Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի Խօսքը` Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման 35-ամեակին Առիթով

Մարտ 31, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընկերուհիներ, ընկերներ եւ փառապանծ ժողովուրդ,

Համաշխարհային այս ճգնաժամին` հակառակ մեր դիմագրաւած բոլոր մտահոգութիւններուն, երբեք պիտի չմոռնանք մեր անցեալի փառքը հիւսող անմոռանալի հերոս նահատակները, որոնք մեզի համար ոչ միայն գաղափարական ճամբու ուղեւորութեան առաջնորդները եղան, այլ, նահատակութեան գիտակցութիւնը եւ նուիրուածութիւնը ունենալով, անձնուէր տիպարի օրինակը դարձան:

28 մարտ 1985-ին առեւանգուեցան Սարգիս Զէյթլեանը եւ անոր ընկերակիցը` Կարօ Գոլանճեանը:

1930-ին Մուսա Լերան Խըտր Պէկ գիւղին մէջ շատ համեստ ընտանիքի մը մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Սարգիս Զէյթլեան: Ան աւարտելէ ետք Այնճարի «Յառաջ» նախակրթարանը, ուսումը շարունակեց Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:

Իր գաղափարական մկրտութիւնը ստացաւ Առաջին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի տիտաններու` Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի հետ ուղղակի կապ ունենալով:

Ապա գործուղուեցաւ Գահիրէ` միանալու ՀՅԴ-ի օրգան «Յուսաբեր»-ի   խմբագրական կազմին` Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Բենիամին Թաշճեանի կողքին:

1962-ին ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան:

Այնուհետեւ իր ճիգերը կը կեդրոնացնէ իր հարազատ գիւղի կրթական եւ ընկերային կեանքը աւելիով աշխուժացնելու եւ վերակենդանացնելու աշխատանքին վրայ:

1965-ին կը նշանակուի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր, մինչեւ 1968: «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի հիմնադրութենէն ետք, 1969-ին,  աշխատակցած է որպէս օգնական խմբագիր, ապա` 1978-էն սկսեալ,  գործած է որպէս խմբագրապետ մինչեւ իր առեւանգումը` 28 մարտ  1985: Այս կարճ ժամանակաշրջանին Մուսա Լեռէն Այնճար, ապա Երուսաղէմ, դարձեալ վերադառնալով Այնճար, ապա Պէյրութ, Գահիրէ ու վերջապէս հաստատուելով Պէյրութ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան արդէն հայկականացած, յեղափոխականացած եւ վերջապէս դաշնակցականացած տիպար հայորդիի պատրաստակամութեամբ նուիրուեցաւ անձնուէր գործին: Իր ինքնավստահութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը զինք վերածեցին պայծառ մտքի շողարձակման անսպառ աղբիւրի: Ան հարուստ էր գաղափարներու ներդաշնակութեամբ, անոր գաղափարները եղան խօսքի վսեմագոյնը:

Ան հաւատաց, թէ առանց գաղափարի որեւէ արարք կը վերածուի սոսկ ամուլ ու անարդիւնաւէտ աշխատանքի: Իր մտածումները վերածեց գործնական իրականութեան: Հոս կը կայանայ Սարգիս Զէյթլեանի բացառիկ եւ խորաթափանց իմաստութիւնը:

Իր գաղափարներու միասնութիւնը չմնացին պարզապէս գրուած գործածական ընթացիկ բառեր կամ գեղեցիկ նախադասութիւններ, այլ վերածուեցան մտքի լուսարձակումներու եւ դարձան գործընթացի ճամբայ, ապագայի հեռանկարներու գործադրութեան հիմնական առաջնորդող քայլեր:

Քաջ գիտէր, թէ այս յեղափոխականացման դժուարին երթը կրնայ զինք առաջնորդել նահատակութեան, այսինքն միանալու յաւիտենականութեան մէջ ապրող իր գաղափարակից ընկերներուն: Չընկրկեցաւ այս գաղափարին դիմաց, այլ աշխատեցաւ այն հաւատքով, թէ շատ մահկանացուներ իրենց ողջութեան մէջ դիակացած են, բայց նահատակները ողջ են յաւիտենականութեան մէջ, որովհետեւ ապրեցան այս հանգրուանային աշխարհի մէջ հերոսութեան փառահեղութեամբ:

Անոնք կը բնակին մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, անոնք մեր յիշողութեան մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն են: Իրենց նահատակութեամբ հիմնեցին հերոսութեան եւ արժանապատուութեան վարդապետութիւն մը` սերունդէ-սերունդ: Անոնք պարզապէս տեղափոխուեցան յաւերժութեան մէջ, օրինակ դառնալով մեզի, իրենց մտքերը տակաւին հոս են եւ կը հսկեն մեզի: Մէկ անգամ, դէմ առ դէմ, նահատակութեան պատրաստակամութեամբ տոգորուած ընկերոջ մը հետ խօսիլը աւելի տպաւորիչ է, քան հարիւր անգամ անոր մասին լսելը: Բոլոր այն սերունդները, որոնք հանդիպեցան ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին, կրնան վկայել, որ բոլոր այն հայորդիները, որոնք իրենց ափերուն մէջ պահեցին դաշնակցութեան կայծը եւ զայն փոխանցելով սերունդէ-սերունդ այդ կայծը վերածեցին լոյսի, ջերմութեան եւ ապա թշնամիին դէմ կրակի:

Այն, ինչ որ զոհած ենք անցեալին ու պատրաստակամ ենք զոհելու ներկայիս ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ փոքր ոստում մը դէպի ապագայի կերտման հաստատուն ու պայծառ ուղղուածութիւն:

Սիրելինե՛ր,

«Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ դաշնակցական համայն ընտանիքը պիտի շարունակեն Դաշնակցութեան լուսապայծառ նուիրական տեսլականը գործնականացնել. այս աննկուն կամքով պիտի շարունակենք մնալ պատնէշի վրայ` ձեզի հետ, ձեզի համար:

*Նշենք, որ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չեղաւ ժողովրդային ձեռնարկ կազմակերպել: Կոմիտէն բաւարարուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին նուիրուած սփռումներով, ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներով:

 

28 մարտ 2020

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Մարտ 2020)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?