նաեւ` օրինական պատասխանատուութիւն է: Անիկա մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնն է ինքնիր անձին ու առողջութեան, նաեւ` իր ընտանիքին ու սիրելիներուն, իր շրջապատին ու հայրենիքին նկատմամբ:

Այս առիթով, կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ու գնահատել բոլոր այն պուրճհամուտցիները, որոնք բարձր գիտակցութիւն եւ բարոյականութիւն ցուցաբերեցին` գործադրելով տրուած ցուցմունքները, մանաւանդ` տուները մնալով, միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալով եւ հաւաքներէն խուսափելով:

Անոնք ցոյց տուին իրենց նախանձախնդրութիւնը իրենց հարազատներուն եւ սիրելիներուն առողջութեան նկատմամբ: Կոչ կ’ուղղեմ անոնց համբերութեամբ շարունակելու նախազգուշական միջոցառումներու գործադրութիւնը, եւ պահպանելու մաքրութիւնը իրենց անձերուն, շրջապատին ու իրենց քաղաքին` Պուրճ Համուտին:

Նաեւ կը զգուշացնեմ անպատասխանատու փոքրամասնութիւնը, որուն այդ անհեթեթ վերաբերումը լուրջ վտանգի կ’ենթարկէ ո՛չ միայն այդ անձերը, այլ նաեւ` իրենց ընտանիքներն ու շրջապատը: Այս ընթացքը դատապարտելի է բոլոր մարդկային, բարոյական եւ կրօնական չափանիշներով, եւ օրինական խստագոյն պատասխանատուութեանց կ’ենթարկէ զանոնք:

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք կ’ուզեմ ուղղել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անձնակազմին, ոստիկանութեան, գիշերապահներուն եւ առողջապահական ու հանրօգուտ աշխատանքներու բաժանմունքներուն:

Այդ հերոսները այս դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն հետեւողական աշխատանքը` վտանգի ենթարկելով իրենք զիրենք ու իրենց ընտանիքները, ծառայելու համար իրենց քաղաքին ու անոր բնակիչներուն, փորձելով մեղմացնել դժուարութիւնները եւ կարելիութեան չափով պահպանել ընդհանուր առողջութիւնը:

Կոչ կ’ուղղեմ քաղաքացիներուն եւ բնակիչներուն գնահատելու անոնց ճիգերը եւ գործակցելու անոնց հետ` ի շահ իրենց, եւ իրենց ապահովութեան համար:

Սակայն մեծագոյն գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը այս պայմաններուն մէջ պէտք է արտայայտել ամբողջ երկրի տարածքին գործող բժշկական եւ առողջապահական անձնակազմերուն, որոնք մեծագոյն բեռը կը կրեն այս համաճարակին դէմ մեր ընկերութեան մղած պայքարին մէջ:

Անցնող օրերը նաեւ անգամ մը եւս ապացուցեցին մեր զինուորական ու ապահովական հաստատութիւններու նուիրումը: Բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ընդհանուր անվտանգութեան եւ պետական անվտանգութեան սպասարկութիւնները Պուրճ Համուտի մէջ ունին կեդրոններ, ուր ծառայող զինուորականները մեծ ճիգեր ի գործ դրին`  վերահաստատելով, որ իրենց հայրենիքին ու քաղաքացիին վահաններն են ամէն տեսակի վտանգի դէմ: Ողջո՛յն անոնց:

Ո՛չ ոքի ուշադրութենէն պէտք է վրիպի, որ հասարակական կազմակերպութիւնները, Կարմիր Խաչը, բարեսիրական միութիւններն ու դարմանատուները, իրենց առաւելագոյն կարողութեամբ կը գործեն, եւ անոնց պաշտօնեաներն ու կամաւորները ճիգ չեն խնայեր այս պայմաններուն մէջ հասնելու ընկերութեան եւ բնակիչներու կարիքներուն: Անոնք անսակարկ նուիրումի տիպարներ են:

Յարգա՛նք անոնց:

Նաեւ պէտք է գնահատել լրատուական միջոցներու մեծամասնութեան ստանձնած ազգային ու հայրենասէր դերը: Անոնք նպաստեցին ո՛չ միայն տեղեկացնելու, զգաստացնելու եւ զգուշացնելու քաղաքացին, այլ նաեւ` տուին նախազգուշական ցուցմունքներ եւ կազմակերպեցին հանգանակութիւններ` նեցուկ կանգնելու Կարմիր խաչին, միութիւններուն եւ դժուարութիւն դիմագրաւող ընտանիքներուն:

Սիրելի՛ պուրճհամուտցիներ,

«Քորոնա» համաճարակին ներկայացուցած վտանգը մեր դիմագրաւած տագնապին մէկ երեսն է միայն: Շրջագայութեան սահմանափակումի եւ բնակիչներու մեծամասնութեան աշխատանքներու դադրեցումին լոյսին տակ վատթարացաւ ապրուստի հեղձուցիչ տագնապը, մանաւանդ մեր համեստ ժողովրդային շրջանին մէջ:

Չմոռնանք, որ Պուրճ Համուտի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի աշխատաւոր դասակարգին, եւ անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են ապրուստի միջոցները:

Ճիշդ այսպիսի պայմաններու մէջ հաւաքականութիւնը ցոյց կու տայ իր մարդկայնութիւնը եւ բոլոր կրօններուն ուսուցանած արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ գոյատեւելու միակ ձեւը այսպէս ըսած «հացը կիսելն» է:

Կոչ կ’ուղղեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր խիղճերուն, ձեր մարդկայնութեան, միաստուածեան կրօններու ձեր մէջ սերմանած արժէքներուն: Կոչ կ’ուղղեմ ձեզի` ուշադրութիւն դարձնելու ձեր դրացիներուն ու մերձաւորներուն, ձեր սիրելիներուն չափ հոգ տանելու անոնց: Կոչ կ’ուղղեմ իւրաքանչիւրին, որ իր կարողութեան չափով օգնութեան ձեռք մեկնէ իր շրջապատին մէջ գտնուող կարիքաւորին, կամ առնուազն անոր պարագան ներկայացնէ կրօնական ու բարեսիրական մարմիններուն կամ քաղաքապետարանին, որպէսզի անհրաժեշտ միջոցներուն դիմուի:

Սպասելով կառավարութեան պետական միջոցառումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով շրջանիս միութիւններուն ու կուսակցութիւններուն ի գործ դրած ճիգերուն, կը վերահաստատեմ, որ ընկերութեան մէջ փոխադարձ զօրակցութիւնն ու իրերօգնութիւնը կը մնան այն ամուր հիմերը, որոնց վրայ խարսխուած կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել «Քորոնա» համաճարակի պատճառած ապրուստի եւ ընկերային դժուարութիւնները:

Սիրելի՛ պուրճհամուտցիներ,

Եզրափակելու համար կրկին կ’ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք յարգեցին անհատական կամ հաւաքական զգուշական միջոցառումները` կոչ ուղղելով կանոնազանցներուն անսալու իրենց խիղճերուն, գիտակցութեան եւ մարդկայնութեան:

Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցողներուն, զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի աշխատակազմին: Նաեւ կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական ազնուագոյն արտայայտութեամբ նեցուկ կը կանգնին կարիքաւորներուն:

Մեր գործակցութեամբ եւ իրերօգնութեամբ, Աստուծոյ կամքով պիտի յաղթահարենք այս դժուարութիւնները:

Աստուած պահպանէ բոլորդ:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 8

Յաջորդը

Մեթնի Երեսփոխանները Ելեկտրոնային Նիստի Մը Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Նպատակով Տուին Որոշումներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?